­Մեկ­նար­կած են «Է­ներ­գե­տի­կա­յի շա­բաթ 2017» նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ծի­րին մէջ 25 ­Յու­նո­ւա­րին տե­ղի ու­նե­ցած է հա­մա­ժո­ղով, ո­րուն մաս­նակ­ցած է նաեւ Հ.Հ. նա­խա­գա­հը:
­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգսեան իր խօս­քին մէջ կա­րե­ւոր նկա­տած է ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռը, զայն նկա­տե­լով մեր տնտե­սու­թեան կա­րե­ւոր ճիւ­ղը: ­Յու­նո­ւար 25-27ին կա­տա­րո­ւող նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու շար­քը կը նե­րա­ռէ նաեւ ե­ռօ­րեայ ցու­ցա­հան­դէս, ո­րու ծի­րին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած են տե­ղա­կան ար­տադ­րող­ներ եւ ո­լոր­տի մաս­նա­գի­տա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ:
40 օ­տար ըն­կե­րու­թիւն­ներ դահ­լի­ճին մէջ քննար­կած են այն, թէ ինչ­պէ՛ս կա­րե­լի է ջեր­մու­թիւն ստա­նալ ­Հա­յաս­տա­նի ա­րե­ւէն: ­Ցուրտ օ­րո­ւան հա­մար ան­հա­ւա­նա­կան է, սա­կայն բա­ռի իս­կա­կան ի­մաս­տով կա­րե­լի է՝ ա­րե­ւոտ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ա­րե­ւա­յին կա­յան­ներ կա­ռու­ցե­լով: Աշ­խար­հի մէջ այդ կա­յան­նե­րուն կա­ռուց­ման ա­ռա­ջա­տա­րը կը նկա­տո­ւի ­Չի­նաս­տա­նը: ­Սիէն ­Թիոն ­Հա­յաս­տան ե­կած է՝ գիտ­նա­լու, թէ կ­՛ար­ժէ՞ ներդ­րում­ներ կա­տա­րել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
«­Չի­նաս­տա­նը շա­հագրգ­ռո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: ­Մենք ա­րե­ւա­յին ու­ժա­նիւ­թա­յին կա­յան­նե­րու ար­տադ­րու­թեամբ զբա­ղող մե­ծա­գոյն եր­կիրն ենք: Վս­տահ ենք, որ ­Հա­յաս­տան կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ ա­րե­ւա­յին կա­յան­նե­րու տե­ղադր­ման: ­Կը փա­փա­քինք նման կա­յան­ներ կա­ռու­ցել այս­տեղ»:
­Գե­ղար­քու­նի­քի մար­զի ­Մաս­րիկ 1 տե­ղան­քին մէջ պի­տի կա­ռու­ցո­ւի ա­ռա­ջին ա­րե­ւա­յին կա­յա­նը: Մր­ցոյ­թը ար­դէն յայ­տա­րա­րո­ւած է: ­Շուրջ 40 ըն­կե­րու­թիւն­ներ՝ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րէ, պի­տի մաս­նակ­ցին ա­նոր: ­Կա­յա­նի նա­խա­տե­սո­ւող հզօ­րու­թիւ­նը 55 մե­կաո­ւաթ է, թէեւ տո­ւեալ վայ­րին մէջ կա­րե­լի է գրե­թէ կրկնա­կի հզօ­րու­թիւն ա­պա­հո­վել: Մր­ցոյ­թով պի­տի ընտ­րո­ւի նո­ւա­զա­գոյն սա­կով ներ­կա­յա­ցո­ւող ա­ռա­ջար­կը: