Եր­կու­շաբ­թի¸ 26 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022–ին¸ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան¸ տօ­նա­կան օ­րե­րուն ա­ռի­թով¸ շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ ­Յով­սէփ Ծ.Թ.Վ ­Պէ­զա­զեա­նի¸ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին կ’ըն­կե­րա­նա­յին թե­միս Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­ներ քա­հա­նայ հայ­րեր ­Պա­րետ քհնյ. ­Խա­չե­րեան եւ ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը շնոր­հա­ւո­րա­կան բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ­Գե­րա­պայ­ծա­ռին Ս. Ծնն­դեան կա­թո­ղի­կէ տօ­նին առ­թիւ¸ ինչ­պէս նաեւ¸ ան­կախ այ­ցե­լու­թեան պաշ­տօ­նա­կան հան­գա­ման­քէն¸ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց եղ­բայ­րա­կան մտեր­միկ մթնո­լոր­տի հան­դի­պու­մին հա­մար։
­Գե­րա­պայ­ծա­ռը ող­ջու­նե­լով Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ իր պա­տո­ւի­րա­կու­թեան շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը եւ տօ­նա­կան օ­րե­րու առ­թիւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րը¸ ինք եւս հաս­տա­տեց նման հան­դի­պում­նե­րուն ա­ւե­լի քան ձե­ւա­կան բնոյթ ու­նե­նա­լը¸ միասբ­նա­բար ըլ­լա­լու եւ գոր­ծակ­ցե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը։
­Սոյն այ­ցե­լու­թիւ­նը նաեւ ա­ռիթ ե­ղաւ խորհր­դակ­ցե­լու յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան ըն­թաց­քին տե­ղի ո­ւե­նա­նա­լիք հա­մա­տեղ ձեռ­նարկ­նե­րուն կամ ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ։