­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան դա­սա­ւոր­ման հա­մա­ձայն, Ե­րեք­շաբ­թի, 5 ­Դեկ­տեմ­բեր 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։45-ին, վար­ժա­րա­նի Գ. եւ Դ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շակերտ­նե­րը, գլխա­ւո­րու­թեամբ ու­սուց­չու­հի­ներ՝ տիկ. Ա­րաք­սիա ­Մի­քա­յէ­լեա­նի եւ տիկ. Ա­նուշ ­Ֆէն­տեա­նի, այ­ցե­լե­ցին Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղե­ցի՝ կրօ­նա­կան դա­սապահ մը կա­տա­րե­լու հա­մար։
Ա­շա­կերտ­նե­րը դի­մա­ւո­րո­ւե­ցան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նին կող­մէ։ Ու­սուց­չու­հի­նե­րուն հետ նա­խա­պէս ծրագր­ման հա­մա­ձայն, քա­հա­նայ հայ­րը խօ­սե­ցաւ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դի մեծ սուր­բե­րէն՝ Ս. ­Յա­կոբ Մծբ­նա­ցի ­Հայ­րա­պե­տի կեան­քին, ա­ռա­քե­լու­թեան ու սրբու­թեան մա­սին։ Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով տօ­նի նշման մօ­տա­կայ թո­ւա­կա­նը, ան յայտ­նեց թէ ­Կի­րա­կի, 17 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բո­լոր այն հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րը ո­րոնք օ­ծո­ւած են Ս. ­Յա­կո­բի ա­նու­նով, մեծ շու­քով պի­տի կա­տա­րեն ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը եւ մա­տա­ղօրհ­նու­թիւ­նը։
Ա­ւար­տին կա­տա­րո­ւե­ցաւ հե­տաքրք­րա­կան հարց ու պա­տաս­խան ­Սուր­բին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ սպաս­նե­րուն մա­սին, որ­մէ ետք ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց մո­մե­րը վա­ռե­լէ ետք վե­րա­դար­ձան դպրոց։

Թղ­թա­կից