Բարեկենդանի տօնին առիթով, հովանաւորութեամբ՝ Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, եւ մասնակցութեամբ՝ դպրոցի աշակերտութեան ծնողներուն, Շաբաթ՝ 9 Մարտ 2019ի առաւօտեան ժամը 11։00-1։30, եկեղեցւոյ հանդիպակաց կողմը գտնուող «Χ.Α.Ν.Θ.» մարզական կեդրոնի զարդարուած մէկ սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ աշակերտական դիմակահանդէս, որ կարելի է ըսել, թէ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ՝ նկատի ունենալով կազմակերպուածութիւնն ու ներկայութիւնը դպրոցի աշակերտութեան ու ծնողներուն։
Յայտնենք, որ ձեռնարկին ներկայ էին Հ.Գ.Խ.ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Շրջանային Վարչութեան, Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան, Թեսաղոնիկէի «Մալաքեան-Գասպարեան Ծաղկոց» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի անդամ-անդամուհիներ, ծնողներ եւ աշակերտներ, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան եւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի փոխ-ատենապետ՝ պրն. Մարտիկ Մարտիկեան։
Արդարեւ, սրահէն ներս տիրեց մեծ ուրախութիւն, երբ աշակերտները իրենց ծնողներուն հետ դիմակաւորուած, միասնական ոգիով, պարերով, երգերով ու զանազան տեսակի խաղերով՝ ճոխացուցին օրուան գեղարուեստական ձեռնարկը։ Բնականաբար, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն, որ պատրաստուած էր դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան ծնողներուն եւ բոլոր կամաւորներուն կողմէ։
Յատկապէս աշակերտներուն համար ամէնէն ուրախ պահը այն էր, որ յատուկ անձնաւորութիւններ վարձուած էին՝ որպէս ծաղրածուներ եւ խամաճիկներ, աշակերտներուն երեսները նկարելու եւ գծելու համար, ինչպէս նաեւ դաստիարակչական խաղերով զուարճացնելու զանոնք։
Աւարտին, առնուեցաւ յիշատակի պատմական խմբանկար մը եւ ներկաները գոհունակ սրտով մեկնեցան իրենց տուները։
Աշակերտական դիմակահանդէս
Աշակերտական դիմակահանդէսը մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