Չորեքշաբթի, 31 Յունուար 2024-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Յունաստանի թեմի Առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Տ.Տ. Երոնիմոսին, Աթէնքի արքեպիսկոպոսարանի գրասենեակէն ներս։
Առաջնորդ Սրբազան հօր կ’ընկերանար Յունաստանի թեմին առաջնորդական փոխանորդ եւ Գոմոթինիի հոգեւոր հովիւ գերապատիւ Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունելութեան համար շնորհակալութեան խօսքէն ետք, յայտնեց թէ սոյն այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել նորին ամենապատուութեան, Գոմոթինի Հայ համայնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հայկական խաչքարի կանգնեցման հանդիսաւոր առիթին իր օրհնութիւնը տալուն, ինչպէս նաեւ իր ուղղած հայրական եւ բովանդակալից խօսքին համար, որ ինքնին պսակումը եղաւ այդ նշանակալից հանդիսութեան։
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ նշեց, որ Նորին ամենապատուութիւնը միշտ ալ հայրական, սիրալիր եւ յարգալիր մօտեցում կը ցուցաբերէ Յունաստանի հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքին նկատմամբ։ Առաջնորդական փոխանորդ Հայր սուրբին ներկայացնելով, նշեց թէ անոր ներկայութիւնը եւս յատուկ կերպով Գոմոթինիի եւ Թաղական խորհուրդին ու համայնքին անունով խորին շնորհակալութեան համար է, որուն իբրեւ արտայայտութիւն, Առաջնորդ Սրբազան հայրը արքեպիսկոպոսին նուիրեց Հայր Յովհաննէսին բերած հայկական փայտեայ խաչքարի գեղեցիկ օրինակ մը։
Արքեպիսկոպոսը իր կարգին իր շնորհակալութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, հաստատելով որ խաչքարի հանդիսութիւնը իր իւրայատուկ իմաստը ունէր նաեւ իրենց համար։ Հանդիսութեան մանրամասնութիւններէն տեղեակ ըլլալով, գնահատեց Հայր Յովհաննէսի գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը՝ յոյն եւ հայ ժողովուրդներու բազմադարեան պատմութեան նուիրուած խաչքարի կանգնեցումը, որ յատկանշուեցաւ նաեւ հայկականին կողքին յունական մշակոյթի յատուկ զարդանախշով։ Շարունակելով իր հետաքրքրութիւնը Յունաստանի հայութեան պատմութեան մանրամասնութիւններով, յատկապէս Թրակիոյ շրջանի հայութեան մասին, Հայր սուրբը փոխանցեց հարկ եղած տեղեկութիւնները։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը Յունաստանի հայութեան պատմութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւններ տալէն ետք, նկատի ունենալով արքեպիսկոպոսին Յունաստանի արդի պատմութեան վերաբերեալ ներկայ երկասիրութիւնը, պատրաստակամութիւն յայտնեց արքեպիսկոպոսին հայթայթելու Յունաստանի հայութեան հետ առնչուած յունարէն լեզուով հրատարակութիւնները։
Այցելութեան աւարտին, արքեպիսկոպոսը Առաջնորդ Սրբազանին եւ Հայր Յովհաննէսին նուիրեց իր հրատարակած մեծահատոր եւ շքեղ հրատարակութիւններէն։