Այսօր, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 11 ­­Սեպ­տեմ­բեր 2018ին, Ա­ռա­ջին զան­գը հնչեց ­­Ֆիք­սի «Ազ­նիւ եւ ­Ժի­րայր ­­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի, «­­Լե­ւոն եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան» եւ ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րան­նե­րէն ներս: Ա­մա­ռո­ւան ար­ձա­կուր­դէն ետք դար­ձեալ ա­շա­կերտ­ներ, ու­սու­ցիչ­ներ եւ ծնող­ներ հա­մախմ­բո­ւե­ցան մեր ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն ներս, հան­դի­պե­լով ի­րենց ըն­կեր­նե­րուն եւ պատ­մե­լով մէ­կը միւ­սին՝ ա­մա­րո­ւան, ան­հոգ օ­րե­րը:
­Վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեանց ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան ­­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Ծ­նո­ղա­կան ­­Միու­թիւն­նե­րու եւ գա­ղու­թին մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու վար­չու­թեանց եւ թա­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։
­Ֆիք­սի մէջ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9ին, ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­­Յու­նա­հա­յոց ­­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան եւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Նա­րեկ Քհնյ. ­­Շա­հի­նեան։ Ա­ռաջ­նոր­դը իր օրհ­նու­թիւ­նը եւ բա­րի վե­րա­մու­տի ­մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն՝ կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի բաց­ման ա­ռի­թով։
­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան կող­մէ՝ ­իր խօս­քը ուղ­ղեց ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Պօ­ղոս ­­Չո­լա­քեան, բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լով բո­լո­րին ար­դիւ­նա­բեր կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի բացման ա­ռի­թով:
Ի­րենց խօս­քը եւ թե­լադ­րանք­նե­րը փո­խան­ցե­ցին միջ­նա­կար­գի եւ նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէն­նե­րը։ ­
Ֆիք­սի շրջա­նի վար­ժա­րան­նե­րու ջրօրհ­նէ­քէն ետք, յա­ջոր­դեց ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ջրօրհ­նէ­քը։
Ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10ին, ջրօրհ­նէ­քը կա­տա­րեց ­­Յու­նա­հա­յոց ­­Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեան, Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան եւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ա­ռաջ­նոր­դը իր օրհ­նու­թիւ­նը եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ծնող­նե­րուն՝ կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նին վե­րա­մու­տին ա­ռի­թով։
­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Վար­չու­թեան կող­մէ ­խօսք ուղ­ղեց ա­տե­նա­պետ պրն. ­­Պօ­ղոս ­­Չո­լա­քեան, որ բա­րի վե­րա­մուտ եւ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն յայտ­նեց բո­լո­րին՝ մաղ­թե­լով, որ 2018-2019 կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նը ար­դիւ­նա­բեր ու­սում­նա­կան տա­րի մը ըլ­լայ։
Ա­ւար­տին, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հին իր խօս­քը եւ թե­լադ­րանք­նե­րը փո­խան­ցեց ա­շա­կերտ­նե­րուն։