­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ ­տա­րե­լի­ցի ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քը իր ազ­դու ար­ձա­գան­գը ու­նե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ­Կի­րա­կի՝ 23 Ապ­րիլ 2017ին, քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կով, քայ­լար­շա­ւով եւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղու­մով։ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պե­տու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պո­ւած բազ­մա­մարդ ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։30ին, Է­թէ­րիա ­Մա­քե­տո­նի­քոն Ս­փու­տոն սրա­հէն ներս։
Այս տա­րո­ւան ո­գե­կո­չու­մը նշա­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ նաեւ Եւ­րո­պա­կան ­Խորհր­դա­րա­նի 1987ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւի ըն­դուն­ման 30ա­մեա­կի նշու­մով։
Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով՝ պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման խօս­քը ուղ­ղեց ­Սե­ւա­նա ­Քա­սէ­մեան, որ ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձաւ հայ ազ­գի դէմ ­Թուր­քիոյ գոր­ծած ո­ճի­րին, շեշ­տը դնե­լով ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան դաշտ բե­րե­լու կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւա­նին վրայ։
­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը վե­րա­հաս­տա­տող պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յու­թիւն­նե­րը բարձ­րաս­տի­ճան էին այս ձեռ­նար­կին։ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ա­լեք­սիս ­Ցիփ­րա­սի եւ կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ ներ­կայ ե­ղաւ եւ ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց ներ­քին գոր­ծոց փոխ նա­խա­րար ­Մա­րիա ­Քո­լիա-­Ցա­րու­խա։ ­Ներ­կայ էր ու ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ նաեւ ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­գոս­թաս, որ իր խօս­քին մէջ ը­սաւ, թէ մարզ­պե­տու­թեան հա­մար պա­տիւ կը հա­մա­րէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը։
Այլ ներ­կա­յու­թիւն­նե­րու շար­քին էին հել­լէն պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խան­ներ, զի­նո­ւո­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ ­Ներ­կայ էր ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ նա­խա­րար ­Տի­միթ­րիոս ­Մար­տաս, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի փոխ նա­խա­գահ Ա­նաս­թա­սիոս ­Քու­րա­քիս, խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ ­Նոր ­Հան­րա­պե­տու­թե­նէն՝ ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Կիւ­լե­քաս, Ս­թաւ­րոս ­Քա­լա­ֆա­թիս, Եոր­ղոս Օր­ֆա­նոս, ­Սի­րի­զա­յէն՝ Ա­լեք­սանտ­րոս Թ­րիան­տա­ֆի­լի­տիս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ ­Քա­լիփ­սօ ­Ղու­լա, Ամ­պե­լո­քի­փի-­Մե­նե­մե­նիի քա­ղա­քա­պետ ­Լա­զա­րոս ­Քի­րի­զօղ­լու, Օ­րէո­քասթ­րո­յի քա­ղա­քա­պետ Աս­թե­րիոս ­Ղա­վո­ծիս, ­Նէա­փո­լի-­Սի­քէոն քա­ղա­քա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ա­րիս­թո­թե­լեան հա­մալ­սա­րա­նի ռեկ­տոր ­Փե­րիք­լիս ­Միթ­քաս, ­Հա­մա­հել­լէ­նա­կան ­Պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ Խ­րիս­թի­նա ­Սա­խի­նի­տու, ­Յու­նաս­տա­նի ­Կար­միր ­Խա­չի տնօ­րէ­նը եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մետ­րո­պո­լի­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ հո­գե­ւոր հայ­րեր, ինչ­պէս նաեւ ­Ռու­սաս­տա­նի եւ ­Լիդ­վա­յի դես­պա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, պոն­տա­կան, ա­սո­րա­կան, կիպ­րա­կան միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
­Ներ­կայ էին ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­լեք­սանդր ­Սարգ­սեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. Սապունճեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ինչ­պէս նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ գա­ղու­թի միու­թե­նա­կան վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։
Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի փոխ մարզ­պետ ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու, որ յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն ը­սաւ.- «Ո՞վ կը խօ­սի այ­սօր հա­յու­թեան պատ­մա­կան բնաջնջն­ման փոր­ձի մա­սին։ ­Բայց կը կար­ծեմ, թէ ամ­բողջ մարդ­կու­թիւ­նը։ Այ­սօր, յի­շո­ղու­թիւ­նը՝ հրդե­հի նման կ’այ­րէ։ Եւ կ’այ­րէ, ո­րով­հե­տեւ մեզ կը պար­տադ­րէ դէ­պի ետ նա­յիլ, դէ­պի ան­ցեա­լը։ Դժ­բախ­տա­բար, ո՛չ փա­ռա­հեղ, այլ ա­րիւ­նոտ ան­ցեալ մը։ ­Թող յա­ւեր­ժա­կան ըլ­լայ ան­մեղ զո­հե­րու յի­շո­ղու­թիւ­նը»։
­Յա­ջոր­դա­բար, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ Իոա­նիս ­Պու­թա­րիս ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց, իսկ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի խօս­քը փո­խան­ցեց դես­պա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան կող­մէ ու­ղերձ մը կար­դաց Ի­րի­նի ­Ռու­բէ­նեան։
Օ­րո­ւան բա­նա­խօսն էր Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին ­Քա­փո­տիսթ­րիա­քօ հա­մալ­սա­րա­նի թրքա­կան եւ ար­դի ա­սիա­կան ուս­մանց փրո­ֆե­սոր Իոա­նիս ­Մա­զիս, որ իր նիւ­թը զար­գա­ցուց «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը որ­պէս ար­դիւնք ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մեծ ու­ժե­րու աշ­խար­հա-ռազ­մա­վա­րա­կան մրցակ­ցու­թեան» նիւ­թին շուրջ։ ­Յար­գե­լի փրո­ֆե­սո­րը դի­տել տո­ւաւ, թէ «Օս­մա­նեան տի­րա­պե­տու­թեան օ­րով, թէ՛ ե­րիտ-թուր­քե­րու ձեռ­քին, թէ՛ քե­մա­լա­կան­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեամբ՝ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը միշտ ալ ի­րա­գոր­ծած է հայ­կա­կան տար­րի բնաջնջ­ման ծրա­գիր, երկ­րի ար­դիա­կա­նաց­ման ու ժո­ղովր­դա­վա­րաց­ման պատ­րան­քին տակ, ինչ­պէս եւ այլ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու դէմ։ Ինչ կը վե­րա­բե­րի ժա­մա­նա­կա­կից ­Թուր­քիոյ ճի­գե­րուն, որ կ’ու­զէ ինք­զինք ներ­կա­յաց­նել որ­պէս պալ­քա­նեան մահ­մե­տա­կան բջիջ­նե­րու «­Մեծն եղ­բայ­րը», մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի պար­տադ­րած օ­րէնք­նե­րուն դէմ իր սադ­րիչ ու ար­հա­մար­հա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րը, իր փան­թու­րա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը, մեզ կ’ուղ­ղեն այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ՝ ­Յու­նաս­տան պէտք չէ ան­տե­սէ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ այլ մահ­մե­տա­կան եր­կիր­նե­րու մէջ թրքա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րը։ ­Վեր­ջա­պէս, ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ հա­մա­կար­գո­ւած հա­լա­ծան­քը, ար­մա­տա­կան իս­լա­մա­կան մի­տում­նե­րու տա­րա­ծու­մը, ցոյց կու­տան ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ մէջ իս­լա­մա­կան ձգտում­նե­րը։ ­Կով­կա­սի ու ­Կաս­պեան տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ բո­լոր այս ձգտում­նե­րուն ու մի­տում­նե­րուն դէմ կանգ­նող կա­րե­ւոր պատ­նէշ է՝ ­Հա­յաս­տա­նը»։
­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ճո­խա­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Ղա­զա­րոս ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի կող­մէ, երգ՝ ­Մա­րիա Ս­փի­րի­տո­նի­տու եւ կի­թառ՝ ­Ռա­ֆա­յէլ ­Վար­դա­զա­րեան։
­Հան­դի­սու­թեան ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, սրա­հէն հա­ւա­քա­բար մեկ­նե­լով, լուռ քա­լե­ցին դէ­պի Գ. ­Զօ­րա­բա­նա­կի Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձան, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ ծաղ­կեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։ ­Հայ­կա­կան գա­ղու­թին կող­մէ դափ­նեպսակ զե­տե­ղեց պրն. Ա­լեք­սիս ­Շի­րա­կեան: