Չորեքշաբթի` 5 Յունիս 2019ի երեկոյեան ժամը 6։00ին, Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեանի գլխաւորութեամբ, այցելութիւն մը տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ աւագ սերունդի սպասաւորներէն՝ Ռուբէն Գասպարեանի անձնական տունը։
Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան հօր կ’ընկերանային Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Կարապետ Նատեան, Թաղական Խորհուրդի ատենապետ՝ Արթին Աբրահամեան, փոխ-ատենապետ՝ Մարտիկ Մարտիկեան եւ անդամ՝ Կարապետ Տուրղութեան։ Տան մէջ կը գտնուէր նաեւ իր տիկինը՝ Ալիս Գասպարեանն ու դուստրը՝ Մանիշակ Մարտիկեան-Գասպարեանը, որ նաեւ Յունաստանի հայոց թեմի Թեսաղոնիկէի շրջանի ազգ. երեսփոխան է։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը յայտնեց երբ հանդիպեցաւ պրն. Ռուբէն Գասպարեանին եւ ներկաներուն թարգման հանդիսանալով՝ առողջութիւն մաղթեց անոր, նկատի ունենալով յառաջացած տարիքին։ Յայտնենք, որ Ռուբէն մինչեւ վերջերս, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ներկայ կը գտնուէր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ Ս. եւ Անմահ Պատարագներուն եւ իր ծառայական ոգիով կը շարունակէր սպասարկել։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութիւնը պրն. Ռուբէն Գասպարեանին
Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ՝ այցելութիւն Եկեղեցւոյս աւագ սերունդի սպասաւորներէն՝ պրն. Ռուբէն Գասպարեանին