ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՎԱՆՔ
Չորեքշաբթի՝ 26 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, ընդառաջելով Թեսաղոնիկէ «Վլաթատոն» վանքի վանահօր՝ Նիքիֆորոս եպիսկոպոսի հրաւէրին, այցելեց համանուն վանքը։ Մուտքին, Առաջնորդ Սրբազան հօր դիմաւորեցին վանական հայրեր։ Վանքի ընդունարանէն ներս վանահօր հետ միասին եղբայրական մթնոլորտի մտերմիկ զրոյցի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հրաւէրին եւ ընդունելութեան համար, վերյիշելով, թէ աւելի քան երեսուն տարիներ առաջ իբրեւ Թեսաղոնիէի հայոց հոգեւոր հովիւ կ՚այցելէր «Վլաթատոն» վանքը, նախկին վանահայր եւ Թեսաղոնիկէի «Արիստոտելեան» համալսարանի Աստուածաբանական ճիւղի վաստակաւոր դասախօս, նորոգ հանգուցեալ Ռոտոփուլոսի օրերուն, որմէ նաեւ տպաւորուած յիշատակներ ունի հոգեւոր հովուութեան տարիներուն եւ Թեսաղոնիկէի համալսարանի ուսանողութեան ժամանակ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ խօսելու ներկայ ժամանակի համաշխարհային նոր տագնապին ստեղծած աննախընթաց պայմաններուն մէջ եկեղեցւոյ առջեւ ցցուած մարտահրաւէրներուն եւ հոգեւորականներուն ու մանաւանդ վանականներու բերելիք նպաստին` հաւատացեալներու կեանքին մէջ հոգեւոր արթնութեան եւ արժէքներուն պահպանման առնչութեամբ։ Այցելութեան առթիւ Առաջնորդ Սրբազան հայրը վանահօր հայկական խաչքարի փոքր նմոյշ մը նուիրեց, բացատրելով հայ եկեղեւոյ մշակոյթին մէջ դարերու նրբահիւս մշակում եւ զարգացում ունեցած եւ Հայ եկեղեցւոյ իւրայատուկ դարձած խաչքարի սկզբունքները եւ հոգեւոր իմաստը։ Վանահայրը ուրախութիւն յայտնելով Առաջնորդ Սրբազան հօր այս բարեպատեհ այցելութեան համար, իր կարգին նուիրեց «Վլաթատո»ն վանքի եւ Թեսաղոնիկէի եկեղեցիներուն նշանաւոր սրբանկարներու մասին գեղատիպ հատորը։
Վանականներու թափօրով, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, վանահօր հետ միասին, ներկայ եղաւ վանքի եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութեան եւ «Այիոս Ֆանուրիոս»-ի տօնախմբութեան նախատօնակի արարողութեան։ Ժամերգութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան հայրն, վանահօր եւ վանականներու հետ միասին, վանքի շրջափակին մէջ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին հետ ճաշակեցին ժամերգութեան ընթացքին օրհնուած սուրբին տօնի յատուկ հացը։ Երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան հայրը վանահօր ընթրիքի հիւրը եղաւ։
ՍԵՐԵՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ
Չորեքշաբթի՝ 1 Սեպտեմբեր 2020-ին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը հովուական այցելութիւն տուաւ Սերեսի հայ համայնքի անդամներուն` տեղւոյն «Ս. Սարգիս» մատրան սրահէն ներս։ Առաջնորդ Սրբազան հօր կ՚ըկերանար Ազգային վարչութեան Թեսաղոնիկէի հեռանիստ անդամ տիկին Վերա Պլէճեան։ Սերեսի Թաղական խորհուրդի ատենապետ պրն. Վազգէն Յարութիւնեան բոլոր ներկաներուն անունով ուրախութեամբ ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան հօր յատուկ այցելութիւնը, մանաւանդ թագավարակի ստեղծած պայմաններու պարագաներուն մէջ եւ մեծապէս գոհունակ եւ արժեւորուած ըլլալու զգացումները փոխանցեց, նկատի ունենալով, որ Սրբազան հայրը տօնական ընթացիկ առիթներէ անկախ, Սերեսի համայնքով հետաքրքրուելու եւ հանդիպելու նպատակով է որ կ՚այցելէ։ Պրն. Յարութիւնեան անդրադարձաւ այս ժամանակամիջոցին, ինչպէս բոլոր շրջանները, նաեւ Սերեսի հայութեան համայնքային կեանքին կաշկանդուած ըլլալուն մասին, այդուհանդերձ, թէեւ ոչ յաճախ, բայց յարմար առիթներով դարձեալ սրահէն ներս կը հաւաքուին եւ կը ջանան իրարու հետ ըլլալ եւ հանդիպիլ։ Նկատի ունենալով, որ այս տարի կը լրանայ Սերեսի հայ համայնքի կազմութեան քսանամեակը, մաղթեց որ յառաջիկայ յարմար առիթին կարելի պիտի ըլլայ քսանամեակին առիթով պատրաստուած նախաձեռնութիւննեը եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ կատարել։
Առաջնորդ Սրբրազանը հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց այդ հանդիպումին համար, նկատի ունենալով, որ այս տարի պայմաններու բերումով կարելի չեղաւ Սերեսի «Ս. Սարգիս» մատրան տօնակատարութիւնը կատարել ու ամէն տարուան պէս հանդիսաւորոապէս տօնել Սերեսի հայութեան հետ։ Սակայն, ամառնային ազատ ժամանակացոյցէն օգտուելով, Թեսաղոնիկէի հայութեան հետ Առաջնորդի հովուական այցելութեան շրջագիծէն ներս անպայման նաեւ անհրաժեշտ համարեց հանդիպիլ Սերեսի հայութեան հետ։ Գնահատանքով անդրադարձաւ որ Սերեսի Թաղական խորհուրդի ատենապետին՝ պրն. Վազգէն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ՝ խորհուրդի անդամներուն եւ Տիկնանց մարմնոյ տիկիններուն հետ, ինչպէս նաեւ շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչուհիին հետ, հաւաքական աշխատանքի սկզբունքով կարելիութեանց ընձեռած չափով կը կազմակերպեն Սերեսի համայնքի կեանքը։ Անդրադառնալով Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած ծանր պայմաններու յաղթահարման համահայկական աջակցութեան ջանքերուն, գնահատանքով անդրադարձաւ Յունաստանի Հայոց թեմի բերելիք նիւթական նպաստին Սերես համայնքի մասնակցութեան` հակառակ իր համեստ պայմաններուն։
Նաեւ, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ազգային վարչութեան Թեսաղոնիկէի հեռանիստ անդամ՝ տիկին Վերա Պլէճեան, որ Թեսաղոնիկէի ազգային մարմիններուն մէջ տարիներու իր վաստակաշատ գործունէութեան բերումով, վերջին քսան տարիներուն շարունակ մօտէն հետաքրքրուած ու զբաղած է Սերեսի համայնքի աշխատանքներով։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերոյիշեալ այցելութիւնները համընկնեցան Օգոստոս ամսուն ընձեռած կարելիութիւններուն՝ հովուական այցելելութեամբ հանդիպելու եւ այցելելու Թեսաղոնիկէի համայնքի ծխականներուն։
ԹՂԹԱԿԻՑ