ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 4 Ապ­րի­լին, ­Քաս­լի­քի Ս. ­Հո­գի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նին ու ­Պէյ­րու­թի թրքա­կան «Եու­նուս Էմ­րէ» հիմ­նար­կին կազ­մա­կեր­պած «Ար­դի ­Թուր­քիոյ պատ­մու­թիւ­նը» նիւ­թով դա­սա­խօ­սու­թիւն մը: Օ­րո­ւան դա­սա­խօսն էր իր ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րով յայտ­նի թուրք պատ­մա­գէտ Իլ­պեր Օր­թայլ, որ ընդ­հա­նուր առ­մամբ ներ­կա­նե­րուն ո­չինչ ը­սաւ, իսկ միակ շօ­շա­փե­լի տե­սա­կէտ­ներն ալ զա­ւեշ­տա­կան էին:
Ան ­Լեռ­նա­լի­բա­նա­նի մեծ սո­վը վե­րագ­րեց ­Ճե­մալ փա­շա­յի «ա­պի­կա­րու­թեան»` փոր­ձե­լով ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղել օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րէն եւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը բեռց­նել միայն ա­նոր ու­սե­րուն, իսկ աշ­խար­հի տա­րած­քին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հո­լո­վոյ­թը վե­րագ­րեց… ­Գեր­մա­նիոյ: Ըստ «պատ­մա­գէտ»ին՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ­Գեր­մա­նիան ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Բ. ­Պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծած է, կը փոր­ձէ աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­ներն ալ նոյն յան­ցան­քով մե­ղադ­րել` մեկ­նե­լով «երբ բո­լո­րը յան­ցա­ւոր են, ոչ ոք յան­ցա­ւոր է» սկզբուն­քէն: Ան՝ այս ձաբռ­տու­քը ա­ւե­լի հա­ւաս­տի դարձ­նե­լու եւ ա­նոր կշիռ ու հան­գա­մանք ու­նե­ցող բո­վան­դա­կու­թիւն հա­ղոր­դե­լու ջան­քով մը, սկիզ­բը այդ սկզբուն­քը նշեց լա­տի­նե­րէ­նով, ա­պա՝ թարգ­մա­նեց իր կտրուկ ու հա­զիւ հասկ­նա­լի անգ­լե­րէ­նին: Այս բո­լո­րը թե­րեւս կա­րե­լի է վե­րագ­րել տե­ղե­կու­թեանց լա­ւա­պէս չտի­րա­պե­տե­լուն եւ պատ­մա­գէ­տէ ա­ւե­լի փրո­փա­կան­տիստ (քա­րո­զիչ) ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քին, սա­կայն մա­նա­ւանդ Հ.Յ.Դ. ­Զա­ւա­րեան Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան (Զ.Ո.Մ.) ան­դամ­նե­րուն կա­տա­րած ա­նակն­կալ խա­ղաղ ցոյ­ցին, որ ո՛չ միայն շփո­թի մատ­նեց ժխտո­ղա­կան պատ­մա­գէտն ու կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, այլ նաեւ զայ­րա­ցուց ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղող ­Թուր­քիոյ դես­պա­նը, որ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րէն պա­հան­ջեց լռեց­նել հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը: ­Վեր­ջին­ներս մնա­ցին անդր­դո­ւե­լի եւ բա­ւա­րա­րո­ւե­լէ ետք միայն խա­ղա­ղօ­րէն ու կա­մա­ւոր կեր­պով հե­ռա­ցան սրա­հէն: Իբ­րեւ հե­տե­ւանք սրա­հը գրե­թէ դա­տար­կո­ւե­ցաւ: Ի­րո­ղու­թիւն մը, որ ա­ւե­լի զայ­րա­ցուց ­Թուր­քիոյ դես­պա­նը, որ սրահ մուտք գոր­ծե­լուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յու­թիւ­նը տես­նե­լով հրճո­ւած էր եւ ու­նե­ցած ձեռ­նար­կին յա­ջող ըլ­լա­լուն խաբ­կան­քը` ան­տե­ղեակ քիչ ետք իր գլխուն գա­լի­քէն: «­Դա­սա­խօ­սու­թեան» վեր­ջա­ւո­րու­թեան, հար­ցում­նե­րուն վրայ վե­րահս­կո­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու հա­մար, կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը ներ­կա­նե­րէն պա­հան­ջե­ցին ի­րենց հար­ցում­նե­րը ներ­կա­յաց­նել գրա­ւոր: Ի տես կի­րար­կո­ւող գրաքն­նու­թեան` սրահ մնա­ցած «ծպտո­ւած» տղոց­մէ մէ­կը ոտ­քի կանգ­նե­լով ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­մա­կան փաստ ըլ­լա­լուն մա­սին ուղ­ղա­կի հար­ցում մը յղեց ժխտո­ղա­կան թուր­քին, որ կրկնեց թրքա­կան պաշ­տօ­նա­կան յան­կեր­գը, եւ երբ յանդգ­նե­ցաւ առ­նել հար­ցու­մին հա­մար շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լու ամ­բար­տա­ւան քայ­լը, հայ ե­րի­տա­սար­դէն ստա­ցաւ «նաք աու­թի հա­րո­ւած» մը. Զ.Ո.Մ.ա­կա­նը դի­պուկ կեր­պով հա­կա­դար­ձեց.- «Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն, սպա­սե­լի ե­ղող պա­տաս­խա­նին հա­մար»:
­Վեր­ջա­պէս, ի­րենց կա­տա­րած քա­ղա­քա­կիրթ ցոյ­ցին հա­մար կա­րե­լի է միայն շնոր­հա­ւո­րել Զ.Ո.Մ.ի տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը: Ապ­րի՛ք ու վարձ­քեր­նի՛դ կա­տար: