­Կի­րա­կի՝ 4 ­Փետ­րո­ւար 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 13:00ին, թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան այ­ցե­լեց ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղե­ցի, ա­ռա­ջին աշ­խա­տան­քա­յին հան­դի­պում մը ու­նե­նա­լու հա­մար տեղ­ւոյն ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րուն հետ, ներ­կա­յու­թեամբ՝ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նի:
­Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին, Սր­բա­զան ­Հայ­րը նե­րա­ծա­կան իր խօս­քին մէջ փո­խան­ցեց իր պատ­կե­րա­ցու­մը ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին՝ շեշ­տե­լով ե­կե­ղե­ցա­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեան սկզբունք­նե­րը, մեկ­նա­կէտ­նե­րը եւ նպա­տա­կը, ինչ­պէս նաեւ վե­րո­յի­շեալ մար­մին­նե­րէն ներս ծա­ռա­յող­նե­րու նկա­րագ­րին եւ բա­րո­յա­կան ար­ժա­նիք­նե­րու տի­պա­րը ու­րո­ւագ­ծող սահ­մա­նու­մը: ­Յայտ­նեց, նաեւ, թէ շրջա­նի ծխա­կան­նե­րուն հետ կա­պը պէտք է ըլ­լայ ան­մի­ջա­կան ու շա­րու­նա­կա­կան:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը մեծ ու­շադ­րու­թեամբ լսեց ­Քա­հա­նայ ­Հօր եւ ան­դամ ան­դա­մու­հի­նե­րուն բո­լոր ը­սե­լիք­նե­րը, տե­ղե­կա­ցաւ Ս. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր եւ ծխա­կան գոր­ծու­նէու­թեան եւ ա­պա­գա­յի վե­րա­բե­րեալ մտա­ծո­ւած կամ ծրագ­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ընդ­հան­րա­պէս դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ եր­բեմն խո­չըն­դոտ­նե­րուն, եւ բո­լոր հար­ցե­րուն վե­րա­բե­րեալ տո­ւաւ իր հայ­րա­կան խրատ­նե­րը, ա­ռա­ջարկ­ներն ու լու­ծում­ներ՝ ըստ պա­րա­գա­յի:
­Տե­սակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ տի­կին­նե­րուն ձեռ­քով պատ­րաս­տո­ւած ճա­շով, ջերմ մթնո­լոր­տի մէջ, խօ­սակ­ցու­թեամբ եւ կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով:
Ա­ւար­տին, բո­լո­րին փա­փաքն էր նման հան­դի­պում­նե­րու յա­ճա­խա­կի ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր փոր­ձա­ռու­թե­նէն ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տո­ւե­լու նպա­տա­կով:

­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին