Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի՝ 13 Յունիս 2018ի կէսօրին, Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Նէա Զմիռնիի Տ. Սիմէոն Մետրոպոլիտին։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ըկերանար Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ինչպէս նաեւ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Մարմնոյ կողմէ ատենապետուհի տիկ. Արշալոյս Տրդատեան-Նաքու։
Տ. Սիմէոն Մետրոպոլիտի բարի գալուստի ջերմ խօսքերէն ետք, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան ներկայացուց Առաջնորդ Սրբազանին հոգեւորական ծառայութիւնը՝ սկսելով Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովուութեան եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդութեան տարիներէն ու, ներկայիս, որպէս Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր Առաջնորդի։
Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին ընդունելութեան համար՝ անդրադառնալով Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ ընտրուելէն ի վեր եկեղեցական թէ պետական անձնաւորութեանց տրուած այն բոլոր պաշտօնական այցելութիւններուն, որոնց առաջինը եղաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Իէրոնիմոսին որպէս հոգեւոր աւագ եղբայրի, ու նաեւ գլխաւորագոյնը՝ հանրապետութեան նախագահին պրն. Փրոքոփիս Բաւլոփուլոսին, կարեւորութեամբ շեշտեց Նէա Զմիռնիի Մետրոպոլիտին այցելութիւնը, որուն շրջանին մէջ կը գտնուին բաւական կարեւոր թիւով հայեր, որոնք զաւակներն ու թոռներն են հայ ժողովուրդին, որ պատմական Իզմիրի մէջ յոյն ժողովուրդին հետ, կողք-կողքի, ապրած ու բարգաւաճած են սիրով եւ համերաշխութեամբ:
Նոյն ոգիէն մէկնած պատահական չէ, որ տասնամեակներ առաջ քաղաքիս «կորսուած հայրենիքներ»ու պուրակին մէջ զետեղուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Յունաստանի առաջին յուշակոթող «Զանգակ»ը:
Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալութիւն յայտնեց Մետրոպոլիտին շրջանի հայութեան նկատմամբ ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին եւ գործակցութեան բարի տրամադրութեան համար։ Եւ այս բարեպատեհ առիթով՝ Առաջնորդ Սրբազանը Մետրոպոլիտին նուիրեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի արծաթապատ սրբապատկեր մը, իսկ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնանց Մարմնոյ կողմէ Նարեկ Քահանայ Հայրը Մետրոպոլիտին նուիրեց Աստուածամօր արծաթապատ սրբապատկեր մը։
Մետրոպոլիտ Սիմէոն իր կարգին Գեղամ Սրբազան Հօր նուիրեց իր գրչին պատկանող հոգեւոր գիրքերու շարք մը, ապա համակրական ու դրական խօսքերով անդրադարձաւ եւ վկայեց շրջանին մէջ ապրող ու գործող հայութեան մասին, եւ շնորհակալ ըլլալով եղած այցելութեան ու տրուած նուէրներուն համար՝ անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ առաջնորդական բարի ծառայութիւն եւ արգասաբեր գործունէութիւն՝ միշտ եղբայրական մթնոլորտի մէջ գործակցութեան տրամադրութեամբ։
Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Նէա Զմիռնիի Մետրոպոլիտին
Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Նէա Զմիռնիի Մետրոպոլիտին