29 ­Սեպ­տեմ­բե­րէն 1 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին¸ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան Այ­ցե­լեց Թ­րա­կիոյ ­Գո­մո­թի­նիի¸ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ Օ­րէսթիա­տա­յի հա­մայնք­նե­րը։

Դպ­րո­ցա­կան վե­րա­մուտ

Ուր­բաթ¸ 29 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին¸ ­Գո­մո­թի­նիի հա­մայն­քի սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Գ.­Խա­չի Գո­մո­թի­նիի Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի դա­սա­ւան­դու­թիւն­նե­րու վե­րա­մու­տի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րով¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ հան­դի­սու­թեան։ Ներ­կայ էին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ գերպ. Տ. ­Յով­հան­նէս Ծ. Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան¸ Ա­րեւ. ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Դա­նիէլ Քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան¸ ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեան եւ խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ¸ Հ. Գ. ­Խա­չի ­Գո­մո­թի­նիի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Հեր­մի­նէ ­Գու­յում­ճեան¸ ա­շա­կերտ­ներ եւ ծնող­ներ։
­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ եւ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի դա­սա­ւան­դու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու ­Տիկ. ­Ռու­զա­նա ­Զօհ­րա­պեան¸ բաց­ման խօս­քով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ ներ­կա­նե­րուն¸ հրա­ւի­րե­լով Սր­բա­զան ­Հայ­րը ջրօ­րհնէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու։ Ա­պա¸ ա­շա­կերտ­ներ աս­մուն­քե­ցին։ ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ¸ պրն. Ս­տե­փան ­Մա­թէո­սեան իր խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ ծնո­նե­րուն¸ անդրա­դար­ձաւ միօ­րեայ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թեան¸ հա­մայն­քին կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան եւ հայ­կա­կան մթո­նո­լոր­տի պահ­պան­ման հա­մար¸ ո­րուն պատ­ճա­ռով ալ ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դը իր կա­րե­լին կ’ը­նէ նե­ցուկ կագ­նե­լու վար­ժա­րա­նի կա­րիք­նե­րուն։
Ա­ւար­տին¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը իր խօս­քը ուղ­ղեց ա­շա­կերտ­նե­րուն¸ յայտ­նե­լով իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը¸ կրթա­կան վե­րա­մու­տին նաեւ ­Գո­մո­թի­նի գտնո­ւե­լուն հա­մար¸ եւ բա­րի ու ար­դիւ­նա­ւոր¸ ու­րա­խա­լի դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջան մը մաղ­թեց ի­րենց։ ­Մեկ­նե­լով միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի՝ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի ա­նու­նէն¸ Սր­բա­զան ­Հայ­րը պատ­մա­կան հա­կիրճ ակ­նարկ մը ը­րաւ¸ հա­յե­րէն այ­բու­բէ­նի գիւ­տով ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին սկսած հայ դպրոց­նե­րու հաս­տատ­ման եւ ա­նոնց պատ­մա­կան ազ­գա­յին դե­րա­կա­տա­րու­թեան։ Այդ ա­ռի­թով¸ Սր­բա­զան ­Հայ­րը գնա­հա­տեց ա­շա­կերտ­նե­րուն ծնող­նե­րը¸ որ կը գի­տակ­ցին ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան կա­րե­ւո­րու­թեան։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ եւ քա­ջա­լե­րա­կան խօս­քե­րով գնա­հա­տեց ­Գո­մո­թի­նիի հայ հա­մայն­քին վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ցու­ցա­բե­րած ե­կե­ղե­ցա­կան¸ մշա­կու­թա­յին¸ ե­րաժշտա­կան¸ դպրո­ցա­կան եւ հա­մայն­քա­յին բա­րե­լա­ւո­ւած մա­կար­դա­կի կազ­մա­կեր­պո­ւած աշ­խոյժ կեան­քը¸ թէ հա­մայն­քէն ներս եւ թէ պա­տո­ւա­բեր ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ ­Գո­մո­թի­նի քա­ղա­քի մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս։ Ն­ման ե­րե­ւոյթ պա­տա­հա­կա­նու­թեան ար­դիւնք չէ¸ այլ՝ ար­դիւնք է որ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Հայր ­Յով­հան­նէ­սին¸ շրջա­նի քա­հա­նայ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Տէր ­Դա­նիէ­լին եւ ­Թա­ղա­կան ­խոր­հուր­դի գլխա­ւո­րու­թեամբ¸ իւ­րա­քան­չիւր կո­րիզ¸ իւ­րա­քան­չիւր մար­մին իր պար­տա­կա­նու­թիւ­նը հա­մադրո­ւած եւ գոր­ծակ­ցա­կան ո­գիով կը կա­տա­րէ։ ­Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին¸ բո­լոր ներ­կա­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ ընթ­րի­քի սե­ղան­նե­րու շուրջ շա­րու­նա­կե­ցին ե­րե­կոն։

