«Քորոնա»ով հանդերձ
կառչած մնանք էականին
Աստուծոյ օրհնութեամբ եւ օգնականութեամբ, դարձեալ վերամուտի սեմին` երբ ամառնային եղանակի թելադրած հանգստեան պայմաններէն կը վերադառնանք անհատական կեանքի ու ասպարէզի բնականոն կռշոյթին, ազգային բոլոր մարմինները եւս կոչուած են համախմբուելու եւ ստանձնելու մեր հաւաքական կեանքի տնօրինման պատասխանատուութիւններն ու յանձնառութիւնները։
Կ՚ապրինք աննախընթաց եւ անսովոր պայմաններու մէջ։ Ամբողջ աշխարհը կլանուած է համատարած տագնապին դիմակալման ահազանգային հեւքոտ վազքով. մահ ու կենաց պայքար մըն է, որ կը մղուի։ Համընդհանուր հոգեվիճակ մը կը տիրէ։ Անհատական բոլոր փափաքներն, ակնկալութիւններն ու ծրագիրները առկախուած են, եւ հասարակաց մաղթանք դարձած է` նախ ամէն բանէ առաջ ողջ առողջ մնալը, եւ ապա մնացեալները։
Տագնապալի եւ ճգնաժամային օրերու պայմաններուն մէջ մարդ արարածը, առողջ տրամաբանութեամբ եւ իրատես հաշուարկով, կը ջանայ պահպանել այն ինչ որ կարեւորագոյնն է եւ՝ առաջնահերթութիւն։ Կարեւորն ու առաջնահերթը յարաբերական են։ Իւրաքանչիւր անհատ, համաձայն իր պատկանելիութեան միջավայրին, իրեն յատուկ առաջնահերթութեան նախընտրութիւններ ունի։ Անհատներու նման ազգեր ու ժողովուրդներ, իրենց պատմութեան ընթացքին կազմաւորած ու ձեւաւորած մշակոյթին համաձայն, ունին նաեւ իրենց առաջնահերթութիւնները։
Հայոց պատմութեան էջերէն քաղուած մեր հաւաքական յիշողութիւնը մեզի համար ձեւաւորած է առաջնահերթութեան շարք մը, որ պարտաւոր ենք զանոնք պահել եւ զանոնք պահելու համար ալ թանկագինը տրամադրել կամ նոյնիսկ զոհել։
Քրիստոնէական հաւատքի էական սկզբունքներէն է, ամէն բանի մէջ ի վերջոյ կարեւորը, էականը եւ մնայունը ձեռք ձգելը։ «Ի՞նչ օգուտ, երբ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ: Որովհետեւ իր կեանքին փոխարէն ի՞նչ փրկագին կրնայ տալ» (Մարկոս 8:36)։ Հայոց պատմութեան փոթորկալի յորձանքներէն եւ անապատային կիզիչ պայմաններէն անցնելով հանդերձ, տակաւին ազգովին գոյատեւելու գաղտնիքներէն մին կը հանդիսանայ գիտնալ ընտրել եւ պահել այն ինչ որ կարեւորագոյնն է։ Նաւաբեկութեան վտանգին մատնուած նաւապետին համար, նաւորդներուն կեանքերը աւելի կարեւոր են քան նաւուն բեռցած թէկուզ անհրաժեշտ եւ թանկագին ապրանքները, որոնք առանց տատամսումի ծովը կը նետուին` ի գին մարդոց կեանքերու փրկութեան։
Ի հեճուկս հնադարեան հայ ժողովուրդին հողմակոծ պատմութեան տագնապալի անցուդարձերուն բերումով կրած բոլոր տեսակի մարդկային եւ նիւթական անչափելի կորուստներուն, տակաւին ազգովին գոյատեւելու հնարքը կը մնայ, բոլոր տեսակի կորուստները վերականգնել իր ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութիւնը ունեցող նոր սերունդներով։
Եւ այս մէկը կոչած ենք ազգային դաստիարակութիւն։
Ազգային դաստիարակութիւնը կը սկսի հայ դպրոցով։ Մեր ազգային գոյութեան հաստատութիւնը կանգուն պահող եւ ողնաշարը հանդիսացող բոլոր կառոյցներն ալ՝ հայկական ընտանիքէն սկսեալ եւ մնացեալ բոլորը անխտիր, պայմանաւորուած են հայ դպրոցով, որուն առաքելութիւնն է ազգային պատկանելիութեան ճանաչում եւ ազգային ժառագութեան տիրութիւն ընելու գիտակցութիւն ջամբել նոր սերունդին։ Ինքագիտակից նոր սերունդն է, որ գիտէ եւ կրնայ պահել ազգային հարստութիւնները։
«Քորոնա»-ի խանգարող պայմաններու հետեւանքներուն բերումով կաշկանդուած են մեր հաւաքական գործունէութեան թափը, աշխուժութիւնը, արդիւնաւէտութիւնը, եւ որուն հետեւեանքով ալ նիւթական կարելիութիւններն ու միջոցները հետզհետէ աւելի կը սղին եւ անձուկ կացութիւնը տակաւ առ տակաւ օղակը կը սեղմէ մեր ազգային կառոյցներուն շուրջ։
«Քորոնա»-ով հանդերձ, ազգային գիտակցութիւնը հրամայականօրէն կը թելադրէ լաւապէս տնտեսել կարողականութիւններն ու կարելիութիւնները՝ կառչած մնալու էականին։
Եւ այդ էականը՝ հայ դպրոցով երաշխաւորուած ազգային դաստիարակութեամբ հասակ առած մեր նոր սերունդն է։
Ամուռ կառչած կը մնանք էականին։
Բարի վերամուտ բոլորի՛ն։
Գեղամ արք. Խաչերեան
Առաջնորդ Յունաստանի
Հայոց Թեմին
14 Սեպտեմբեր 2020