­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ զե­կու­ցա­կան հան­դի­պու­մի հրա­ւի­րո­ւե­ցան Ատ­տի­կէի շրջա­նի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պու­մի՝ Ատ­տի­կէի շրջա­նի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րը ­Շա­բաթ՝ 3 ­Նո­յեմ­բեր 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 4։30ին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, ո­րուն նա­խա­գա­հեց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։
­Հան­դի­պու­մը կը բաղ­կա­նար աշ­խա­տան­քա­յին եր­կու բա­ժին­նե­րէ։ Ա­ռա­ջին՝ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ըն­դա­ռա­ջե­լով թե­միս Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ­Ժո­ղո­վի գու­մա­րած վեր­ջին նիս­տին ըն­դու­նո­ւած ա­ռա­ջար­կին, որ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը գէթ տա­րին ան­գամ մը հրա­ւի­րէ ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու մա­սին զե­կոյց ներ­կա­յաց­նէ, եւ երկ­րորդ՝ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կարգ­ման եւ ա­ռա­ւել ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան գոր­ծե­լա­կեր­պի որ­դեգ­րում։
­Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր խոր­հուրդ­նե­րով եւ յանձ­նա­խում­բե­րով, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վը, Ատ­տի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ատ­տի­կէի ազ­գա­յին ե­րես­փո­խան­նե­րը, թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րը, ե­կե­ղե­ցա­սէր տիկ­նանց մար­մին­նե­րը, ու յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած՝ ­Քա­լա­մա­թա­յի նո­րան­շա­նակ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի դի­ւա­նը։ ­Ներ­կայ էր նաեւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան։
­Ժո­ղո­վը բա­ցո­ւե­ցաւ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զան ­Հօր ա­ղօթ­քով։ Ա­պա՝ խօսք առ­նե­լով ան ներ­կա­նե­րուն բա­ցատ­րեց, թէ սոյն հան­դի­պու­մը զե­կուց­ման հան­դի­պում մըն է եւ ոչ քննարկ­ման, հիմ­նո­ւած թե­մա­կան պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի ա­ռա­ջար­կին վրայ։ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը սոյն ժո­ղո­վին ամ­փոփ զե­կոյց մը պի­տի տայ անց­նող 18 ա­միս­նե­րու իր գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին, որ­պէս­զի ժո­ղո­վա­կան­նե­րը տե­ղեակ մնան ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րէն ու հար­ցե­րէն։ ­Հե­տա­գա­յին նոյ­նան­ման հան­դի­պում պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւի հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի շրջան­նե­րէն ներս եւս։
Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ամ­փոփ զե­կոյց մը տո­ւաւ ­Վար­չու­թեան 4 ­Յու­լիս 2017էն 31 ­Հոկ­տեմ­բեր 2018 ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։ Ան յա­տուկ գլուխ­նե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց տնտե­սա­կան, ու­սում­նա­կան, կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ իր յա­ռա­ջա­ցու­ցած հան­րա­յին յա­րա­բե­րա­կան, դա­տա­կան, ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թեան, ար­խի­ւի թո­ւայ­նաց­ման յանձ­նա­խում­բե­րու եւ ծե­րա­նո­ցի խնա­մա­կա­լու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը։
­Սոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի աշ­խա­տանք­նե­րէն պրն. ­Չո­լա­քեան յատ­կա­պէս նշեց ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» Ազ­գա­յին ­Վար­ժա­րա­նի ամ­բող­ջա­կան նո­րո­գու­թիւ­նը, հայ ու­սու­ցիչ­նե­րը պե­տու­թե­նէն 12 ա­միս­նե­րու վճար­ման դա­սա­ւո­րու­մը, Ան­թի­լիա­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ գու­մա­րո­ւած Ար­մէ­նօ­ֆա­սի ժո­ղո­վը, ­Գո­մո­թի­նիի «­Տի­մոք­րի­թիօ» հա­մալ­սա­րա­նին մէջ հա­յե­րէն լե­զո­ւի ամ­պիո­նի հաս­տա­տու­մը եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ հայ­կա­կան գա­ղու­թի կազ­մա­կեր­պու­մը եւ, մա­նա­ւանդ, ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան հա­մար ­Մե­սի­նիա­սի ­Մետ­րո­պո­լի­տին կող­մէ օ­րի­նա­ւոր հա­մա­ձայ­նագ­րով Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին տրա­մադ­րո­ւած ­Քա­լա­մա­թա­յի «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ ձեռք­բե­րու­մը։
­Հան­դիպ­ման երկ­րորդ բա­ժի­նը յատ­կա­ցո­ւած էր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րուն։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը՝ կա­րե­ւո­րե­լով թե­մի ծխա­կան շրջան­նե­րու մէջ գոր­ծող ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, օգ­տա­կար նա­խա­ձեռ­նու­թիւն նկա­տեց եւ վա­րեց երկ­րորդ բաժ­նի աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պու­մը։ Անդ­րա­դառ­նա­լով թե­մի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան եւ կա­ռոյ­ցի կա­նո­նագ­րա­յին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան բնոյ­թին, ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ Սր­բա­զան ­Հայ­րը անդ­րա­դար­ձաւ 1863ին ­Պոլ­սոյ մէջ հաս­տա­տո­ւած Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան, որ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին նկա­րա­գի­րը աշ­խար­հա­կան­նե­րու մաս­նա­կա­ցու­թեամբ կա­նո­նագ­րա­յին կա­նո­նա­կան տրա­մադ­րու­թեան վե­րա­ծեց։ ­Մեկ­նե­լով Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան հիմ­նա­կան վեց սկզբունք­նե­րով դրսե­ւո­րո­ւած ՊԱՐՏՔ եՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ սկզբուն­քի ո­գիէն եւ հաս­կա­ցո­ղու­թե­նէն, լու­սա­բա­նա­կան բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով խօ­սե­ցաւ Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց կա­ռու­ցա­յին վի­ճա­կին եւ գոր­ծե­լա­ձե­ւին մա­սին։ ­Ներ­կա­յա­ցուց գա­ղու­թի մը գոր­ծու­նէու­թեան ձե­ւը, ժո­ղո­վա­կան մար­մին­նե­րու տե­սակն ու կար­գը, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներն ու աշ­խա­տան­քա­յին եզ­րե­րը եւ այլ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ ա­ռա­ւել լու­սար­ձա­կի տակ բե­րե­լով ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան ե­ղա­նա­կը։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նշեց, որ Ազ­գա­յին ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն հի­ման վրայ կը գոր­ծեն ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը եւ ա­նոր հո­վա­նիին ներ­քեւ գտնո­ւող բո­լոր թե­մե­րը։
Սր­բա­զան ­Հայ­րը յայտ­նեց, թէ Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյ­ցը՝ իր մար­մին­նե­րով, մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը կազ­մէ, հիմ­նո­ւած թա­փան­ցիկ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան հա­շո­ւե­տո­ւու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան սկզբուն­քին վրայ։ Իւ­րա­քան­չիւր մար­մին պար­տա­ւոր է իր­մէ վեր գտնո­ւող մարմ­նին հա­շո­ւե­տու ըլ­լա­լու ա­մէն ձե­ւե­րով։ Ո­րով­հե­տեւ Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց կա­ռոյց­նե­րը՝ ընտ­րեալ կամ նշա­նա­կեալ, ան­հա­տա­կան կամ տե­ղայ­նա­կան ինք­նան­պա­տակ հան­գա­մանք չու­նին։ Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց կա­նո­նագ­րա­յին կա­ռո­ցը ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան բնոյթ ու­նի, այ­սինքն՝ Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց ժո­ղով­նե­րը յա­նուն ժո­ղո­վուր­դին յա­ռաջ կը տա­նին հա­մայն­քին բար­գա­ւաճ­ման նպաս­տող աշ­խա­տանք­նե­րը։
Ծ­խա­կան Շր­ջան­նե­րու մէջ ե­կե­ղե­ցա­կան, հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին կեան­քի կեն­սու­նա­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու կող­քին կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին գլխա­ւո­րու­թեամբ գոր­ծող ե­կե­ղե­ցա­սէր ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ զա­նոնք նկա­տե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռու­թեան ա­ռըն­թեր ե­կե­ղե­ցի եւ ծխա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու մի­ջեւ կա­րե­ւոր օ­ղակ։ Ծ­խա­տէր ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին ա­ջա­կից այդ եր­կու մար­մին­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի ու ժո­ղո­վուրդ փոխ-յա­րա­բե­րու­թեանց յա­ջո­ղու­թեան մէջ հիմ­նա­կան դեր ու պար­տա­ւո­րու­թիւն ու­նին։
Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն հետ առն­չո­ւած գոր­ծե­լա­ձե­ւի կա­նո­նա­ւո­րու­թեան եւ գոր­ծու­նէու­թեան միօ­րի­նա­կու­թեան ի­մաս­տով՝ իւ­րա­քան­չիւր ­Խոր­հուրդ ներ­կա­յա­ցուց աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մա­կարգ­ման ու­ղե­ցոյց։
­Սոյն աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պու­մին ներ­կայ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ ող­ջու­նե­ցին ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Սո­ֆի ­Մար­գա­րեա­նը՝ իր խօս­քը ուղ­ղե­լու։ Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րին եւ մնա­յուն հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար։ ­Սոյն հան­դի­պու­մը լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը ե­ղաւ ի­րենց մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն եւ ան­դամ­նե­րուն։ Ան հրա­ւի­րեց բո­լո­րը ներ­կայ գտնո­ւե­լու ­Քա­լա­մա­թա­յի «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուա­նա­կո­չու­թեան տօ­նին ­Շա­բաթ՝ 8 ­Դեկ­տեմ­բե­րին։ ­Պի­տի պա­տա­րա­գէ եւ իր հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցէ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը։ Այս­տեղ նշենք, որ ­Քա­լա­մա­թա­յի «Ս. ­Նի­կո­ղա­յոս» ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը ա­մէն տա­րի պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Դեկ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան սկիզ­բը զու­գա­դի­պող ­Շա­բաթ օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան։
Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ տոքթ. Ար­մէն ­Տէ­րեան խօսք առ­նե­լով ներ­կա­յա­ցուց Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան պատ­կե­րա­ցու­մը թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման առնչու­թեամբ։ Ան յայտ­նեց, թէ բո­լոր թե­մե­րը գրե­թէ նոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը կը դի­մագ­րա­ւեն։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով՝ Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կող­մէ վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մի ու­ղե­ցոյց մը ղրկո­ւե­ցաւ թե­մե­րուն, որ­պէս­զի օգ­տա­կար դառ­նայ աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Եզ­րա­փա­կիչ իր խօս­քին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ան­գամ մը եւս շեշ­տեց այն, ինչ որ իր բաց­ման խօս­քին մէջ ընդգ­ծած էր՝ ը­սե­լով, որ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ վեր­ջին եր­կու Ազ­գա­յին Ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րուն քննար­կո­ւած ու Ազ­գա­յին ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կող­մէ թե­մե­րուն թե­լադ­րո­ւած թե­մե­րու վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ծրագ­րի ի­րա­գործ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն հետ կապ ու­նե­ցող այս հան­դի­պու­մը կա­րե­ւոր է եւ նմա­նօ­րի­նակ աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում­ներ պի­տի յա­ջոր­դեն հե­տա­գա­յին։ ­Ձե­ւով մը այս հան­դի­պու­մը սկիզբն է ­Յու­նաս­տա­նի թե­մի վե­րա­կազ­մա­կերպ­ման ծրագ­րին նա­խա­ձեռ­նու­մի գործ­նա­կան քայ­լե­րուն։
Ա­ւար­տին՝ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, յա­նուն Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­նե­րուն։
­Ժո­ղո­վը փա­կո­ւե­ցաւ ժա­մը 8:00ին։
­
Դի­ւան՝ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան