ԺԱՄԱՆՈՒՄ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐՈՒՊՈԼՍՈՅ ՕԴԱԿԱՅԱՆ ԵՒ ՄԵԿՆՈՒՄ ԳՈՄՈԹԻՆԻ

Ե­րեք­շաբ­թի 8 ­Մարտ 2022-ի, ե­րե­կո­յեան ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Առաջնորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան Ա­թէն­քէն այ­ցե­լու­թեամբ մը մեկ­նե­ցաւ դէ­պի ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տան եւ Թ­րա­կիա։ Ե­րեք­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։00-ին Սր­բա­զան հայ­րը ­Գո­մո­թի­նի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րեց կա­նո­նա­կան ա­ղօթք։

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

­Չո­րե­շաբ­թի 9 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։00-ին, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րե­ցին հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ներ­կա­յու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն, երգ­չա­խում­բի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ ­Յա­րու­թիւն սրկ. ­Գալ­լո­ղը­լեա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Գ.Խ.-ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի ընկ. ­Հեր­մի­նէ ­Գու­յում­ճեա­նի, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ող­ջու­նեց ներ­կա­նե­րը եւ հուսկ՝ անդ­րա­դար­ձաւ հա­յու­թեան եւ ա­նոր ան­կախ մնա­լու կա­րե­ւո­րու­թեան մա­սին. ի վեր­ջոյ, Սր­բա­զան հայ­րը ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն յայտ­նեց պահ­քի մէջ ե­ղող ան­ձե­րուն։
­Յա­ջոր­դա­բար, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։30-ին, ե­կե­ղեց­ւոյ դի­մա­ցը գտնո­ւող ազ­գա­պատ­կան սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Գ.­Խա­չի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի օրհ­նու­թիւն։ Ան­կէ ետք, Սր­բա­զան հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ու թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն ներ­կա­յու­թեամբ միաս­նա­բար տե­ղի ու­նե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։ Ա­ռի­թը յար­մար տես­նե­լով, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն հետ եւ իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­ներն ու թե­լադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րեց ա­նոնց։
­Հինգ­շաբ­թի, 10 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ «Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն, որ­մէ ետք Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Թա­ղա­յին խոր­հու­դի ան­դամ­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին հետ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ եւ ա­նոր ըն­թաց­քին միաս­նա­բար ար­ծար­ծե­ցին կեն­սա­կան նիւ­թեր, ո­րոնք ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն առն­չու­թիւն ու­նին Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ հա­ւա­տա­ցեալ մեծ ըն­տա­նի­քին հետ։ ­Սոյն ե­րե­կոն ա­ռի­թը հան­դի­սա­ցաւ հօ­տի եւ հո­վի­ւի միա­տեղ­ման, զրու­ցե­լու եւ ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար ի­րենց մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու ա­ռա­ջարկ­նե­րը։
Ուր­բաթ, 11 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, մեկ­նե­ցան Ք­սան­թի՝ տեղ­ւոյն «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րե­լու հա­մար հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ ըլ­լա­լու ժո­ղո­վուր­դին հետ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ող­ջու­նեց ­Թա­ղա­յին խոր­հու­դի ան­դամ­նե­րը եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը, ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն յայտ­նեց պահ­քի մէջ ե­ղող ան­ձե­րուն։ ­Շա­բաթ, 12 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի «Ս. ­Գէորգ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Սր­բա­զան հայ­րը եւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը կա­տա­րե­ցին հսկու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ ­Քա­րո­զի ըն­թաց­քին, ա­ռա­ջին հեր­թին, Սր­բա­զան հայ­րը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէս նաեւ ող­ջու­նեց ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ շրջա­կայ հա­ւա­տե­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը։ Իր խօս­քին մէջ ան շեշ­տը դրաւ հա­ւատ­քի կա­րե­ւո­րու­թեան եւ քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէք­նե­րուն վրայ։ Գ­նա­հա­տե­լով ժո­ղո­վուր­դին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ը­սաւ՝ «երբ մեր հա­ւատ­քը ի գործ դնենք, այն­պէս ինչ­պէս Ս. ­Գէորգ հա­ւատ­քով ճզմեց վի­շա­պին գլու­խը, նոյն­պէս ալ մենք մեր ու­նե­ցած հա­ւատ­քով մեր երկ­նա­ւոր ­Հայ­րը ան­կա­րե­լին կա­րե­լի կը դարձ­նէ եւ մեզ կը զի­նէ այս աշ­խար­հի վի­շապ­նե­րուն դէմ»։

ՊԱՏԱՐԱԳ ԳՈՄՈԹԻՆԻԻ «Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ»
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ, ԵՒ ԱՊԱ ԽԱՉԻ ՕԾՈՒՄ

