Ուր­բաթ, 24 ­Փետ­րո­ւար 2023-ին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը՝ ­Գե­րաշ­նորհ Տ. ­Գե­ղամ Ս. արք. ­Խա­չե­րեան այ­ցե­լեց ­Յու­նաս­տա­նի մօտ ­Լի­բա­նա­նի դես­պան պրն. ­Ղա­տի Էլ ­Խու­րիի։ Սր­բա­զան հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին բա­րի գա­լուս­տի եւ յա­ջո­ղու­թեան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յայտ­նեց նո­րան­շա­նակ պրն. դես­պա­նին¸ ա­պա լայն գի­ծե­րու մէջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի մա­սին առ հա­սա­րակ։
Նոյն ա­ռի­թով, Սր­բա­զան հայ­րը նաեւ տե­ղե­կա­ցուց պրն. դես­պա­նին, թէ 11 – 16 ­Մարտ 2023–ին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թեամբ պի­տի գտնո­ւի Ա­թէնք։ Պրն. դես­պա­նը շնոր­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Սր­բա­զան հօր իր այ­ցե­լու­թեան հա­մար¸ ինչ­պէս նաեւ բա­րե­յա­ջող հո­վո­ւա­պե­տա­կան այ­ցե­լու­թիւն մաղ­թեց ­Վե­հա­փառ հօր¸ յայտ­նե­լով որ որ­պէս ­Լի­բա­նա­նի դես­պան պատ­րաստ է ըն­դու­նե­լու­թեան հարկ ե­ղած պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու։