Երեքշաբթի՝ 10 Յուլիս 2018ի կէսօրին, Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Նէա Իոնիա-Ֆիլատելֆիայի Մետրոպոլիտ՝ Ղավրիիլ Մետրոպոլիտին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ըկերանար Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, եւ Նէոս Գոզմոսի (Ֆիքս)ի հոգեւոր հովիւ՝ Նարեկ քհնյ. Շահինեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ ուղղուեցաւ տեղւոյն մատուրը, ուր կարճ աղօթքէ ետք դիմաւորուեցաւ Ղավրիիլ Մետրոպոլիտին եւ գործակից բազմանդամ կրօնական դասին կողմէ, որուն բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանին հոգեւորական ծառայութիւնը՝ սկսելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովուութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան տարիներէն ու ներկայիս, որպէս Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդ։
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին ընդունելութեան համար՝ անդրադառնալով Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր այն բոլոր պաշտօնական այցելութիւններուն՝ եկեղեցական թէ պետական անձնաւորութեանց, որոնց առաջինը եղաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոսին որպէս հոգեւոր աւագ եղբայր, ու նաեւ գլխաւորագոյնը՝ հանրապետութեան նախագահ պրն. Փրոքոփիս Բաւլոփուլոսին:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին հայութեան եւ հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին եւ համագործակցութեան բարի տրամադրութեան համար։ Եւ այս բարեպատեհ առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Մետրոպոլիտին նուիրեց տախտակէ գործուած պատուանդանով հայկական խաչքարի օրինակ մը, իսկ Մետրոպոլիտ Ղավրիիլ իր կարգին Առաջնորդ Սրբազան Հօր նուիրեց Քրիստոսի Յարութեան պատկերով պանակէ մը, ապա համակրական ու դրական խօսքերով անդրադարձաւ եւ վկայեց յունահայութեան եւ հայ եկեղեցւոյ բազմամեայ բարեկամութեան մասին եւ շնորհակալ ըլլալով եղած այցելութեան ու տրուած նուէրներուն համար, անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ առաջնորդական բարի ծառայութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն՝ միշտ եղբայրական մթնոլորտի մէջ գործակցութեան տրամադրութեամբ։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրն ու իր ընկերակիցները ճաշի հիւրը եղան Ղավրիիլ Սրբազան Հօր։ Տեղի ունեցաւ շատ շահեկան խօսակցութիւն՝ հայ եկեղեցւոյ աւանդապահութեան մասին, ինչպէս Սուրբ Ծնունդը 6 Յունուարին տօնակատարելու եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական եկեղեցւոյ հնագոյն աւանդութիւնները պահելու առումով։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի