Տօնական օրերու խորհուրդէն ներշն­չո­ւած, Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» եւ «Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» ազգային վարժարաներրու ա­շա­կերտ­նե­րը շա­րադ­րե­ցին ի­րենց միտ­քերը եւ գրե­ցին այս տա­րուան ի­րենց մաղ­թանք­նե­րը, որ զու­գա­տի­պո­ւե­ցաւ Հ.Կ.Խ­.ի «Կ­նոջ էջ»ի խնդրան­քին։
Որ­քա՜ն կը սպա­սենք ա­մէն տա­րի ­Կա­ղան­դին եւ ­Սուրբ Ծ­նուն­դին օ­րե­րը։ Ա­մէն ըն­տա­նիք ու­րա­խու­թեամբ, եր­գով ու պա­րով կը զար­դա­րէ տօ­նա­ծա­ռը, մայ­րե­րը եւ մեծ մայ­րե­րը կը թխեն քաղցր եւ բու­րա­ւէտ ա­նու­շե­ղէն­ներ, հա­մով կե­րա­կուր­ներ, ­Կա­ղանդ ­Պա­պան կը բե­րէ ան­թիւ նո­ւէր­ներ, ե­րա­խա­նե­րը ի­րենց գե­ղե­ցիկ ձայ­նով կ­՚ա­ւե­տեն Ք­րիս­տո­սի Ծ­նուն­դը։
Ի՜նչ տա­քու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն կը տի­րէ ա­մէն տան մէջ, բայց ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ սրտե­րուն մէջ տա­քու­թիւն պէտք է տի­րէ… ­Գի­տենք, որ շատ ըն­տա­նիք­ներ այս տա­րի տխուր տօ­նա­ծառ մը պի­տի զար­դա­րեն, կամ բնաւ պի­տի չզար­դա­րեն, կամ ալ նոյ­նիսկ տուն չու­նին զար­դա­րե­լու հա­մար։ Իւ­րա­քան­չիւր մարդ կ­՚ու­րա­խա­նայ, երբ կը ստա­նայ գու­նա­ւոր տու­փիկ մը սի­րուն ժա­պա­ւէ­նով կա­պո­ւած։ Ար­դէն մեծ­ցանք եւ գի­տենք, որ նո­ւէ­նե­րը ա­ժան չեն եւ ա­նոնց փո­խա­րեն կրնանք տար­բեր ձե­ւով ու­րա­խաց­նել՝ մեր օգ­նու­թեամբ, ազ­նո­ւու­թեամբ, սի­րով եւ նե­րո­ղամ­տու­թեամբ… որ­պէս­զի չկոր­սո­ւի ­Կա­ղան­դին սրբու­թիւ­նը։

«Զաւարեան» վարժարան

Ե­թէ աղ­քատ պզտիկ մը տես­նէի, տունս պի­տի առ­նէի եւ ա­նոր ջուր եւ կե­րա­կուր պի­տի տա­յի։ Ե­թէ մսէր՝ պի­տի դնէի ա­նոր տաք տեղ մը քնա­նայ։ ­Հաստ վե­րար­կու մը պի­տի տա­յի, հի­մա որ ձմե­ռը կու գայ։ Շ­նոր­հա­կալ եմ որ տուն ու­նիմ, սէր եւ եղ­բայ­րիկ մը։ Կ­՚ու­զեմ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան, կամ Աս­տո­ւած, կամ լաւ մարդ մը աղ­քատ պզտիկ­նե­րուն լաւ բան մը բե­րէ։
­Նի­քո­լաս

Ես պի­տի մաղ­թեմ այս տա­րի, որ ո՛չ մէկ եր­կի­րին մէջ պա­տե­րազմ չ’ըլ­լայ ու ա­մէն մէկ ե­րե­խայ ա­ռողջ ըլ­լայ։ Կ­՚ու­զեմ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան ի­րենց խա­ղա­լիք­ներ բե­րէ եւ ու­րա­խու­թիւն՝ ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն։
­Ռի­թա

Այս տա­րի կը մաղ­թեմ նախ եւ ա­ռաջ՝ աշ­խար­հի ե­րե­խա­նե­րը ու­րախ եւ եր­ջա­նիկ ըլ­լան եւ յե­տոյ՝ մեր շրջա­վայ­րը չաղ­տո­տենք եւ բո­լորս պաշտ­պա­նենք մեր երկ­րա­գուն­դը։ ­Նաեւ կ­՚ու­զեմ իմ փի­սի­կիս հա­մար հե­ռա­կա­ռա­ւար­ման վա­հա­նակ մը, որ­պէս­զի ա­նոր­մով խա­ղայ։
­Լա­զար

­Կը մաղ­թեմ բո­լոր աղ­քատ կամ ան­տուն ե­րե­խա­նե­րը ճա­շիկ, տաք տուն եւ վե­րար­կու­ներ ու­նե­նան, ո­րով­հե­տեւ ձմե­ռը կու գայ եւ կը մսին։ ­Մայ­րի­կիս եւ հայ­րի­կիս շատ շնոր­հա­կալ եմ որ այս բո­լո­րը ու­նիմ։ Կ­՚ու­զեմ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան այս ե­րե­խա­նե­րուն տա­քուկ տուն մը նո­ւի­րէ։
­Մար­տին

Շ­նոր­հա­կալ եմ, ո­րով­հե­տեւ ես տուն, մայր եւ հայր ու­նիմ եւ դպրոց կ­՚եր­թամ, իսկ շատ պզտիկ­ներ ո­չինչ ու­նին… Ա­նոր հա­մար կը մաղ­թեմ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան շատ նո­ւէր­ներ բե­րէ աշ­խար­հի բո­լոր աղ­քատ մա­նուկ­նե­րուն, որ­պէս­զի ու­րախ ըլ­լան։
­Վարդ

Այս տա­րի պի­տի տամ ի՜նչ որ կրնամ այն մար­դոց որ բան մըն ալ չու­նին՝ ճաշ, հա­գուստ կամ դրամ։ ­Բախ­տա­ւոր եմ, որ ըն­տա­նիք եւ տա­քու­թիւն ու­նիմ։ Կ­՚ու­զեմ որ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան աղ­քատ ե­րե­խա­նե­րուն տուն մը բե­րէ։
­Սեր­ճիկ

Այս տա­րի կ­՚ու­զեմ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը եր­ջա­նիկ ըլ­լան եւ գե­ղե­ցիկ հա­գուստ­ներ հա­գո­ւին, ո­րով­հե­տեւ պէտք է բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը լաւ ապ­րին։ Շ­նոր­հա­կալ եմ որ տուն, ըն­տա­նիք եւ սէր ու­նիմ։ ­Կա­ղանդ ­Պա­պա­յէն ինք­նա­շարժ մը պի­տի ու­զէի։
Եոր­ղոս

­Շատ շատ պի­տի ու­զէի որ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը տուն եւ ըն­տա­նիք ու­նե­նան, ո­րով­հե­տեւ շատ տխուր բան մըն է երբ մա­մա եւ պա­պա չու­նիս։ Ես շատ ու­րախ եմ եւ բախ­տա­ւոր որ այս բո­լո­րը ու­նիմ։ Ու­րեմն՝ շնոր­հա­կալ եմ։
­Կա­ղանդ ­Պա­պա­յէն պի­տի ու­զէի որ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը տուն մը ու­նե­նան, իսկ ին­ծի հա­մար՝ շու­նիկ մը։
­Գաբ­րիէլ

Շ­նոր­հա­կալ եմ ծնող­քիս եւ եղ­բօրս, որ այս­քան կը սի­րեն ին­ծի փոք­րիկ տա­րի­քէս։ ­Մա­մաս հա­մով կե­րա­կուր­ներ կը պատ­րաս­տէ ըն­տա­նի­քին հա­մար, պա­պաս ա­մէն օր կ­՚աշ­խա­տի, նոյ­նիսկ իր ա­զատ օ­րե­րուն եւ եղ­բայրս ին­ծի միշտ կը պաշտ­պա­նէ ու կը սի­րէ։ ­Կը մաղ­թեմ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը սէր ու­նե­նան եւ ա­ռող­ջու­թիւն։
Ար­ման

Շ­նոր­հա­կալ եմ որ գե­ղե­ցիկ ըն­տա­նիք մը ու­նիմ։ Եղ­բօրս հետ շա՜տ կը խա­ղանք եւ կը սի­րենք ի­րար։ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան կ­՚ու­զեմ այս տա­րի ին­ծի հա­մար բե­րէ ի՜նչ որ կ­՚ու­զէ, բայց աղ­քատ մա­նուկ­նե­րուն տուն բե­րէ, ու­տե­լիք, մա­մա եւ պա­պա։
­Մա­րիա

Ես կը մաղ­թեմ այս տա­րի բո­լոր պա­տե­րազմ­նե­րը դադ­րին, ո­րով­հե­տեւ կ­՚ու­զեմ ա­մէն մարդ ա­զատ ու եր­ջա­նիկ ապ­րի եւ ա­մէն ե­րե­խայ ու­րախ զգայ։ Շ­նոր­հա­կալ եմ որ հայր, մայր, տուն, ըն­կեր ու­նիմ եւ ա­սոր հա­մար տա­քու­թիւն եւ ու­րա­խու­թիւն կը զգամ։ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան աղ­քատ պզտիկ­նե­րուն բե­րէ հա­գուստ, կօ­շիկ եւ խա­ղա­ղու­թիւն։
­Մե­լին

Ես ե­թէ աղ­քատ պզտիկ մը տես­նէի, պի­տի եր­թա­յի տունս, ծնող­նե­րուս հարց­նեմ թէ ին­չո՞վ կրնանք օգ­նել, որ­պէս­զի այս տղան դպրոց եր­թայ, տուն ու­նե­նայ եւ ա­նօ­թի չմնայ։ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան ին­ծի հա­մար թող բե­րէ ի՜նչ որ կ­՚ու­զէ բայց աղ­քատ մար­դոց եւ ե­րե­խա­նե­րուն բե­րէ շատ նո­ւէր­ներ, որ­պէս­զի ու­րախ ըլ­լան։
­Վա­լեն­թի­նա

Ես կը մաղ­թեմ որ բո­լոր մար­դիկ եւ մա­նա­ւանդ պզտիկ­նե­րը ա­ռողջ ըլ­լան եւ տա­քու­թիւն ու­նե­նան։ ­Նաեւ կ­՚ու­զեմ ա­մէն մարդ իր ըն­տա­նի­քը եւ տու­նը ու­նե­նայ։ ­Չեմ ու­զեր որ տխուր եւ աղ­քատ ըլ­լան։ ­Կա­ղա՛նդ ­Պա­պա՝ այս տա­րի կ­՚ու­զեմ որ աշ­խար­հի վրայ բո­լոր պզտիկ­նե­րուն ըն­տա­նիք, տա­քու­թիւն եւ խա­ղա­լիք­ներ բե­րես։
­Փօլ

«Լ. Եւ Ս. Յակոբեան» վարժարան

­Սի­րե­լի ե­րե­խա­ներ, ձեզ կը մաղ­թեմ միշտ ու­րախ, ա­ռողջ եւ զօ­րա­ւոր ըլ­լաք։ Ա­մէն ե­րե­խայ ու­նե­նայ ըն­տա­նիք, տա­քուկ հա­գուստ­ներ եւ բնա­կա­րան մը։ ­Կա­ղանդ ­Պա­պա­յէն բո­լոր փոք­րիկ­նե­րը ա­ղո­ւոր եւ մեծ նո­ւէր­ներ ստա­նան։ ­Նոր ­Տա­րին եւ Ս.Ծնուն­դը բե­րէ եր­ջան­կու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թիւն։
­Մա­րի­լո­ւիզ

Աշ­խար­հի փոք­րիկ­նե­րը աղ­քատ չըլ­լան։ ­Կը մաղ­թեմ բո­լո­րը բնա­կա­րան մը ու­նե­նան։ Ի­րենց ծնող­քին հետ ապ­րին եւ դպրոց եր­թան։ Ի­րենց սրտե­րը ու­րա­խու­թեամբ լե­ցուն ըլ­լան։ ­Բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը չա­րիք չտես­նեն եւ ապ­րին խա­ղա­ղու­թեան մէջ։
Ան­տո­նիս

­Սի­րե­լի մա­նուկ­ներ, պի­տի ու­զէի տուն մը ու­նե­նաք եւ պա­տե­րազմ չու­նե­նաք։ ­Կը ցան­կամ, որ ա­նօ­թի ե­րե­խայ չմնայ աշ­խար­հի վրայ։ ­Թող ­Նոր ­Տա­րին ­Կա­ղանդ ­Պա­պան շատ նո­ւէր­ներ բե­րէ ձե­զի։
­Փա­ռէն

Աշ­խար­հի բո­լոր փոք­րիկ­նե­րուն կը մաղ­թեմ ա­ռող­ջու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն։ Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ։ Ու­նե­նաք ծնողք, տա­քուկ բնա­կա­րան եւ պա­տե­րազմ չտես­նէք։ Ս. Ծ­նուն­դը բե­րէ ու­րա­խու­թիւն եւ ժպիտ բո­լոր փոք­րիկ­նե­րուն։
Մե­լի­նա

Կ­՚ու­զեմ որ աշ­խար­հի բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը ու­նե­նան տուն, ու­տե­լիք, մեծ­նան ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ։ Ոչ մէկ ե­րե­խայ պա­տե­րազմ չտես­նէ։ ­Խա­ղա­ղու­թիւն բո­լո­րին ։
Ա­գա­պի

­Սի­րե­լի ե­րե­խա­ներ ես միշտ կը մտա­ծեմ ա­ռողջ ըլ­լաք, տա­քուկ ըն­տա­նիք մը ու­նե­նաք։ ­Կա­ղանդ ­Պա­պան այս ­Նոր ­Տա­րին նո­ւէր­ներ բե­րէ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րուն։ ­Կը փա­փա­քիմ եր­ջան­կու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թիւն։ ­Ձեզ կը մաղ­թեմ Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ։
Ա­նի Տ.

