Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանը կը հաղորդէ, որ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան՝ ընդառաջելով Աթէնքի մարզպետարանի եւ հանրապետութեան նախագահութեան գրասենեակի հրաւէրներուն, Երկուշաբթի՝ 1 Յունուար 2018ի առաւօտեան ժամը 11ին, ներկայ գտնուեցաւ Աթէնքի Յունաց Մայր Տաճարին մէջ Նոր Տարուան առիթով տեղի ունեցած գոհաբանական աղօթքի արարողութեան։
Ապա՝ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ նախագահական պալատ եւ մասնակից դարձաւ հանրապետութան նախագահ պրն. Բրոքոբիս Բավլոբուլոսի կողմէ կազմակերպուած շնորհաւորանքի ընդունելութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն յունահայ գաղութին, շնորհաւորեց պրն. նախագահը, Յունաց Արքեպիսկոպոսն ու վարչապետը, յունական կուսակցութեանց պետերը, նախարարներ, երեսփոխաններ, յոյն եւ օտար եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ՝ առիթը ունեցաւ շնորհաւորելու եւ զրուցելու պետական ու զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Յունաստանի ներկայացուցիչներու Նոր Տարին
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Յունաստանի ներկայացուցիչներու Նոր Տարին
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Յունաստանի պետական եւ եկեղեցական իշխանութեանց ներկայացուցիչներու Նոր Տարին