Ուր­բաթ, 23 ­Նո­յեմ­բեր 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։00-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­թե­մի բա­րե­ջան առաջ­նորդ՝ ­­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի ­հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան Ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն մեկ­նե­ցան դէ­պի ­Սէր­րէս եւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00-ին այ­ցե­լե­ցին ­Սէր­րէ­սի փոք­րա­թիւ ­հայ հա­մայն­քին։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ա­ռա­ջին հեր­թին իր գո­հու­նա­կու­թիւնն ու ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց եւ բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց կա­տա­րո­ւած բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը՝ ­Սէր­րէ­սի մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն բա­րօ­րու­թեան ի խնդիր։
Ան յայտ­նեց կարգ մը մտա­ծում­ներ, յա­ռա­ջի­կա­յին տե­ղի ու­նե­նա­լիք ­Սէր­րէ­սէն ներս ա­ւե­լի աշ­խու­ժու­թիւն տա­լու մտադ­րու­թեամբ՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւը հեր­թա­կան դրու­թեամբ այ­ցե­լէ ­Սէր­րէս՝ թէ՛ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ թէ ազ­գա­յին գի­տե­լիք­նե­րով հարս­տաց­նե­լու ­հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն կեանքն ու փոր­ձէ աշ­խա­տանք­նե­րը իր հու­նին մէջ դնե­լու, ինչ­պէս նաեւ այլ տե­սա­կի ա­ռա­ջարկ­նե­րու եւ նիւ­թե­րու շուրջ քննար­կում­ներ տե­ղի ու­նե­ցան։
Իր կար­գին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան պրն. ա­տե­նա­պե­տը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Սէր­րէ­սի հայ հա­մայն­քին եւ Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­նու­նով ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւնն ու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած եւ կա­տա­րո­ւե­լիք բո­լոր տե­սա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ ­Ներ­կա­նե­րուն կող­մէ ե­ղան հար­ցում­ներ եւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու պրն. ա­տե­նա­պե­տը սպա­ռիչ պա­տաս­խան­նե­րով գո­հա­ցու­ցին ներ­կա­նե­րը։
Նոյն օրը ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն մեկ­նե­ցան դէ­պի ­Սէր­րէս՝ ծա­նօ­թաց­ման հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լու ­Սէր­րէ­սի եւ ­Նիկ­րի­թի­սի ա­ռաջ­նորդ ­Թէո­լո­ղոս Սր­բա­զա­նին ­Հետ։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր ­Սէր­րէս հաս­նե­լուն պէս, պա­տուի­րա­կու­թեան միա­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան եւ ­Սէր­րէ­սի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. ­Վազ­գէն ­Յա­րու­թիւ­նեան։
­Նա­խա­պէս կա­տա­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին կա­յա­ցաւ ծա­նօ­թաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պու­մը, ­Սէր­րէ­սի յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ։ Եր­կու Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րե­րուն զի­րար ող­ջու­նե­լէ եւ ծա­նօ­թա­նա­լէ ետք, ­Գե­ղամ Սր­բա­զան ա­ռա­ջին հեր­թին ներ­կա­յա­ցուց պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ, ա­պա, իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց այս հան­դիպ­ման առ­թիւ եւ անդ­րա­դար­ձաւ յոյն եւ հայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու աշ­խոյժ փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շա­րու­նակ­ման ե­րե­ւոյ­թին մա­սին, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ միաս­նա­կան ո­գիով շա­րու­նա­կե­լու մեր ծա­ռա­յու­թիւ­նը ի սպա­սել դնել մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն։
Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­Սէր­րէ­սի մէջ գտնո­ւող փոք­րա­թիւ հայ հա­մայն­քին, ո­րու ան­դամ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նէն ար­տա­գաղ­թե­լով ե­կան ­Սէր­րէս եւ այ­սօր ա­նոնք՝ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան հո­վա­նիին ներ­քոյ եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին՝ ­Սէր­րէ­սի մէջ կը փոր­ձեն միախմ­բո­ւած շա­րու­նա­կել հա­մայն­քէն ներս գոր­ծող ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վա­նու ներ­քոյ մնալ, հայ լե­զուն, հայ դպրոցն ու հայ մշա­կոյ­թը պահ­պա­նե­լու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ։ Իր կար­գին՝ ­Թէո­լո­ղոս Սր­բա­զան իր ու­րա­խու­թիւնն ու խան­դա­ղա­տան­քը յայտ­նեց սոյն հա­ւա­քոյ­թին եւ ի մաս­նա­ւո­րի հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նոր­դի մը հետ ծա­նօ­թա­նա­լու կա­պակ­ցու­թեամբ եւ յայտ­նեց, որ միաս­նա­բար աշ­խա­տե­լով՝ կրնանք բո­լոր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը հար­թել եւ յոյն-հայ փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւել սեր­տաց­նել՝ ի շահ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին եւ ի պայ­ծա­ռու­թիւն քրիս­տո­նեայ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն։
Ի վեր­ջոյ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում։ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազգ. ­Վար­չու­թեան պրն. ա­տե­նա­պե­տը յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­նի ա­ռաջ­նոդ ­Թէո­լո­ղոս Սր­բա­զա­նին յանձ­նե­ցին փայ­տեայ գե­ղե­ցիկ հայ­կա­կան խաչ մը՝ առ ի յի­շա­տակ։ Իր կար­գին, ­Թէո­լո­ղոս Սր­բա­զա­նը յու­նա­հա­յուց ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր յանձ­նեց ­Սէր­րէ­սի յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մա­կան մե­ծա­հա­տոր գիրք մը՝ առ ի յի­շա­տակ։ Եր­կու Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րե­րը խոս­տա­ցան յա­ռա­ջի­կա­յին եւս հան­դի­պիլ՝ մշտա­կան կապ պա­հե­լու տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ։ Ա­ւար­տին, առ­նո­ւե­ցաւ պատ­մա­կան եւ յի­շա­տա­կե­լի խմբան­կար մը։