Այ­ցե­լու­թիւն ­Տի­տի­մօ­թի­քո­յի ­Մետ­րո­պո­լի­տին

­Շա­բաթ¸ 30 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 12.00-ին¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը այ­ցե­լեց ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի ­Մետ­րո­պո­լի­տին՝ Տ. ­Տա­մաս­քի­նո­սին։ Այ­ցե­լու­թեան ներ­կայ ե­ղան Արժ. Տ. ­Դա­նիէլ Քհնյ. ­Գա­լող­լեան եւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ Օ­րէս­թիա­տա­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ՝ պրն. ­Գէորգ ­Թո­րո­սեան։ ­Մետ­րո­պո­լի­տը ող­ջու­նեց Սրբա­զան ­Հօր այ­ցե­լու­թիւ­նը¸ որ ա­մէն ան­գամ ալ փո­խա­դարձ յար­գան­քի եւ սի­րա­լիր մթնո­լոր­տի մէջ տե­ղի կ’ու­նե­նայ։ Ինչ­պէս ա­մէն ան­գամ¸ այ­ցե­լու­թիւ­նը հո­գե­շահ ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նայ կրօ­նա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան հար­ցե­րու մա­սին անդրա­դառ­նա­լու։

Օ­րէս­թիա­տա­յի ազ­գա­պատ­կան սրա­հի «ԱՆԱՅԻՍ ԳԱՍԱՊԵԱՆ» ա­նո­ւա­նում

­Շա­բաթ¸ 30 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին¸ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ Օ­րէս­թիա­տա­յի ­Թա­ղա­կան ­խոր­հուր­դի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան տնօ­րի­նու­մով¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ Օ­րէս­թիա­տա­յի հա­մայն­քի Հ.Գ.­Խա­չի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ազ­գաաատ­կան սրա­հի ա­նո­ւա­նուն­մը ԱՆԱՅԻՍ ԳԱՍԱՊԵԱ­Նի ա­նու­նով։ ­Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին ­Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս պրն. ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան¸ արժ. Տ. ­Դա­նիէլ Քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան¸ ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը ­Գէորգ ­Թո­րո­սեան եւ ան­դամ­ներ¸ Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի դուստ­րը տիկ. ­Սե­սիլ ­Գա­սա­պեան-Մա­րու­քեան¸ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի քա­ղա­քա­պե­տը¸ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի խորհր­դա­տու ան­դամ մը¸ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ¸ Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի յոյն եւ հայ բա­րե­կամ­ներ եւ Օ­րէս­թիա­տաբնակ հա­յոր­դի­ներ։ ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դի ա­նու­նով ­տիկ. ­Զա­պէլ բաց­ման խօս­քով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն։ ­Խօսք ա­ռին¸ պրն. ­Սար­գիս ­Տան­կա­զեան¸ պրն. ­քա­ղա­քա­պե­տը¸ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի խորհր­դա­կան ան­դա­մը¸ ո­րոնք նաեւ անդ­րա­դար­ձան տի­կին Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի վաս­տա­կին¸ որ իբ­րեւ դաշ­նա­կի ու­սուց­չու­հի¸ ան­հա­տա­կան ճի­գե­րով ա­ռա­ջա­տա­րը ե­ղաւ եւ մե­ծա­պէս նպաս­տեց Օ­րէս­թիա­տա­յի մէջ առ հա­սա­րակ ե­րաժշ­տա­կան կրթու­թիւն եւ ճա­շակ ջամ­բել յոյն, թէ հայ ա­շա­կերտ­նե­րու։ Ա­ւար­տին հրա­ւիրուե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ջրօրհնէ­քի ա­րա­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու եւ իր խօս­քը ուղ­ղե­լու։
­Հայ եւ ա­պա յոյն ներ­կա­նե­րուն ուղ­ղե­լով իր խօս­քը¸ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ող­ջու­նե­լով հան­դի­սու­թեան նպա­տակն ու ո­գին¸ ա­ռա­ջին հեր­թին անդ­րա­դար­ձաւ շրջա­նի հայ նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի կրթու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թեան¸ եւ այդ գծով շրջա­նի հո­գե­ւոր թէ ազ­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն տաս­նա­մեակ­նե­րու անձ­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան։ Ա­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի եւ իր նման­նե­րուն ար­ժա­նի­քը կը կա­յա­նայ ա­նոր մէջ¸ որ Օ­րէս­թիա­տա­յի մէջ հա­յե­րե­նի դա­սա­ւանդ­ման հա­մար սե­փա­կան վայր մը ու­նե­նա­լու մնա­յուն կեր­պով հո­գը վեր­ցու­ցին եւ տե­սիլ­քը ու­նե­ցան։ Այ­սօր¸ այս սրա­հըԱ­նա­յիս ­Գա­սա­պեա­նի ա­նու­նով կո­չե­լը գնա­հա­տա­կան անդ­րա­դարձ մըն է գոր­ծած ու ան­ցած բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու¸ իսկ ներ­կա­յի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ալ քա­ջա­լե­րա­կան թե­լադ­րանք՝ հայ­կա­կան նոյն ո­գիով եւ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կե­լու նոր սե­րուն­դի փոքրե­րուն մէջ տպա­ւո­րե­լու հայ­կա­կան նկա­րա­գի­րը եւ պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին¸ ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը¸ Ա­նա­յիս ­Գաս­պեա­նի զա­ւակ­ներ՝ ­Յով­հան­նէս ­Գա­սա­պեա­նի եւ ­Սե­սիլ ­Գա­սա­պեան-­Մա­րու­քեա­նի հետ միա­սին կա­տա­րա­ցին ա­նո­ւա­նու­մի բա­ցու­մը։ ­Հան­դի­սու­թեան յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն։

Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նու­նա­կո­չու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն

­Կի­րա­կի¸ 1 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին ա­ռա­ւօ­տեան¸ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի Ս. ­Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին առ­թիւ¸ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր սուրբ պա­տա­րագ եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւն։ ­Սուրբ պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ­Գո­մո­թի­նիի¸ Ա­լէք­սանտ­րու­պոլ­սոյ եւ Քսան­թիի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու դպրու­հի­ներ¸ ղե­կա­վա­րու­թեամբ արժ. Տ. ­Դա­նիէլ Քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։
­Սուրբ պա­տա­րա­գին ներ­կայ ե­ղան ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ պրն. Հ­մա­յեակ Ան­տո­նեան¸ Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տի­կին ­Զա­պէլ Այ­վա­զեան¸ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի կարգ մը ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Թա­ղա­կան ­խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ­ներ եւ ան­դամ­ներ ¸ ինչ­պէս նաեւ ­Գա­վա­լա­յէն¸ Ք­սան­թիէն¸ ­Գո­մո­թի­նիէն¸ Ա­լէք­սանտ­րու­պոլ­սէն ե­կած ուխ­տա­ւոր­ներ եւ ­Տի­տի­մո­թի­քո­յի եւ Օ­րէս­թիա­տա­յի հա­մայն­քի հա­յոր­դի­ներ։ ­Թա­ղա­կան ­խոր­հուր­դի հրա­ւէով¸ ներ­կայ ե­ղան նաեւ շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տը¸ զի­նո­ւո­րա­կան եւ պե­տա­կան ա­պա­հո­վու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Վա­րա­գայ խա­չի տօ­նին¸ ը­սաւ որ ­Հայ ե­կե­ղե­ցին Ք­րիս­տո­սի ­Խա­չա­փայ­տին առն­չո­ւած հա­մաք­րիս­տո­նէա­կան խա­չի ե­րեք տօ­նե­րէն ան­կախ¸ որ­պէս չոր­րորդ տօն ու­նի ­Վա­րա­գայ խա­չի տօ­նը։ Այս տօ­նը կը վե­րա­բե­րի Ք­րիս­տո­սի ­Խա­չա­փայ­տէն մա­սուն­քի մը¸ որ 4-րդ ­դա­րուն Հ­ռիփ­սի­մէ կոյ­սը իր հետ Հ­ռո­մէն ­Հա­յաս­տան բե­րած էր եւ Հ­ռիփ­սի­մեանց կոյ­սե­րու նա­հա­տա­կու­թե­նէն ետք մնա­ցած էր ­Հա­յաս­տան՝ ­Վա­րա­գայ լե­րան բար­ձուն­քին¸ ուր Հ­ռիփ­սի­մէ կոյ­սը դրած էր ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար։ ­Ժա­մա­նակ մը ան­յայ­տա­ցած էր ա­նոր հետ­քը։ 653 թո­ւա­կա­նին¸ եր­կու հայ ճգնա­ւոր­նե­րու տե­սիլ­քով յայտ­նա­բե­րո­ւած էր ­Վա­րա­գայ վան­քին մէջ։
Անդ­րա­դառ­նա­լով Ս. ­Գէոր­գի եւ ա­նոր վար­քին¸ նշեց որ սուր­բե­րը ա­նոնք են¸ ո­րոնք ի­րենց հա­ւատ­քի ճամ­բով ­Խա­չի բա­րո­յա­կա­նին ընդ­մէ­ջէն ճանչ­ցան յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­ներն ու ար­ժէք­նե­րը։ ­Սուր­բե­րը ի­րենց կեան­քով եւ մար­տի­րո­սու­թեամբ ցոյց տո­ւին երկ­րա­ւոր եւ գնա­յուն ար­ժէք­ներն ու վա­յելք­նե­րը մեր­ժե­լով կառ­չած մնալ յա­ւի­տե­նա­կան ար­ժէք­նե­րուն։ Ա­պա¸ թե­լադ­րեց¸ որ մեր հայ­րե­րէն մե­զի փո­խան­ցուած Ք­րիս­տո­սի հա­ւատ­քը ան­խախտ պահ­պա­նել¸ ո­րով դա­րե­րով հայ ժո­ղո­վուր­դը կա­րո­ղա­ցած է ան­ժա­ման­ցե­լի ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու ժա­ռան­գու­թիւն ու­նե­նալ։
Ար­ցա­խի վեր­ջին ա­ղի­տա­լի դէպ­քե­րուն պատ­ճա­ռով¸ հա­մազ­գա­յին ա­ղօթ­քի օ­րո­ւան առ­թիւ¸ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ցա­ւով անդ­րա­դար­ձաւ պա­տա­հած ա­հա­ւոր դէպ­քե­րուն¸ շեշ­տե­լով¸ որ պատ­մու­թե­նէն պէտք է ու­սա­նիլ¸ թէ հայ­րե­նիք­ներ միայն հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ կը պա­հո­ւին։
­Սուրբ պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն Ար­ցա­խի վեր­ջին պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն զո­հո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար¸ ինչ­պէս նաեւ յա­տուկ ա­ղօթք հի­ւանդ­նե­րու շու­տա­փոյթ ա­պա­քին­ման եւ ընդ­հան­րա­պէս տագ­նա­պի մէջ գտնո­ւող մեր զա­ւակ­նե­րուն բա­րօ­րու­թեան հա­մար: Սրբա­զան ­Հայ­րը նաեւ օրհ­նեց մա­տա­ղը¸ որ տօ­նի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան նա­խօ­րեա­կին¸ ­Շա­բաթ օր շրջա­նի տի­կին­ներ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ պատրաս­տած էին։
­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րով¸ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն¸ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը եւ ուխ­տա­ւոր­ներ ­Փա­րա­տի­սոս ճա­շա­րա­նին մէջ սե­ղա­նա­կից ե­ղան։ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի բա­րի գա­լուս­տի խօս­քէն ետք¸ Սր­բա­զան հայրն իր սրտի խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կայ­նե­րուն¸ շեշ­տեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը այս տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն¸ ո­րոնց շնոր­հիւ Թ­րա­կիոյ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը դա­րե­րով պա­հած էր իր հա­ւատքն ու հայ­կա­կան ինք­նու­թիւ­նը։ Գ­նա­հա­տեց այլ շրջան­նե­րէ ե­կած հա­յոր­դի­նե­րուն յանձ­նա­ռու­թիւ­նը եւ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը¸ թե­լադ­րե­լով որ պէտք է այս հա­ւատքն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը փո­խան­ցել յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