Երկուշաբթի՝ 3 Դեկտեմբեր 2018ի առաւօտեան ժամը 11։00ին, Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան այցելեց Իլիոն, Ախարնոն եւ Փեթրուբոլիի Աթենաղորաս Մետրոպոլիտին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերանային Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան եւ Նէոս Քոզմոսի (Ֆիքսի) «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։
Աթենաղորաս Մետրոպոլիտի բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, Ազգային Վարչութեան ատենապետը ներկայացուց առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեւորական ծառայութիւնը՝ սկսելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովուութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան տարիներէն ու ներկայիս՝ որպէս Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին իր ընդունելութեան համար՝ անդրադառնալով Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր այն բոլոր պաշտօնական այցելութիւններուն՝ եկեղեցական թէ պետական անձնաւորութեանց, Յունաստանի տարածքին հայկական ծուխեր ունեցող քաղաքներու մետրոպոլիտներուն, ինչպէս նաեւ այն շրջաններուն, ուր յունահայեր կը բնակին։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին՝ շրջանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին եւ գործակցութեան բարի տրամադրութեան համար։ Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը յուզող հարցերու կարգի խօսակցութեան ընթացքին, կարեւոր անդրադարձ եղաւ նոր սերունդի հոգեւոր եւ ազգային կազմաւորման, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Աթենաղորաս Եպիսկոպոսը երիտասարդութեան հետ առնչուած ծրագիրներու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է։ Թեմակալ առաջնորդ Սրբազան Հայրը Մետրոպոլիտին հայկական խաչքարի փոքրիկ նմանակ մը նուիրեց՝ բացատրելով խաչքարի նրբարուեստ ոճին ընդմէջէն հայ ժողովուրդի քրիստոնէական հաւատքին արտացոլացումը։ Աթենակորաս Եպիսկոպոս իր կարգին առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց իր հեղինակած գիրքը եւ շնորհակալ ըլլալով եղած այցելութեան ու տրուած նուէրին համար, անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ առաջնորդական բարի ծառայութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն՝ միշտ եղբայրական մթնոլորտի մէջ գործակցութեան տրամադրութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց «Իլիոն»ի Մետրոպոլիտին
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց «Իլիոն»ի Մետրոպոլիտին