Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի Հայ Դատի Յանձնախումբին եւ գործակցութեամբ Թեսաղոնիկէի Մարզպետարանին ու եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Աւագ Չորեքշաբթի օր՝ 24 Ապրիլ 2019ի կէսօրուան ժամը 12ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան մեր Ս. Նահատակներու եկեղեցական պաշտօնական Բարեխօսական կարգի արարողութիւնը, գլխաւորութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն, կիսասարկաւագներուն, ուրարակիրներուն եւ դպիրներուն, ինչպէս նաեւ ներկայութեամբ շրջանի մէջ գործող ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու, միութեանց անդամներու եւ հաւատացեալ հոծ բազմութեան։ Նշենք, որ ներկայ էին նաեւ մեծ թիւով պետական, զինուորական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր հայրեր։ Նշենք, որ եկեղեցւոյ կեդրոնը զետեղուած էր Ապրիլեան Ս. Նահատակներու նուիրուած փայտեայ շարժող յուշարձանը, Ապրիլեան Նահատակներու մասունքներով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի եւ Տիկնաց Միութեան կողմէ զարդարուած ծաղիկներով։
Եկեղեցական պաշտօնական արարողութեան աւարտին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ելոյթը։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ շրջանի երիտասարդուհիներէն Անահիտ Գարաօղլանեան։ Ապրիլեան Ս. Նահատակներու ոգեկոչման առթիւ իր խօսքը փոխանցեց Թեսաղոնիկէի մարզային շրջանի փոխ-մարզպետուհի տիկ. Փարասքէվի Փաթուլիտու։ Եկեղեցւոյ դուրսը գտնուող զինուորական շեփորախումբը հնչեցուց Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած «Անոնք ինկան…» երգը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Յունաստանի Ազգային Քայլերգները։ Հետաքրքրական է եւ ուրախալի երեւոյթ, որ սոյն զինուորական շեփորախումբին մէջ կար նաեւ հայ զինուոր մը, յանձին՝ Արսէն Կղմէսեանի։
Ապա՝ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական ձեռնարկ։ Առաջին հերթին, Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն խումբ մը, ղեկավարութեամբ տիկ. Վիքա Նազարեանի, ներկայացուց «Անոնք ինկան…»ն ու Մաղթերգ Հայրապետականը։ Յաջորդեց երաժշտական բարձրորակ ելոյթ, ուր հանդէս եկան «Թեսաղոնիկէի նոր երաժշտանոց»ի ուսանողներ, որոնց դասաւանդած եւ գեղարուեստական պատրաստութիւնը տեսած է գաղութիս ծխականներէն եւ հանրածանօթ սոփրանօ տիկ. Սիրանոյշ Չալըքեան, դաշնակի նուագակցութեամբ տիկ. Նունէ Տօնիկեանի։ Առաջին հերթին, անոնց կողմէ յունարէն լեզուով արտասանուեցաւ Դանիէլ Վարուժանի ոտանաւորներէն, որ թարգմանուած էր Յովիկ Գասապեանի կողմէ, ապա յաջորդաբար՝ «Տէր Ողորմեա»ն, G.B. Pergolesyի «Stabat Mater» Solo duetը եւ վերջապէս՝ «Ամէն»ը։
«Թող մեր Նահատակներուն թափած անմեղ արիւնը երբե՛ք մոռացութեան չտրուի մեր ազգային ինքնագիտակցման մէջ»։
«Յիշատակն արդարոցն օրհնութեամբ եղիցի»։
Ապրիլեան Ս. Նահատակներու 104րդ տարելիցին առիթով
Ապրիլեան Ս. Նահատակներու 104րդ տարելիցին առիթով եկեղեցական պաշտօնական Բարեխօսական կարգ եւ գեղարուեստական ձեռնարկ՝ Թեսաղոնիկէի մէջ