Կիրակի՝ 10 Սեպտեմբեր 2017ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ առաջնորդական իր անդրանիկ Պատարագը մատուցեց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։
Պատարագը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10ին։ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան եւ Նէոս Գոզմոսի հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։ Երգեցողութիւնը կատարեցին Աթէնքի, Նէոս Գոզմոսի ու Գոքինիոյ եկեղեցիներու դպրաց դասերը, խմբավարութեամբ՝ դպրապետ Պրն. Մկրտիչ Գրիգորեանի։ Իսկ օրկանի վրայ ընկերակցեցաւ տիկ. Տիրուհի Աշրեան։
Եկեղեցւոյ դասին մէջ պաշտօնական հիւրերու կարգին ներկայ էին Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Յովսէփ Եպս. Պազուզեան, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսի ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ Ս. Սինոտի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Իղնաթիոս Ծ. Վարդապետ, Ս. Սինոտի ներկայացուցիչ Անարղիրոս Վարդապետ, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամներ, Հ.Հ. փոխ-դեսպան պրն. Ալեքսանտր Սարգսեան, Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչ պրն. Քերոբ Էքիզեան, Թեմական Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ պրն. Ստեփան Շէմմաս, Ազգային Վարչութեան նախկին ատենապետ պրն. Արա Մանկոյեան եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ատենապետ տոքթ. Վաչէ Տէր-Կարապետեան։ Նշենք, որ Վերապատուելին, տոքթ. Տէր-Կարապետեանն ու կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ պրն. Տիգրան Սէլիմեան, ի պաշտօնէ ներկայ էին նաեւ Չորեքշաբթի օր Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս պաշտօնական ընդունելութեան։
Պատարագին ներկայ էին նաեւ Հայ Կապոյտ Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Համազգայինի Շրջ. Վարչութեանց ներկայացուցիչները, Թաղային Խոր-հուրդներու ու Տիկնանց Մարմիններու անդամներ, ազգ. վարժարաններու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ ու հաւատացեալ ժողովուրդը։
Պատարագիչ Սրբազան Հայրը իր անդրանիկ քարոզը սկսաւ «Փառք քեզ Աստուած, փառք քեզ» աղօթքով։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այսօր կը գտնուի պատասխանատու նոր առաքելութեան մը սեմին։ Ան ըսաւ, թէ որեւէ մէկը ճամբորդութենէ մը առաջ նախ կը պատրաստէ իր կարիքները եւ այդպէս ճամբայ կ’ելլէ։
Հոգեւոր ու ազգային Ճանապարհորդութիւնը եւս ունի իր յատուկ պատրաստութիւնը, առանց որուն կարելի չէ քայլ մը առնել ու յառաջանալ։ Ան ունի երեք մասեր. հաւատք, ժառանգութիւն եւ պարտականութիւն։ Մարդը առանց հաւատքի ոչ մէկ բան ի վիճակի է կազմակերպելու եւ յաջողցնելու։ Հաւատքը մուտքն է ճանապարհին։ Ամէն մէկ մարդ կամ հայ, ազգային ժառանգութեան մը շարունակութիւնը ունի իր ուսերուն վրայ բեռցուած։ Մենք առանձին կամ անջատուած մարդիկ չենք, այլ անցեալի շարունակութիւնն ենք։ Ուստի՝ մեր ազգային ու հոգեւոր պարտականութիւնը պէտք է կատարենք պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, որպէսզի ազգին դարաւոր ջահը փոխանցենք յաջորդող սերունդներուն։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը յունահայ գաղութի պատուական ժողովուրդին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։
Քարոզի երկրորդ բաժնին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յունարէն լեզուով շնորհակալութիւն յայտնեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսին, որ իր ներկայացուցիչը ղրկեց պաշտօնական ընդունելութեան ու Պատարագին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ս. Սինոտին, որմէ ետք անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու եւ եկեղեցիներու պատմութեան ու կապակցութեան։
Ետքը խօսք առաւ Իղնաթիոս Ծ. Վարդապետ։
Ան յանուն Երոնիմոս Արքեպիսկոպոսին անգամ մը եւս բարի գալուստ մաղթեց Գեղամ Արք. Խաչերեանին։ Ան գնահատեց Յունաստանի մէջ ապրող ու գործող հայկական գաղութը, որ մէկ կարեւոր մասնիկն է յունական իրականութեան։ Յոյներ ու հայեր միեւնոյն ճակատագիրի ժողովուրդներ են ըսաւ ան, որոնք իրենց հաւատքով ու հայրենասիրութեամբ գոյատեւեցին։
Գալով եկեղեցւոյ, ան շատ կարեւոր յայտարարութիւն մը ըրաւ՝ ըսելով, թէ յոյն ու հայ եկեղեցիները այլեւս մէկ եկեղեցի պէտք է կոչել, իրար միացած քրիստոնէական սիրով ու սերտ գործակցութեամբ։ Աւարտին Իղնաթիոս Ծ. Վարդապետ քաջառողջութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Պատարագի աւարտին դպրաց դասը երգեց «Կիլիկիա»ն, ինչպէս նաեւ՝ Յունաստանի ու Հայաստանի ոգերգները։ Ապա եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ ներկաները ստացան Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ, եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդն ու Տիկնանց Մարմինը կազմակերպած էին հիւրասիրութիւն մը։
Կէսօրին «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, Ազգային Վարչութիւնը կազմակերպեց պաշտօնական ճաշկերոյթ։ Ներկայ էին յոյն եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, Գերապայծառը, Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Կրօնական Դասը, Ազգային Վարչութեան անդամները։
ԹՂԹԱԿԻՑ