Ինչպէս հաղորդած էինք մեր նախորդ թիւերով, 1 Յուլիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան մեծաշուք արարողութիւնը, որուն պիտի մասնակցին Թեմերու Առաջնորդներն ու կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը։
Ըստ հայ եկեղեցւոյ կանոններուն, Միւռոնօրհնէքը կը կատարուի 7 տարին անգամ մը Վեհափառ հայրապետին կողմէ՝ իր շուրջ ունենալով 12 եպիսկոպոսներ։
Այս առիթով, Յունահայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան մեկնեցաւ Լիբանան, իր մասնակցութիւնը բերելու համար արարողութիւններուն։ Սրբազանին կ՚ընկերակցին Առաջնորդական փոխանորդ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս ծ.վ. Սաղտըճեան եւ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ.վ. Փաշայեան։
Այսօրուան թիւով կը հրատարակենք յատուկ գրութիւն մը, որ կը ստորագրէ Թեմակալ Առաջնորդը եւ հանգամանօրէն կը բացատրէ Ս. Միւռոնի պատրաստութեան ու օրհնութեան ընթացքն եւ անոր կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ համար։