Շաբաթ՝ 20 Յունուար 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Յունաստանի հայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ալեքսանտրուպոլսոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեանի, Թաղային Խորհուրդի ատենապետ պրն. Գրիգոր Գուրպանեանի եւ անդամ պրն. Արթիոմ Մանուկեանի, այցելեց տեղւոյն Անթիմոս Մետրապոլիտին, եպիսկոպոսարանի գրասենեակին մէջ։
Մետրապոլիտը, ինչպէս մօտիկ անցեալին, ջերմօրէն ընդունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։
Գեղամ Արք. Խաչերեան յայտնեց, թէ քաղաք ժամանած է նախագահելու համար Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան։ Ուստի՝ յարգելով եկեղեցական կարգն ու կանոնը, ան յարմար նկատած էր այցելել Մետրապոլիտին եւ անձամբ հրաւիրել Կիրակի օրուան Պատարագին։
Անթիմոս Մետրապոլիտ գնահատեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախաձեռնութիւնը եւ կրօնական նիւթերու շուրջ զրոյցի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Սրբազան Հօր ու Թաղային Խորհուրդի հրաւէրներուն համար։ Ան փոխանցեց, թէ մեծ ուրախութեամբ ներկայ պիտի գտնուի Պատարագին։
Աւարտին, Մետրապոլիտը յուշանուէր մը յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, իսկ Սրբազան Հայրը անոր յանձնեց յունարէնի թարգմանուած հայկական Պատարագի գրքոյկը։
ԹՂԹԱԿԻՑ