Ես այս տա­րի կը ցան­կամ, որ ա­մէն մա­նուկ­նե­րը ու­նե­նան մայ­րիկ ու հայ­րիկ։ ­Միշտ ու­րախ եւ ա­ռողջ ըլ­լան։ ­Նոր ­Տա­րին բե­րէ խա­ղա­ղու­թիւն, չա­րը պար­տո­ւի եւ յաղ­թէ բա­րին ։ Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ Ս.Ծ­նունդ։
­Վա­նա

­Թող աշ­խար­հի բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը ըլ­լան եր­ջա­նիկ, քաջ, ա­ռողջ եւ ծնող­ներ ու­նե­նան։ Ապ­րին ու­րախ։ Ու­նե­նան ու­տե­լիք եւ տուն։ ­Մեծ­նան ծնող­նե­րուն շու­քին տակ։ ­Պա­տե­րազ­մէ հե­ռու ապ­րին, ա­պա­հով եւ խա­ղաղ ա­ռանց չա­րի­քի։
Ա­նի Յ.
Աշ­խար­հի փոք­րիկ­ներ, չեմ ու­զեր պա­տե­րազմ ու­նե­նաք եւ ա­նօ­թի փոք­րիկ­ներ չտես­նեմ։ ­Բո­լո­րը ի­րենց ըն­տա­նի­քին հետ բնա­կին։ ­Խա­ղա­ղու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն բո­լոր փոք­րիկ­նե­րուն։ Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ։
­Կա­րէն

­Կը մաղ­թեմ բո­լոր ե­րե­խա­նե­րը տա­քուկ տուն մը ու­նե­նան ։ ­Միշտ ա­ռողջ եւ զօ­րա­ւոր ըլ­լան։Ա­նօ­թի չմնան եւ եր­ջա­նիկ ըլ­լան։ ­Խա­ղա­ղու­թիւն աշ­խար­հին։ Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ։
­Մար­թա

­Կը փա­փա­քիմ այս նոր տա­րին ա­մէն տղայ ու աղ­ջիկ ըն­տա­նիք ու­նե­նան եւ տա­քուկ բնա­կա­րան մը։­ Խա­ղա­լիք­ներ առ­նեն ­Կա­ղանդ ­Պա­պա­յէն, ու­տե­լիք­ներ ու­նե­նան եւ ա­նոնք ո­րոնք հի­ւան­դա­նոցն են ա­ռողջ տուն վե­րա­դառ­նան։ Ես կը մաղ­թեմ աշ­խար­հի բո­լոր ման­չուկ­նե­րուն եր­ջան­կու­թեամբ եւ խա­ղա­ղու­թեամբ տա­րի մը ու­նե­նան ։
Ս­տե­փան

­Կը փա­փա­քիմ բո­լոր աշ­խար­հի պզտիկ տղա­նե­րը ու­նե­նան ջուր, կե­րա­կուր, հա­գուստ­ներ, խա­ղա­լիք­ներ եւ տուն մը, որ­պէս­զի բնա­կին։ ­Կը մաղ­թեմ 2020ին փոք­րիկ հի­ւանդ­նե­րը ա­ռող­ջա­նան։ ­Բո­լո­րին սրտե­րը եր­ջան­կու­թեամբ եւ սի­րով լե­ցո­ւին։
Ալ­պէր

Փոք­րիկ­ներ, շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ Ս. Ծ­նունդ։ ­Նոր ­Տա­րին բե­րէ ե­րե­խա­նե­րուն տա­քուկ ըն­տա­նիք, սէր եւ խա­ղա­լիք­ներ։ Աշ­խար­հի բո­լոր ե­րե­խա­նե­րուն կը մաղ­թեմ ա­ռող­ջու­թիւն, ու­րա­խու­թիւն, քա­ջու­թիւն եւ խա­ղա­ղու­թիւն։
­Ծի­լա

­Սի­րե­լի ե­րե­խա­ներ, ձե­զի կը մաղ­թեմ քաջ եւ ա­ռողջ ըլ­լաք, լաւ ապ­րիք եւ ըն­կե­րա­սէր ըլ­լաք։ Ե­թէ հի­ւանդ էք շուտ ա­ռող­ջա­նաք։ ­Նոր ­Տա­րին բա­րով գայ, ա­ռանց չա­րի­քի եւ բե­րէ սէր, խա­ղա­ղու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն։ Ա­սի­կա է իմ մաղ­թանքս։
Ա­րամ