Հանդիսապետութեամբ եւ նախագահութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Կիրակի՝ 29 Օգոստոս 2021-ի առաւօտեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ, ներկայութեամբ շրջանի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ բազմութեան։ Ս. պատարագը մատուցեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան։
Նախքան Առաջնորդ Սրբազան հօր հայրական պատգամին, հայր սուրբը, Թեսաղոնիկէի մեծ ընտանիքին անունով բարի գալուստ մաղթեց Թեմակալ Առաջնորդ սրբազան հօր, որ հակառակ այս դժուար պայմաններուն, իր Առաջնորդական հովուական այցելութեան ծիրէն ներս կ’այցելէ Սելանիկ՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու, լսելու, խօսելու, քաջալերելու եւ իր հայրական պատգամը փոխանցելու։ Գերպ. հայր սուրբը բարի կեցութիւն մաղթեց Առաջնորդ սրբազան հօր եւ հրաւիրեց որ իր Հայրական պատգամը փոխանցէ մեր ժողովուրդին։ Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրուան Ճաշու աւետարանական հատուածը խորհրդածելով խօսեցաւ հաւատքի արթնութեան մասին, մանաւանդ այս դժուար օրերուն՝ փոթորիկներու ալեկոծումներուն դէմ-յանդիման գտնուելով՝ մեր նաւերը խաղաղ նաւահանգիստ հասցնելով՝ ապաւինինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զօրութեան։ Ան անդրադարձաւ նաեւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերուն եւ սրբուհիներուն մասին, նկատի ունենալով օրուան տօնը՝ Ս. Աստուածածնայ գօտին գտնելու կապակցութեամբ։ Վեր առաւ Ս. Աստուածածնի մայրական դերակատարութեան մասին եւ իր բարեխօսական միջնորդութիւնը առ Միածին Որդի։
Սրբազան հայրը անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցւոյ գոյութեան, նպատակին ու մանաւանդ դերակատարութեան մասին եւ եկեղեցին ներկայացուց որպէս մեր հաւատքի հաւաքական նաւը, մեր Նոյեան Տապանը՝ անոր մէջ սնուելու, անկէ առնելու մեր հոգեւոր դաստիարակութիւնն ու անոր միջոցաւ բաշխելու մեր երիտասարդ սերունդին։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եղաւ հաւատացեալներուն հետ՝ լսելով, խօսելով, զրուցելով եւ իր հայրական օրհնութիւնը բաշխելով անոնց, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւին, Թաղական խորհուրդին հետ տեսնուելով՝ ուզեց գիտնալ գաղութին վիճակը, յատկապէս ու մասնաւորաբար այս դժուար օրերուն եւ իր հայրական թելադրութիւններով քաջալերեց՝ նոյն ոգիով շարունակելու մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր։
Չորեքշաբթի՝ 1 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, իր Առաջնորդական այցելութեան ծիրէն ներս, առաջնորդ Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւին եւ Ազգ. վարչութեան Թեսաղոնիկէի ներկայացուցիչ տիկ. Վերա Պլէճեանի ժամանեց Սերրես քաղաքի հայ կեդրոնը եւ դիմաւորուեցաւ քաղաքի Թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Վազգէն Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ Թաղական խորհուրդի եւ Տիկնանց մարմնի անդամ-անդամուհիներուն կողմէ։ Առաջնորդ սրբազան հայրը հանդիպում մը ունեցաւ համայնքի պատասխանատուներուն հետ, հետաքրքրուելով շրջանի տարած գործունէութիւններուն եւ քաջալեր հանդիսանալով՝ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցեց Սերրէսի հայորդիներուն։ Ան անդրադարձ մը կատարեց «Քորոնա» համաճարակի պատճառած դժուարութիւններուն ու տագնապներուն եւ յորդորեց առաւել զգուշութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շարունակելու՝ հետեւելով պետական որոշումներուն։ Աւարտին, թեմակալ Առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքն ու օրհնութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ յիշատակելի նկարով մը պատուեց անոնց։ Նոյն օրը, այցելուները վերադարձան Թեսաղոնիկէ եւ յաջորդն օրն իսկ, Առաջնորդ սրբազան հայրը մեկնեցաւ Թրակիա։
ԹՂԹԱԿԻՑ