Առաջնորդ սրբազան հայրը կը տեսակցի Գալամարիա շրջանի մետրոպոլիտին հետ
Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան, իր Թեսաղոնիկէ կեցութեան յաջորդ օրը՝ Ուրբաթ, 4 Փետրուար 2022-ի կէսօրուան ժամը 12։30-ին, նախապէս ժամադրուածութեամբ, տեսակցեցաւ Նէա Քրինիի եւ Գալամարիայի մետրոպոլիտ՝ Յուստինոս Պարտաքաս Սրբազանին հետ։ Առաջնորդ սրբազան հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանն ու Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամ՝ պրն. Մարտիկ Մարտիկեանը։
Երկու հոգեւոր հայրերը զիրար ողջունելէ ու շնորհակալական խօսքեր փոխանցելէ ետք, խօսեցան մշտական կերպով շարունակելու ամուր պահել հայ եւ յոյն եկեղեցիներու սերտ, բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեսակցութիւնը առիթ հանդիսացաւ առաւել եւս ճանչնալու երկու շրջաններու գաղութներու կեանքին, առաքելութեան, ծառայութեան ու տարած գործունէութեանց։
Յայտնենք, որ թեմիս առաջնորդ սրբազան հայրը, երբ աւելի քան 30 տարիներ առաջ ծառայած էր Թեսաղոնիկէի մէջ որպէս հոգեւոր հովիւ, նոյն շրջանին մետրոպոլիտ Յուստինոսը եւս կը ծառայէր շրջանէն ներս որպէս հոգեւոր հովիւ։ Այս մէկը եկաւ փաստելու եւ ամբողջացնելու այն սերտ յարաբերութիւնները, որոնք կը շարունակուին մինչեւ օրս երկու եկեղեցիներուն միջեւ։ Տեսակցութեան աւարտին տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակում եւ առնուեցան յիշատակելի պատկերներ։
Թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ կը գտնուի
արուեստի հմայիչ ցուցահանդէսի մը
Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի «Τελλόγλειο» թանգարանին, Ուրբաթ, 4 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, տեղւոյն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստի հմայիչ ցուցահանդէսի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ գերշ. տ. Գեղամ ս. արք. Խաչերեան, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ գերպ. տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, քաղաքական եւ կրօնական անձնաւորութիւններ, հայ եւ յոյն արուեստագէտներ, արուեստասէրներ եւ մշակութասէրներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ թանգարանի տնօրէնուհի տիկ. Ալեքսանտրա Վութիրա, բարի գալուստ մաղթելով եւ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով ներկաներուն, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան արուեստը մեր հասարակութեան առաւել եւս ճանչցնելու։ Տիկ. Վութիրա ներկայացուց երկու հանրածանօթ արուեստագէտները՝ պրն. Եդուարդ Սագայեանն ու անոր կողակից՝ տիկ. Աննա-Մարիա Ցագալին։
Երկու արուեստագէտներն ալ խօսք առնելով ներկայացուցին իրենց գործերը եւ իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին ներկաներու քաջալերանքին եւ ի մասնաւորի առաջնորդ սրբազան հօր եւ անոր պատուիրակութեան, որոնք պատուեցին եւ յարգեցին իրենց արուեստի աշխատանքը։ Պրն. Սագայեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ նաեւ իր հայկական ծագման մասին։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երկու արուեստագէտներուն՝ իրենց կատարած հմայիչ աշխատանքին եւ յաջողութիւն մաղթեց։
Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ 4 Փետրուարէն մինչեւ 17 Ապրիլ 2022։
Յայտնենք նաեւ, որ վերոյիշեալ արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ այլ արուեստագէտներու խումբ մը, տարածիչներն են «Kalfayan Galleries»ին։
Առաջնորդ սրբազան հայրը կը հանդիպի
Նէափոլի եւ Սթավրուփոլի շրջաններու մետրոպոլիտին հետ
Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան, իր Թեսաղոնիկէ կեցութեան ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, 9 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, նախապէս ժամադրուածութեամբ, հանդիպեցաւ Թեսաղոնիկէի Նէափոլի եւ Սթավրուփոլի շրջաններու մետրոպոլիտ՝ գերշ. տ. Վառնավաս Թիրիս սրբազանին հետ։
