Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ­Դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 6 ­Սեպ­տեմ­բեր 2017ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։30ին, պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։
Ե­կե­ղեց­ւոյ մուտ­քին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու յա­տուկ պա­տո­ւոյ ա­րա­րո­ղա­կար­գով՝ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան եւ թե­մի կրօ­նա­կան դա­սը ըն­դու­նե­ցին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, ո­րուն կ’ըն­կե­րակ­ցէր Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։
Աղ ու հա­ցի օրհ­նու­թե­նէն ետք, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը թա­փօ­րով մուտք գոր­ծեց Ա­թէն­քի Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ մայր ե­կե­ղե­ցի, ուր կա­տա­րեց կա­նո­նա­կան ա­ղօթք։ Ա­րա­րո­ղու­թեան եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սը՝ խմբա­վա­րու­թեամբ պրն. Մկրտիչ Գ­րի­գո­րեա­նի։
Ըն­դա­ռաջ­նե­լով Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան հրա­ւէր­նե­րուն, ներ­կայ էին յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, Հ. Կ. ­Խա­չի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­ներ, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու կազմերը, վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներ եւ յա­տուկ հրա­ւի­րեալ­ներ։ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան խօսք առ­նե­լով բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դին։ Ան բարձր գնա­հա­տեց յու­նա­հայ գա­ղու­թը իր հա­րուստ պատ­մու­թեամբ եւ ներդ­րու­մով։
Իր խօս­քի ա­ւար­տին, ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան ա­ռաջ­նոր­դա­կան գա­ւա­զա­նը յանձ­նեց ­Գե­ղամ Սր­բա­զան հօր եւ ի սրտէ մաղ­թեց քա­ջա­ռող­ջու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն։ Ա­պա՝ խօսք ա­ռաւ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ Ան նախ գնա­հա­տեց ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նը՝ գա­ղու­թի շատ կա­րե­ւոր ժա­մա­նա­կաշրջա­նի մը ըն­թաց­քին իր կա­տա­րած ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը շեշ­տեց, թէ ե­կե­ղե­ցին մէկ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն է՝ քրիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ։ ­Գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րը ա­մէն մէ­կը իր հան­գա­ման­քով եւ կամ պաշ­տօ­նով երբ ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խէ, մէ՛կ ամ­բող­ջու­թիւն կը կազ­մէ ի սպաս գա­ղու­թին եւ ա­նոր ծաղ­կուն ա­պա­գա­յին։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը Ա­ւե­տա­րա­նի բա­ցատ­րու­թեամբ քա­ջա­լե­րեց ու ներշն­չեց բո­լոր պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ ամ­րապն­դեն ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ, միաս­նա­բար, որ­պէս մէկ ամ­բող­ջու­թիւն, ապ­րին ու գոր­ծեն շա­րու­նա­կե­լու հա­մար գա­ղու­թի եր­կա­րա­մեայ պատ­մու­թիւ­նը։ Ան հաս­տա­տեց, թէ ինք ե­կած է շա­րու­նա­կե­լու ան­ցեա­լի աշ­խա­տան­քը, սա­կայն նոր հանգ­րո­ւա­նի մը անց­նե­լով։ ­Խօս­քի ա­ւար­տին՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յու­նա­հայ թե­մի պա­տո­ւա­կան ժո­ղո­վուր­դին փո­խան­ցեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի ող­ջոյն­ներն ու օրհ­նու­թիւ­նը ու շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ջերմ ու կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։ Ա­պա՝ ներ­կա­նե­րը ուղ­ղո­ւե­ցան Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի սրա­հը, ուր ստա­ցան նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր օրհ­նու­թիւ­նը եւ ա­ռի­թը ու­նե­ցան մտեր­միկ զրոյց մը ու­նե­նա­լու ա­նոր հետ։ ­Միւս կող­մէ՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց նաեւ կո­կիկ հիւ­րա­սի­րու­թիւն մը։