­­Նո­յեմ­բեր 1ի այս օ­րը, 106 տա­րի ա­ռաջ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ ­­Լե­ւոն ­­Թո­րո­սեան ա­նու­նով հա­յազ­գի ար­ժա­նա­ւոր մա­նուկ մը, որ կո­չո­ւած էր Ան­րի Թ­րո­ւա­յա գրչա­նու­նով իր բարձ­րա­դիր պա­տո­ւան­դա­նը նո­ւա­ճե­լու ֆրան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան աշ­խար­հահռչակ տա­ղանդ­նե­րու փա­ղան­գին մէջ։ Ֆ­րան­սա­կան գրա­կա­նու­թեան հա­յազ­գի վար­պե­տը 96 տա­րի ապ­րե­լու բախ­տը ու­նե­ցաւ եւ մին­չեւ ծե­րու­նա­զարդ իր կեան­քին վեր­ջին օ­րե­րը գրի­չը վար չդրաւ եւ շա­րու­նա­կեց ստեղ­ծա­գոր­ծել ու ար­ժա­նա­նալ մի­լիո­նա­ւոր իր երկր­պա­գու­նե­րու հիաց­մուն­քին։
Ար­մա­ւի­րի չեր­քէ­զա­հայ ­­Թա­րա­սով­նե­րու տոհ­մէն սե­րած էր քսա­նե­րորդ դա­րու գրա­կան աշ­խար­հը նո­ւա­ճած հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծա­տա­ղանդ այս զա­ւա­կը, որ թէեւ իր աշ­խար­հահռ­չակ Ան­րի Թ­րո­ւա­յա գրչա­նու­նով ուղ­ղա­կիօ­րէն չկա­պո­ւե­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան ա­ծո­ւին, բայց ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց հայ­կա­կան ծա­գու­մով մե­ծար­ժէք ֆրան­սա­ցի գրո­ղի կեր­պա­րը։
Ա­ւե­լի՛ն. նաեւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի ճա­կա­տագ­րին հետ ուղ­ղա­կի կա­պո­ւա­ծու­թեան ա­պա­ցոյց­ներ տուաւ Ան­րի Թ­րո­ւա­յա իր եր­կա­րա­մեայ կեան­քի ըն­թաց­քին, մա­նա­ւանդ իր մա­հէն քա­նի մը տա­րի­ներ ա­ռաջ, երբ իր ստո­րագ­րու­թեամբ միա­ցաւ ­­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու դա­տա­պար­տու­մը պա­հան­ջող՝ մի­ջազ­գա­յին հռչա­կի տէր հա­յազ­գի մե­ծա­նուն դէմ­քե­րու հա­ւա­քա­կան կոչ-դի­մու­մին։ ­­Հա­կա­ռակ ընդ­հան­րա­պէս քա­ղա­քա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան յանձ­նա­ռու գոր­ծու­նէու­թե­նէ հե­ռու մնա­լու իր ծա­նօթ վար­քագ­ծին։ ­­Բա­ցա­ռու­թեան կար­գով կա­տա­րո­ւած իր այդ քայ­լը Ան­րի Թ­րո­ւա­յա բա­ցատ­րեց հե­տե­ւեալ հիմ­նա­ւո­րու­մով.- «1915ին թուր­քե­րուն ի­րա­կա­նա­ցու­ցած ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը չէ ջնջո­ւած մար­դոց յի­շո­ղու­թե­նէն։ ­­Կը կար­ծեմ՝ Ֆ­րան­սան, որ հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ դա­տա­պար­տե­լու բո­լոր միւս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տե­ղի ու­նե­ցած են 1915էն յե­տոյ, պէտք է հա­մե­րաշխ ըլ­լայ ան­ցեա­լի ի­րա­դար­ձու­թեանց վկա­նե­րուն հետ, ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք մէկ ա­նո­ւա­նում ու­նին. յան­ցա­գոր­ծու­թիւն՝ ընդ­դէմ մարդ­կու­թեան»։
Ֆ­րան­սա­հայ մե­ծա­նուն գրո­ղի ծննդեան 106րդ ­տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով կ­­՚ար­ժէ ընդգ­ծել, նաեւ, որ Ան­րի Թ­րո­ւա­յա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը էա­պէս կա­պո­ւե­ցաւ ռու­սա­կան մշա­կոյ­թին հետ։ ­­Ռուս ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս 1917ի մեծ յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը խոր ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծե­ցին Թ­րո­ւա­յա­յի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հին վրայ եւ ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան ոչ միայն գրա­կան վէ­պե­րու, այ­լեւ պատ­մա­կան խո­րա­թա­փանց մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու՝ նուի­րո­ւած թէ՛ ­­Ցա­րա­կան ­­Կայս­րու­թեան մեծ կեր­տիչ­նե­րուն (ինչ­պէս Ի­վան Ա­հեղ, ­­Մեծն ­­Պետ­րոս եւ ­­Կա­տա­րի­նէ ­­Ցա­րու­հի), թէ՛ ռու­սա­կան գրա­կա­նու­թեան աշ­խար­հահռ­չակ հսկա­նե­րուն (ինչ­պէս ­­Պուշ­կին, ­­Թոլս­թոյ եւ ­­Տոս­թո­յեւս­քի)։
­­Տար­բեր չէր կրնար ըլ­լալ գրո­ղի եւ պատ­մա­բա­նի հո­գեմ­տա­ւոր աշ­խար­հը 1 ­­Նո­յեմ­բեր 1911ին ­­Մոս­կո­ւա ծնած ­­Լեւ Աս­լա­նի ­­Թա­րա­սո­վի (հե­տա­գա­յին հա­յա­ցո­ւած վե­րա­նո­ւա­նու­մով՝ ­­Լե­ւոն Ա­լեք­սանդ­րի ­­Թո­րո­սեա­նին), որ մե­ծա­հա­րուստ յար­կի տակ ան­ցուց իր ման­կու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րը, վա­յե­լեց ա­մէն կար­գի շռայ­լու­թիւն, ու­նե­ցաւ ա­ռան­ձին հո­գա­տար­ներ եւ զո­ւի­ցե­րիա­ցի դաս­տիա­րա­կու­հի, հմտա­ցաւ ռու­սե­րէ­նին ու ֆրան­սե­րէ­նին եւ կա­պո­ւե­ցաւ հա­մա­պա­տաս­խան մշա­կոյթ­նե­րուն։ ­­Բայց այդ բո­լոր բա­րիք­նե­րէն յան­կարծ զրկո­ւե­ցաւ, երբ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան գլուխ գա­լով՝ տա­նու­տէր Ա­լեք­սանդր ­­Թո­րո­սեա­նը ըն­տա­նեօք հե­ռա­ցաւ ­­Մոս­կո­ւա­յէն, վե­րա­դար­ձաւ ­­Կով­կաս եւ սպա­սեց պոլ­շե­ւիկ­նե­րու իշ­խա­նու­թեան… մօ­տա­լուտ ան­կու­մին։ ­­Բայց երբ դէպ­քե­րը հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ զար­գա­ցան եւ Ս­պի­տակ ­­Ռուս­նե­րը շա­րու­նա­կա­կան պար­տու­թիւն­ներ կրե­ցին, Ա­լեք­սանդր ­­Թո­րո­սեան 1920ին ո­րո­շեց եւ կրցաւ, իր ըն­տա­նի­քով, Ս­պի­տակ ­­Ռուս­նե­րը պոլ­շե­ւի­կեան հա­լա­ծան­քէն փրկող վեր­ջին նա­ւը բարձ­րա­նալ Խ­րի­մէն, անց­նիլ ­­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս (ուր ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ա­տե­նի դես­պա­նա­տան կող­մէ ստա­ցաւ հայ­կա­կան՝ ­­Լե­ւոն Ա­լեք­սանդ­րի ­­Թո­րո­սեան ա­նու­նով ան­ցա­գիր) եւ հոն­կէ ալ ­­Փա­րիզ, որ դար­ձաւ ­­Թո­րո­սեան­նե­րու վերջ­նա­կան բնա­կա­վայ­րը։
­­Հա­զիւ 9 տա­րե­կան ­­Լե­ւո­նի հա­մար Ֆ­րան­սան դար­ձաւ իս­կա­կան հայ­րե­նիք՝ ե՛ւ լե­զո­ւամ­տա­ծո­ղու­թեան կազ­մա­ւոր­ման, ե՛ւ ուս­ման ու քա­ղա­քա­ցիա­կան պատ­կա­նե­լու­թեան ա­ռում­նե­րով։ Սկզբ­նա­կան տա­րի­նե­րուն ­­Թո­րո­սեան­նե­րը ապ­րե­ցան մե­ծա­հա­րուստ սպի­տակ-ռուս աք­սո­րա­կան­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ եւ ա­նոնց բա­րե­կե­ցիկ թա­ղա­մա­սին մէջ (Neuilly ա­րո­ւար­ձա­նէն ներս), բո­լո­րին պէս հա­ւա­տա­լով եւ յու­սա­լով, որ շու­տով փուլ պի­տի գար «­­Սո­վե­տա­կան ­­Կայս­րու­թիւ­նը»։ ­­Բայց այդ սպա­սու­մը ա­պար­դիւն ան­ցաւ եւ ­­Լե­ւո­նի ծնող­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար մատ­նո­ւե­ցան նե­ղու­թեանց, ո­րով­հե­տեւ դիւ­րին չէր այդ օ­րե­րու ­­Փա­րի­զին մէջ մե­ծա­հա­րուստ ռուս­նե­րու կեն­ցա­ղով ապ­րիլ։ Ծ­նող­քը ծանր պարտ­քե­րու տակ ին­կան եւ ստի­պո­ւե­ցան տե­ղա­փո­խո­ւիլ ա­ւե­լի հա­մեստ պայ­ման­նե­րով բնա­կու­թեան շրջան։
