­Կի­րա­կի` 24 ­Մա­յիս 2020ին, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ՝ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ե­կե­ղե­ցի, որ­պէս հո­գե­ւոր ­Հայր նախ մօ­տէն հե­տե­ւե­լու ա­ռող­ջա­պա­հա­կան ծի­րէն ներս ­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կա­տա­րած անհ­րա­ժեշտ դա­սա­ւո­րում­նե­րուն։ Ա­պա տե­ղեակ մնա­լու բո­լո­րի որ­պի­սու­թե­նէն, ինչ­պէս նաեւ քա­ջա­լեր հան­դի­սա­նա­լու ե­կե­ղե­ցիէն ներս հո­գե­ւոր կեան­քի վերսկս­ման աշ­խա­տան­քին։
Ս. պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան խօսք առ­նե­լով հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն փո­խան­ցեց իր ու­րա­խու­թիւ­նը, եր­կար բա­ցա­կա­յու­թե­նէ ետք ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ դար­ձեալ միաս­նա­բար ա­ղօ­թե­լու ա­ռի­թով։ Ան յայտ­նեց, թէ հա­մա­ճա­րա­կի դժո­ւա­րին օ­րե­րուն, բո­լո­րին սի­րե­լի դէմ­քե­րը իր մտքին մէջ կը մնա­յին թարմ ու կա­րօ­տա­լի։ Ուս­տի ան քա­ջա­լե­րեց բո­լո­րը, ֆի­զի­քա­կան ա­ռող­ջու­թեան կող­քին մար­մին­նե­րը վերս­տին զօ­րաց­նել հո­գե­ւոր սնուն­դով։
­Հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­հօր խրա­խու­սիչ պատ­գա­մը եւ օրհ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լէն ետք մեկ­նե­ցաւ ե­կե­ղե­ցիէն։ Ետ­քը հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին խորհր­դոյ ու ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ­նե­րը եւ սար­կա­ւագ­նե­րը, գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թը ու­նե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ փա­կին մէջ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր հետ մտեր­միկ զրոյց մը ու­նե­նա­լու, յար­գե­լով ան­շուշտ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պայ­ման­նե­րու մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը։

ԹՂԹԱԿԻՑ