­Կի­րա­կի, 13 ­Մար­տի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Գո­մո­թի­նիի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պա­տա­րագ նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բաան հօր։ ­Պա­տա­րա­գեց ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ եւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան, իսկ պա­տա­րա­գի բազ­մա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց երկ­սեռ դպրաց դա­սը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ ­Յա­րու­թիւն սրկ. ­Գալ­լո­ղը­լեա­նի։ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը օ­ծեց ե­կե­ղեց­ւոյ նո­րա­կա­ռոյց գմբէ­թի
­Խա­չը, որ­մէ ետք իր խօս­քը ուղ­ղեց ը­սե­լով, թէ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նէն բե­րո­ւած միւ­ռո­նով օրհ­նո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյ գմբէ­թի խա­չը, որ­պէս­զի ան պա­հա­պա­նը ըլ­լայ մեր ժո­ղո­վուր­դին։ ­Խօ­սե­լով միւ­ռօ­նօրհ­նու­թեան խոր­հուր­դին մա­սին ան շեշ­տեց, թէ Ք­րիս­տոս իր կեան­քը տո­ւաւ, որ­պէս­զի մենք կեանք ստա­նանք։
­Խա­չի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ ա­ռիթ մը ե­ղաւ, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը մօ­տէն տես­նէ հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ տո­գո­րո­ւի Ս. ­Խա­չի օրհ­նու­թեամբ։
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Սր­բա­զան հայ­րը, հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներն ու ժո­ղո­վուր­դը միա­նա­բար գտնո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ կող­քի սրա­հը եւ շա­հե­կան զրոյց ու­նե­ցան։ Սր­բա­զան հայ­րը հան­գա­մա­նօ­րէն պա­տաս­խա­նեց բո­լոր հար­ցում­նե­րուն եւ հայ­րա­կան գօ­տեպն­դիչ խօս­քե­րով հա­մա­կեց բո­լո­րին սիր­տե­րը։

ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԳԱՒԱԼԱՅԻ ՄԷՋ

­Կի­րա­կի, 13 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը եւ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը հա­սան ­Գա­ւա­լա, տեղ­ւոյն «Ս. ­Խաչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րե­լու հա­մար Հս­կու­մի ա­րա­րո­ղու­թիւն։ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն ներ­կա­յու­թեան, Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ շեշ­տեց ­Պա­հոց խոր­հուր­դը եւ հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւն­նե­րը փո­խան­ցեց բո­լո­րին։ Ա­ւար­տին, սրա­հին մէջ մտեր­միկ զրոյ­ցի եւ հիւ­րա­սի­րու­թեան ա­ռի­թը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ, Ա­ռաջ­նոր­դի ներ­կա­յու­թիւ­նը ստեղ­ծեց խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ ջերմ մթնո­լորտ։

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՐՋԱՆԻ ՅՈՅՆ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ­ՆեՐՈՒՆ

­Չո­րեք­շաբ­թի, 9 ­Մարտ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նին, այ­ցե­լեց ­Գո­մո­թի­նիի ­Մետ­րո­պո­լի­տը։ ­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին լու­սար­ձա­կի տակ առ­նո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նէն ներս հա­յու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ա­նոնց աշ­խոյժ ներդ­րու­մը։ ­Վեր­ջա­պէս, կեն­սա­կան հար­ցե­րու մա­սին զրոյ­ցի պահ մը ու­նե­նա­լէ ետք, Ք­րիս­տո­նէա­կան սի­րոյ որ­պէս ար­տա­յայ­տու­թիւն, ­Մետ­րո­պո­լի­տը հրա­ւի­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ­Գո­մո­թի­նի, յա­ռա­ջի­կայ ա­միս­նե­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու յու­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նին։
­Հինգ­շաբ­թի, 10 ­Մարտ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ ­Մետ­րո­պո­լի­տը ու­րա­խու­թեամբ ըն­դու­նեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը եւ Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը։ Եղ­բայ­րա­կան մթնո­լոր­տի մէջ կա­յա­ցած հո­գե­ւոր զրոյ­ցի ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ընդգ­ծեց՝ մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րը միայն հա­յե­րուն չեն պատ­կա­նիր, այլ Աս­տու­ծոյ տու­նը ըլ­լա­լով՝ բո­լոր քրիս­տո­նեա­նե­րուն։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր օրհ­նա­բեր այ­ցե­լու­թիւ­նը հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տան եւ Թ­րա­կիա ան­գամ եւս ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ շրջա­նի հա­յու­թեան հա­մար, ստա­նա­լու Սր­բա­զան հօր օրհ­նու­թիւն­ներն ու հայ­րա­կան թե­լադ­րանք­նե­րը, տո­գո­րո­ւե­լու Ս. ­Պա­հոց խոր­հուր­դէն եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու ուխ­տը ու հա­ւատ­քը դէ­պի հայ­կա­կան ար­մատ­ներն ու ե­կե­ղե­ցին։ Իր կար­գին՝ Սր­բա­զան հայ­րը եւս ու­շադ­րու­թեամբ ունկնդ­րեց եւ քննեց շրջա­նի ծու­խե­րու դի­մագ­րա­ւած հար­ցե­րը եւ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րուն՝ թե­լադ­րանք­նե­րով, ա­ռա­ջարկ­նե­րով եւ խրա­խու­սիչ խօս­քե­րով վեր ա­ռաւ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րուն մա­սին ներշն­չեց շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող հա­յու­թիւ­նը ու ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը։
ԹՂԹԱԿԻՑ