Հինգ­շաբ­թի, 29 Յու­նիս 2023-ին, Յու­նաս­տա­նի թե­մին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը, Գերշ. Տ. Գե­ղամ Ս. Արք. Խա­չե­րեան, Սր­բոց Պօ­ղո­սի եւ Պետ­րո­սի տօ­նին ա­ռի­թով, ըն­դա­ռա­ջե­լով Ա­թէն­քի եւ հա­մայն Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Տ. Ե­րո­նի­մո­սի հրա­ւէ­րին, Ա­րիոս Փա­ղո­սի Ժայ­ռին մօտ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ ե­կե­ղե­ցա­կան հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեան։
Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սին շնոր­հա­ւո­րա­կան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը յայտ­նեց տօ­նին ա­ռի­թով։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նաեւ ա­ռիթ ու­նե­ցաւ հան­դի­պիլ ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ կրթու­թեան եւ կրօ­նից նոր նշա­նա­կո­ւած նա­խա­րար պրն. Քիր. Փիե­րա­քա­քի­սին, շնոր­հա­ւո­րե­լով եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով նա­խա­րա­րա­կան նոր պաշ­տօ­նին առ­թիւ, ինչ­պէս նաեւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ­կա­կան մեր վար­ժա­րան­նե­րուն այ­ցե­լու­թեան եւ ցու­ցա­բե­րած նպաս­տին հա­մար, յայտ­նե­լով նաեւ որ յա­ռա­ջի­կա­յին կը փա­փա­քի հա­մայն­քի պատ­կան մար­մին­նե­րով այ­ցե­լել ի­րեն՝ նա­խա­րա­րու­թեան գրա­սե­նեա­կը։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