Կի­րա­կի՝ 23 Ապ­րի­լի ա­ռա­ւօ­տեան, Ք­սան­թիի «Ίδρυμα Θρακικής Τέχνης και Παράδοσης» սրա­հէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ տա­րե­լի­ցի քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը։
Ներ­կայ գտնո­ւե­ցան քա­ղա­քի յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ Հայ­րը, Սի­րի­զա­յի ե­րես­փո­խա­նը, փոխ-մազ­պե­տը, քա­ղա­քա­պե­տը, Ք­սան­թիի հա­մալ­սա­րա­նա­պե­տը եւ այլ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, նաեւ՝ Ա. Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Պա­րէտ Քհնյ. Խա­չե­րեան, Հ.Հ. հիւ­պա­տոս տիկ. Ան­նա Խա­չատ­րեան, Հ.Յ.Դ. Յու­նաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Ատ­րիկ Ս­տե­փա­նեան եւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ Ա. Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ բո­լոր կա­ռոյց­նե­րու, ինչ­պէս եւ բազ­մա­թիւ յոյն եւ հայ ժո­ղո­վուրդ։
Օ­րո­ւան նա­խա­գա­հեց ընկ. Զա­պէլ Այ­վա­զեան, որ իր բաց­ման խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ հա­տուց­ման պա­հան­ջա­տի­րու­թեան, Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի դա­տա­կան պայ­քա­րին՝ վե­րա­տի­րա­նա­լու Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին, Թուր­քիոյ ար­հա­մար­հան­քին՝ մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու հան­դէպ, եւ յայտ­նեց յոյ­սը, թէ աշ­խար­հի մէջ բո­լոր մեր ձեռ­նարկ­նե­րը պատ­գամ դառ­նան մարդ­կու­թեան մօտ խա­ղա­ղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան։
Ող­ջոյ­նի խօս­քեր ար­տա­սա­նե­ցին Ք­սան­թիի Ա­ռաջ­նորդ Հայ­րը, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի կող­մէ խօս­քը կար­դաց ե­րես­փո­խան պրն. Ս­թո­ղեա­նի­տիս Ղ­րի­ղո­րիս, Հ.Հ. հիւ­պա­տո­սը (որ կար­դաց Հ.Հ. լիա­զօր դես­պան Ֆա­դէյ Չար­չօղ­լեա­նի խօս­քը), փոխ-մարզ­պե­տը եւ քա­ղա­քա­պե­տը։
Օ­րո­ւան բա­նա­խօ­սը՝ եւ­րօ-ե­րես­փո­խան Նի­քոս Անտ­րու­լա­քիս իր խօս­քին մէջ ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը յա­ջող կը նկա­տո­ւի միայն երբ մո­ռա­ցու­մի դա­տա­պար­տո­ւած է, թէ 1948ին Միա­ցեալ Ազ­գե­րը որ­դեգ­րե­ցին Ուխ­տա­գիր, ուր կ’ը­սո­ւէր թէ՝ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը» մի­ջազ­գա­յին ո­ճիր է։ Այդ թո­ւա­կա­նէն ետք շատ-շատ տա­րի­ներ ան­ցած են, բայց չենք կա­րո­ղա­ցած կան­խել զայն, եւ այս մէ­կը մարդ­կու­թեան հա­մար ձա­խո­ղու­թիւն մըն է։
Ան նաեւ ը­սաւ, թէ «Եւ­րո­պա­կան Խորհր­դա­րա­նին մէջ, այլ պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուս հետ միաս­նա­բար, յանձ­նած ենք գրա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ կը պա­հան­ջէ Մա­յիս 19ը ճան­նալ իբ­րեւ յի­շա­տա­կի օր Քե­մալ Ա­թա­թուր­քի բո­լոր զո­հե­րուն հա­մար»։ Բա­նա­խօ­սը կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին՝ շա­րու­նա­կե­լու պայ­քա­րը ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մին, դա­տա­պարտ­ման եւ պատ­մա­կան յի­շա­տակ­ման հա­մար։
Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը կը պա­րու­նա­կէր երգ՝ «­Սուր­բե­րու աչ­քե­րը» ( Մ. Ա­հա­րո­նեան)՝ Ք­սան­թիի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն կող­մէ, տու­տու­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ պրն. Վար­դան Ա­բո­վեա­նի։
Նաեւ՝ «Ա­տա­նա» եր­գը, Է­լէ­նա Ար­դե­նեա­նի կող­մէ։

Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն

Հ. Գթ. Խա­չի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Ապ­րիլ 24ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն, տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն՝ Ք­սան­թիի ազ­գա­պատ­կան սրա­հէն ներս։ Ա­պա­հո­վուե­ցաւ 21 շիշ ա­րիւն։

Թղ­թա­կից