Հինգ­շաբ­թի՝ 17 ­Մա­յիս 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12։30ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Յա­րու­թիւն-Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ գան­ձա­պահ պրն. ­Կա­րօ ­Նա­տեա­նի, ծա­նօ­թաց­ման տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցաւ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ փոխ-նա­խա­րա­րու­հի տիկ. ­Մա­րիա ­Գո­լիա ­Ցա­րու­խա­յի հետ։
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին ներ­կա­յա­ցուց շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վիւն ու ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ա­տե­նա­պե­տը։ ­Թա­ղա­կա­նու­թեան ան­դամ­նե­րը ի­րենց կար­գին ներ­կա­յա­ցու­ցին Սր­բա­զան ­Հօր պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­ման­քը, որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ։ Ա­պա՝ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ներ­կա­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին ­Խալ­քի­տի­քիի հայ­կա­կան ա­մա­րա­նո­ցի վե­րա­բաց­ման դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն մա­սին, ին­չի հի­ման վրայ փոխ-նա­խա­րա­րու­հին վստա­հե­ցուց՝ ո­րե­ւէ կա­րի­քի պա­րա­գա­յին ա­մէն ձե­ւով օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան մա­սին։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յայտ­նեց իր ­Սե­լա­նիկ այ­ցե­լու­թեան նպա­տա­կը՝ ­Սէր­րէ­սի մէջ հա­մայն­քին հետ տօ­նա­կա­տա­րե­լու Ս. ­Սար­գի­սի տօ­նը, ինչ­պէս նաեւ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ­Սե­լա­նի­կի մէջ ներ­կայ գտնո­ւե­լու յայտ­նի հայ դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նի մե­նա­խօ­սու­թիւն-թատ­րեր­գու­թեան։ ­Փոխ-նա­խա­րա­րու­հին իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց լսե­լով ­Սէր­րէ­սի տօ­նախմ­բու­թեան մա­սին՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով իր ­Սէր­րէ­սէն ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը։

Թղ­թա­կից