Ե­րե­ւա­նի ­Շէն­գա­ւիթ վար­չա­կան շրջա­նին մէջ Ուր­բաթ օր՝ 9 Փետ­րո­ւա­րին բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Աշ­խա­տան­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան գրա­սե­նեա­կին: Գ­րա­սե­նեա­կը հիմ­նո­ւած է Հ.Յ.Դ. «Հ­րայր ­Մա­րու­խեան» հիմ­նադ­րա­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ:
Աշ­խա­տան­քա­յին հիմ­նա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին ի­րա­զե­կում, աշ­խա­տան­քա­յին վէ­ճե­րու պա­րա­գա­յին դա­տա­կան հայ­ցե­րու պատ­րաս­տու­թիւն, աշ­խա­տող­նե­րու հա­մար փաս­տա­բա­նա­կան անվ­ճար ծա­ռա­յու­թիւն, աշ­խա­տան­քա­յին վէ­ճե­րու գծով (չվճա­րո­ւած աշ­խա­տա­վարձ, աշ­խա­տան­քէ ա­նօ­րի­նա­կան ա­զա­տում­ներ եւ այլն), զբա­ղուա­ծու­թեան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան տա­րած­քա­յին կեդ­րոն­ներ ուղ­ղոր­դե­լու մի­ջո­ցով աշ­խա­տան­քա­յին եւ մաս­նա­գի­տա­կան կողմ­նո­րոշ­ման ու այլ հար­ցե­րու հա­մար քա­ղա­քա­ցի­նե­րը կրնան դի­մել նո­րա­բաց կեդ­րոն եւ անվճար օգ­տո­ւիլ ա­նոր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէն:
Գ­րա­սե­նեա­կի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի ան­դամ Ար­սէն ­Համ­բար­ձու­մեան նշեց, որ աշ­խա­տան­քի շու­կա­յի ներ­կայ լա­րո­ւած պայ­ման­նե­րուն մէջ, աշ­խա­տող­նե­րու աշ­խա­տան­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցը սուր է: Ըստ ա­նոր՝ յա­ճախ կը դրսե­ւո­րո­ւին գոր­ծա­տուն­նե­րու կող­մէ աշ­խա­տող­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման փաս­տեր:
«­Շատ յա­ճախ մար­դիկ, չի­մա­նա­լով, թէ ո­րո՛ւ դի­մեն ի­րենց խնդիր­նե­րով, տե­ղեակ չըլ­լա­լով ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին, չեն կրնար հե­տա­մուտ ըլ­լալ ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան: Այս գրա­սե­նեա­կի նպա­տա­կը այդ է` գրա­սե­նեա­կը ա­մէ­նօ­րեայ աշ­խա­տան­քա­յին դրու­թեամբ անվ­ճար ծա­ռա­յու­թիւն­ներ կը մա­տու­ցէ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, որ­պէս­զի նախ եւ ա­ռաջ ա­նոնք ի­րա­զե­կո­ւած ըլ­լան ի­րենց ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին եւ կա­րե­նան հե­տա­մուտ ըլ­լալ ի­րենց ոտ­նա­հա­րո­ւած ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման»,- շեշ­տեց ­Համ­բար­ձու­մեան:
Ն­շենք, որ ­Շէն­գա­ւիթ վար­չա­կան շրջա­նին մէջ բա­ւա­կան մեծ է հիմ­նար­կու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­ւոր­նե­րուն թի­ւը:
­Հա­յաս­տա­նի աշ­խա­տան­քի եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րու նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Թա­դե­ւոս Ա­ւե­տի­սեան, ընդգ­ծե­լով նման նա­խա­ձեռ­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, նշեց, որ գրա­սե­նեա­կին բա­ցու­մը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է ներ­կայ զար­գա­ցում­նե­րով: Ըստ Ա­ւե­տի­սեա­նի՝ աշ­խա­տան­քա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ո՛չ միայն պե­տա­կան ո­րե­ւէ մար­մի­նի գոր­ծա­ռոյթ է, այ­լեւ պէտք է ե­ղած ջան­քե­րը ներդ­րեն նաեւ բո­լոր շա­հագր­գիռ կող­մե­րը, քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ա­ռան­ձին ան­հատ­ներ, ո­րոնք ու­նին նման կա­րե­լիու­թիւն­ներ:
­Նո­րա­բաց գրա­սե­նեա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը պի­տի հա­մա­կար­գէ փաս­տա­բան, «փաս­տա­բան­նե­րու պա­լատ»ի ան­դամ Էտ­կար ­Կո­տո­յեան, ըստ ո­րուն` գրա­սե­նեա­կի հիմ­նա­կան գոր­ծը աշ­խա­տան­քա­յին եւ ըն­կե­րա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ:
Ըստ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեա­նի, ե­թէ գրա­սե­նեա­կը յա­ջո­ղի, պի­տի փոր­ձեն նաեւ մաս­նա­ճիւղ­ներ ու­նե­նալ մար­զե­րուն մէջ: Գ­րա­սե­նեա­կը եր­կու կա­րե­ւոր հարց պի­տի լու­ծէ` աշ­խա­տո­ղի ի­րա­ւունք­նե­րու մա­սին ի­րա­զե­կո­ւա­ծու­թեան բարձ­րա­ցում եւ այդ ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւն:
«Իբ­րեւ «Հ­րայր ­Մա­րու­խեան» հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն` կրնամ ը­սել, նախ պէտք է մար­դոց ի­րա­զեկ­ման խնդի­րը լու­ծենք, ո­րով­հե­տեւ եր­բեմն նաեւ զար­մա­նա­լի է` ինչ­քան ի­րա­զե­կո­ւած չէ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը իր ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին, սա­կայն նոյն­քան կա­րե­ւոր է այդ ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցը»,- ը­սաւ ­Մա­նո­յեան:
Ան նշեց, նաեւ, որ գրա­սե­նեա­կի վայ­րը աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն չի սահ­մա­նա­փա­կեր դի­մող­նե­րը, այ­սինքն` ո­րե­ւէ շրջա­նէ կրնան դի­մել գրա­սե­նեա­կի օգ­նու­թեան: