Երեքշաբթի 17 Յուլիս 2018-ի առաւօտեան, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ ՔիՖիսիայի Քիրիլլոս Մետրոպոլիտին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ըկերանար Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեան եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան։
Քիրիլլոս Մետրոպոլիտին բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանի հոգեւորական ծառայութիւնը՝ սկսելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովուութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի Առաջնորդութեան տարիներէն ու ներկայիս որպէս Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդ։
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին ընդունելութեան համար, յայտնելով որ Յունաստանի Առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր ծանօթացման պաշտօնական այցելութիւններ կը կատարէ եկեղեցական թէ պետական անձնաւորութեանց, որոնց առաջինը եղաւ Աթէնքի եւ Համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Իերոնիմոսին որպէս հոգեւոր աւագ եղբայր, ու նաեւ գլխաւորագոյնը՝ հանրապետութեան նախագահին պրն. Փրոքոփիս Բաւլոփուլոսին։ Այդ պաշտօնական այցելութեանց անմիջական շրջագիծը կը հանդիսանան մետրոպոլիտները այն շրջաններուն, ուր յունահայ համայնքի զաւակներ բնակութիւն հաստատած են, ինչպէս օրինակ ՔիՖիսիա շրջանէն ներս։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Քիրիլլոս Մետրոպոլիտին հետ ծանօթանալուն համար զայն նկատելով Յունաստանի Եկեղեցւոյ երիտասարդ խոստմնալի մետրոպոլիտներու շարքին, որոնք եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն ներկայ ժամանակներու պահանջած գործելաոճով։
Խօսելով առահասարակ ներկայ աշխարհին մէջ քրիստոնեաներու դիմագրաւած դժուարութեանց եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ճգնաժամին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը գոհունակութեամբ ողջունեց այն որ Քիրիլլոս Մետրոպոլիտ եւս կը բաժնէ այն համոզումը, թէ աշխարհը այսօր պէտք է որ իրարու հետ եւ միասին տեսնէ քրիստոնեայ տարբեր եկեղեցիներու առաջնորդները։ Հանդիպումի աւարտին Փրոֆիթիս Իլիաս եկեղեցւոյ մէջ կարճ աղօթք մը տեղի ունեցաւ յոյն եւ հայ հոգեւորականներու կողմէ։
Այցելութեան բարեպատեհ առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Քիրիլլոս Մետրոպոլիտին նուիրեց հայկական խաչքարի նմանակ մը, բացատրելով անոր արուեստի եւ մշակոյթի ընդմէջէն քրիստոնէական հաւատքին հայկական ըմբռնումը։ Քիրիլլոս Մետրոպոլիտ իր կարգին Առաջնորդ Սրբազանին նուիրեց Աստուածամօր պատկերով պանակէ մը, իսկ ընկերակցող հոգեւորականներուն Ս. Եփրեմի սրբապատկերը։
Առաջնորդ Սրբազան այցելեց Քիֆիսիայի Քիրիլլոս Մետրոպոլիտին
Առաջնորդ Սրբազան այցելեց Քիֆիսիայի Քիրիլլոս Մետրոպոլիտին