Ե­րեք­շաբ­թի, 14 ­Նո­յեմ­բեր 2017ին ժա­մը 11.30ին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր եւ ­բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ՝ ­­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հայոց Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի, եւ ­Գո­քի­նիոյ ­Սուրբ ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեա­նի, իր անդ­րա­նիկ եւ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը տո­ւաւ ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Աեւ­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղե­ցիին։ Ա­ռա­ջին հեր­թին ան ե­կե­ղե­ցիէն ներս մտնե­լով ա­ղօթք եւ շա­րա­կան մա­տուցեց առ Աս­տո­ւած։
Ուղ­ղո­ւե­լով ­Ման­կա­պար­տէզ, ան ող­ջու­նո­ւե­ցաւ մա­նուկ­նե­րուն բա­րի գա­լուս­տով, եր­գե­րով եւ ան մօ­տէն խօ­սե­ցաւ ա­նոնց հետ, ինչ­պէս նաեւ պրն. Ա­տե­նա­պե­տը ա­մէն մէկ մա­նու­կին մօ­տե­նա­լով հար­ցուց ա­նոնց ա­նուն­նե­րը։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց ու­սուց­չա­կան կազ­մին։ ­Խում­բը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի «Ա­րե­ւիկ» գրա­տու­նը որ հիմ­նո­ւած էր 2002ին լու­սա­հո­գի բամ­բիշտ, ­Սալ­բի ­Չո­լա­քեա­նի կող­մէ որ ներ­կա­յիս հոգ կը տա­նի եւ ­Սո­նա ­Գալս­տեա­ն։ Սր­բա­զան Հայ­րը յոյժ գնա­հա­տեց գրա­տա­ն գո­յու­թիւ­նը իր ըն­դար­ձակ գիր­քե­րով եւ տար­բեր հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րով։
­Սր­բա­զան Հայ­րն ու ընկերակիցները հիւ­րա­սի­րո­ւե­ցան Վեր. Վիգէն ­Չոլակեանի կողմէ, Վեր. Գ­րի­գոր ­Տէ­միր­ճեա­նի յի­շա­տա­կին պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րա­սե­նեա­կին մէջ, ուր նաեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ջերմ խօ­սակ­ցու­թիւն, ծա­նօ­թա­նա­լով ­հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան տե­սիլ­քին եւ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն։ ­Խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան ներ­կա­յի հայ գա­ղու­թը յու­զող նիւ­թե­րու եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րով։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր ող­ջոյ­նը եւ մաղ­թան­քը ար­ձա­նագ­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­նե­րու տո­մա­րին մէջ.- «­Մեր ա­ղօթքն է, որ ք­րիս­տո­նէա­կան սի­րոյ մթնո­լոր­տին մէջ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը վա­յե­լե­լով եւ տա­րա­ծե­լով մեր ազ­գը կը հաս­տա­տո­ւի եւ կ­՚ա­ճի ազ­գա­յին ու ք­րիս­տո­նէա­կան գի­տակ­ցու­թեամբ»։