Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամանեց Թեսաղոնիկէ

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ժամանեց Թեսաղոնիկէ

0
1342

Կ­’ու­զենք մեր ժո­ղո­վուր­դին տե­ղե­կաց­նել, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 9 ­Մա­յիս 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, Ա­թէն­քէն դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէ ու­ղիղ թռիչ­քով, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան ժա­մա­նեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէ։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի օ­դա­կա­յա­նը դի­մա­ւո­րե­լու ե­կած էին գա­ղու­թի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան եւ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան, ո­րոնք բա­րի գա­լուստ եւ բա­րի կե­ցու­թիւն մաղ­թե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Թե­սա­ղո­նի­կէ կը ժա­մա­նէ յատ­կա­պէս ­Կի­րա­կի՝ 13 ­Մա­յի­սին ­Սէր­րէ­սի մէջ Ս. ­Սար­գի­սի տօ­նին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­նա­լիք տօ­նախմ­բու­թեան Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցե­լու, մա­տա­ղօրհ­նէ­քը կա­տա­րե­լու, զա­նա­զան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու հան­դի­սա­պե­տե­լու եւ իր ­Հայ­րա­կան ­Պատ­գա­մը փո­խան­ցե­լու մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ­Սէր­րէ­սի մեր փոքր գա­ղու­թին։
­Թե­սա­ղո­նի­կէ իր կե­ցու­թեան մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նայ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի միու­թիւն­նե­րուն հետ, յատ­կա­պէս գա­ղու­թի ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ մի­ջին սե­րուն­դի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն հետ եւ այլ կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ։
­Յայտ­նենք, որ Եր­կու­շաբ­թի՝ 14 ­Մա­յի­սին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի FM 100.6 հայ­կա­կան «Օ­լիմ­փո­սէն մին­չեւ Ա­րա­րատ» մէկ ժա­մո­ւան ռա­տիօ սփռու­մէն՝ 15։00-16։00 յու­նա­րէն լե­զո­ւով հար­ցազ­րոյց մը պի­տի ու­նե­նայ։
Ն­շենք դար­ձեալ, որ ­Կի­րա­կի՝ 13 ­Մա­յիս 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին, ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ օ­ժան­դա­կու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին, «Ս. ­Սար­գիս»ի տօ­նին առ­թիւ ­Սէր­րէ­սի «Ս. ­Սար­գիս» խո­րա­նին վրայ պի­տի մա­տու­ցո­ւի հան­դի­սա­ւոր Ե­պիս­կո­պո­սա­կան ­Պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նէք։ Ս. ­Պա­տա­րա­գը պի­տի մա­տու­ցէ եւ իր ­Հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րէ ­Գո­մո­թի­նիի երգ­չա­խում­բը, իսկ խո­րա­նին վրայ պի­տի սպա­սար­կեն ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­ներն ու դպիր­նե­րը։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ փոքր ձեռ­նարկ՝ ­Սէր­րէ­սի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կող­մէ, ինչ­պէս նաեւ հան­դէս պի­տի գան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ ­Գո­մո­թի­նիի պա­րա­խումբ­նե­րը։ Ա­պա՝ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ։
Ն­շենք, որ տօ­նախմ­բու­թեան ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պի­տի բե­րեն ­Յու­նաս­տա­նի Ազգ. Իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. Ար­տա­կարգ եւ ­Լիա­զօր դես­պա­նը, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ու Թ­րա­կիա­յէն հան­րա­կառք­նե­րով հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թիւն։
­Կոչ կ’ուղ­ղենք մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն, որ խուռ­նե­րամ մաս­նակ­ցու­թեամբ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նան յատ­կա­պէս ու մաս­նա­ւո­րա­բար ­Սէր­րէ­սի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն տա­րած ան­խոնջ աշ­խա­տան­քին։
­Տե­ղե­կաց­նենք, որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը Ա­թէնք իր նստա­վայ­րը պի­տի վե­րա­դառ­նայ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 16 ­Մա­յիս 2018ի ե­րե­կո­յեան։

Թղ­թա­կից

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածըՄԱՅՐ
Յաջորդ յօդուածը11 Մայիս 1905