Առաջնորդ սրբազան հօր կ’ընկերակցէր նաեւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան։
Երկու հոգեւոր հայրերը զիրար ողջունելէ, շնորհակալական խօսքեր ու ծանօթանալէ ետք, խօսեցան հայ եւ յոյն եկեղեցիներու ամուր ու եղբայրական յարաբերութեան, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական նախկին եւ ներկայ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ զիրար փոխանակեցին շրջաններու գաղութներու կեանքին, առաքելութեան, ծառայութեան ու տարած գործունէութեանց։ Տեղի ունեցան յուշանուէրներու փոխանակում եւ առնուեցան յիշատակելի պատկերներ։ Յատկանշական է, որ յոյն մետրոպոլիտը առաջնորդ սրբազան հօր նուիրեց գեղեցիկ եւ շքեղ պանակէ մը՝ որպէս սիրոյ արտայայտութիւն։
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը տեղւոյն առաջնորդարանի ոսկեայ մատեանին մէջ արձանագրեց իր բարեմաղթութիւններն ու սրտի գոհունակութիւնը վերոյիշեալ այցելութենէն մղուած։
Ս. պատարագ Թեսաղոնիկէի մէջ
Նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Կիրակի, 6 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ, ներկայութեամբ շրջանի Ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան։ Ս. պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան եւ ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյս սպասաւորները։
Օրուան հայրական պատգամը փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ան առաջին հերթին, սրտի մեծ գոհունակութեամբ փառք առաքեց առ Աստուած եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի Թեսաղոնիկէի մէջ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ աղօթակից կը դառնայ։ Ապա ան մանրամասն կերպով պատմականը կատարեց առաջաւորաց պահքի հասկացողութեան, իմաստին ու նշանակութեան։ Իր պատգամի աւարտին, ան յայտնեց, որ կը գտնուի Թեսաղոնիկէ ո՛չ միայն մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ աղօթակից ըլլալու, այլ նաեւ այլ առաքելութեամբ եւ ծառայութեամբ՝ Սփիւռքի տարածքին մէջ գտնուող երկու մեծ գաղութներու՝ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն դէմ-յանդիման գտնուելով, որպէս Յունաստանի հայոց թեմ, առ ի գործադրութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թեմակալ առաջնորդներու եւ Ազգային իշխանութեանց ուղղած կոչին¸ մեր նիւթական մասնակցութեամբ զօրավիգ կանգնելու եւ օժանդակելու համահայկական այս մեծ առաքելութեան։ Ան յայտնեց, ըսելով. «Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու մեր սփիւռքեան իրականութեան մէջ սիրտն ու արիւն տուողն են. սակայն, այսօր, դժբախտաբար, կը գտնուին մեծ դժուարութեանց մէջ։ հարկ է որ միասնաբար, թիկունք կանգնինք երկու գաղութներու ժողովուրդի զաւակներուն, Ազգային կառոյցներուն եւ հաստատութեանց¸ որպէսզի շարունակեն առողջ ոգիով, աննկուն կամքով ու հաւատքով, մնան ամուր, հաստատ ու կանգուն»։ Յայտնենք նաեւ, որ առաջնորդ սրբազան հայրը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան կապակցութեամբ այցելեց նաեւ Սելանիկի մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի զաւակներուն տուները եւ իր հայրական բարեմաղթութիւններն ու օրհնութիւնը բաշխելով հանդերձ՝ խօսեցաւ Լիբանանէն եւ Սուրիայէն ներս գտնուող բոլոր դժուարութիւններուն մասին։ Առաջնորդ սրբազան հօր այցելութենէն ներշնչուած, մեծ թիւով ազգայիններ իրենց նուիրատուութեամբ զօրավիգ կանգնեցան սոյն յոյժ առաքելութեան։ Առաջնորդ սրբազան հայրը, Թեսաղոնիկէի շրջանի այցելութեան աւարտին¸ իր գոհունակութիւնը յայտնեց¸ որ Թեսաղոնիկէի հայութիւնը, անկարելին կարելի դարձնելով ձեռք-ձեռքի եւ սիրտ-սիրտի ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերէ նիւթապէս օժանդակելու այս երկու կարեւոր գաղութներուն ի նպաստ համահայկական արշաւին։
ԹՂԹԱԿԻՑ