­Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան ­Ծաղ­կոց» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան, եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ՝ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն, ­Կի­րա­կի՝ 4 ­Փետ­րո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 4էն 8, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Տէր-­Զա­քա­րեան» զար­դա­րո­ւած սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան դի­մա­հան­դէս, որ կա­րե­լի է ը­սել, թէ մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­ցաւ, նկա­տի ու­նե­նա­լով կազ­մա­կեր­պո­ւա­ծու­թիւնն ու ներ­կա­յու­թիւ­նը դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան ու ծնող­նե­րուն։
­Յայտ­նենք, որ ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Հ.Գ.Խ.ի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան ­Ծաղ­կոց» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մի, Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րը, ծնող­ներ եւ ա­շա­կերտ­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։
Ս­րա­հէն ներս տի­րեց մեծ ու­րա­խու­թիւն, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ծնող­նե­րուն հետ դի­մա­կա­ւո­րո­ւած, միաս­նա­կան ո­գիով, պա­րե­րով, եր­գե­րով ու զա­նա­զան տե­սա­կի խա­ղե­րով ան­ցու­ցին օ­րո­ւան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նար­կը։ Բ­նա­կա­նա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, պատ­րաս­տո­ւած՝ դպրո­ցի ա­շա­կեր­տու­թեան ծնող­նե­րուն, Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան եւ կա­մա­ւոր­նե­րու կող­մէ։
Ա­շա­կերտ­նե­րուն ա­մէ­նէն ու­րախ պա­հը յատ­կա­պէս այն էր, որ յա­տուկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ վար­ձո­ւած էին՝ որ­պէս ծաղ­րա­ծու­ներ եւ խա­մա­ճիկ­ներ, ա­շա­կերտ­նե­րուն ե­րես­նե­րը նկա­րե­լու եւ գծե­լու, ինչ­պէս նաեւ դաս­տիա­րակ­չա­կան խա­ղե­րով զո­ւար­ճաց­նե­լու հա­մար զա­նոնք։
Ա­ւար­տին, խօսք առ­նե­լով, Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց բո­լոր կազ­մա­կեր­պող­ներն ու մաս­նակ­ցող­նե­րը եւ մաղ­թեց, որ այս­պի­սի ու­րախ եւ յա­ջող ձեռ­նարկ­ներ շա­րու­նա­կո­ւին մեր ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար։ Ան կոչ ուղ­ղեց ծնող­նե­րուն՝ ը­սե­լով.- «Մշ­տա­կան կեր­պով ձեր զա­ւակ­նե­րը բե­րէք դպրոց, ե­կե­ղե­ցի, միու­թիւն­նե­րէն ներս, որ­պէս­զի ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ու միու­թե­նա­կան կեան­քով ու ո­գիով թրծո­ւին, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն ի­րենց յա­ջորդ­նե­րուն՝ մե­ծե­րուն ա­ւանդն ու ժա­ռան­գը պահ­պա­նել հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ։
Ի վեր­ջոյ, առ­նո­ւե­ցաւ յի­շա­տա­կե­լի խմբան­կար մը եւ ներ­կա­նե­րը գո­հու­նակ սրտով մեկ­նե­ցան ի­րենց տու­նե­րը։
­Բո­լո­րին վարձ­քը կա­տար

Թղ­թա­կից