­­Պա­տա­նի ­­Լե­ւոն ցմրուր ճա­շա­կեց այդ յու­սա­խա­բու­թեանց եւ նե­ղու­թեանց դառն բա­ժա­կը, բայց ի տար­բե­րու­թիւն ծնող­նե­րուն՝ շատ ա­ւե­լի ա­րագ եւ դիւ­րու­թեամբ հա­մար­կո­ւե­ցաւ ֆրան­սա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Ու­սա­նե­ցաւ եւ ա­ւար­տեց ­­Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նու­թեան ճիւ­ղը, 1933ին ստա­ցաւ ֆրան­սա­կան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն, զօ­րա­կո­չո­ւե­ցաւ բա­նակ, ծա­ռա­յեց եր­կու տա­րի եւ, այ­նու­հե­տեւ, եր­կար տա­րի­ներ պե­տա­կան պաշ­տօ­նի կո­չո­ւե­ցաւ ­­Սէ­նի ոս­տի­կա­նու­թեան պիւտ­ճէա­կան բաժ­նին մէջ։ ­­Թէեւ Թ­րո­ւա­յա դիւ­րու­թեամբ ըն­տե­լա­ցաւ ֆրան­սա­կան կեան­քին, այ­սու­հան­դերձ՝ ռուս աք­սո­րա­կան­նե­րու դա­ժան ճա­կա­տա­գի­րը եւ ռու­սա­կան հա­սա­րա­կա­փո­խու­թեան մեծ ող­բեր­գու­թիւ­նը խոր անդ­րա­դարձ ու­նե­ցան գրե­լու բնա­տուր տա­ղան­դով օժ­տուած ­­Լե­ւո­նի վրայ, որ ա­շա­կեր­տա­կան տա­րի­նե­րէն ար­դէն լծո­ւած էր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան բե­ղուն աշ­խա­տան­քի։
Գ­րա­կան իր սկզբնա­կան քայ­լե­րէն իսկ ան հրա­պա­րակ ե­կաւ Ան­րի Թ­րո­ւա­յա գրչա­նու­նով եւ ֆրան­սե­րէ­նով։ Ուս­ման եւ ապ­րուս­տի ա­պա­հով­ման աշ­խա­տան­քի կող­քին, գի­շեր­նե­րը նուի­րեց գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։ Այդ շրջա­նի Թ­րո­ւա­յա­յի պատ­մո­ւածք­ներն ու վի­պակ­նե­րը շատ ա­րագ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն գտան եւ հե­ղի­նա­կին ար­ժա­նա­ցու­ցին, 27 տա­րե­կա­նին, գրա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր «­­գոն­գու­րի մրցա­նակ»ին։
Այդ մրցա­նա­կէն ետք Թ­րո­ւա­յա ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցաւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան եւ պատ­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեանց։
1959ին՝ ար­դէն հան­րա­յայտ գրող, Ան­րի Թ­րո­ւա­յա ընտ­րո­ւե­ցաւ Ֆ­րան­սա­յի ­­Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի ան­դամ եւ իր ար­ժա­նի տե­ղը գրա­ւեց «40 Ան­մահ­նե­րու» փա­ղան­գին մէջ:
Ա­ւե­լի քան 70ա­մեայ իր ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին Թ­րուա­յա հե­ղի­նակ դար­ձաւ 100է ա­ւե­լի վէ­պե­րու, վի­պակ­նե­րու, նո­րա­վէ­պե­րու, յու­շագ­րու­թիւն­նե­րու, պատ­մա­վէ­պե­րու, կեն­սագ­րա­կան վէ­պե­րու, պատ­մա­կան ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու, ո­րոնց մեծ մա­սը կը հա­մա­րո­ւի հա­մաշ­խար­հա­յին գրա­կա­նու­թեան մնա­յուն ար­ժէք­ներ:
­­Հա­յազ­գի մե­ծա­տա­ղանդ գրո­ղի հսկա­յա­կան ժա­ռան­գու­թեան մաս կը կազ­մեն հա­մաշ­խար­հա­յին հռչակ վա­յե­լող այն­պի­սի գոր­ծեր, ինչ­պի­սիք են՝ «­­Սար­դը», «­­Խա­բու­սիկ լոյս»ը, «­­Կեղծ օր»ը, «­­Ցան­ցեր»ը, «Ընդ­հա­նուր գե­րեզ­ման»ը, «Աստ­ծոյ դա­տաս­տան»ը, «Գ­լուխն ու­սե­րուն»ը, «Ե­ւա­յի ժես­տը», «Ս­գա­ւոր ձիւ­նը», «Էգ­լե­թիեր­նե­րու ըն­տա­նի­քը», «­­Թա­կարդ»ը, «­­Ցանք եւ հունձք»ը, «Ար­դար­նե­րու լոյ­սը», «Ա­պա­գա­յի ժա­ռանգ­նե­րը», «­­Մին­չեւ վա­ղը, ­­Սիլ­վի»ն, «Եր­րորդ եր­ջան­կու­թիւն»ը եւ այլ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ:
27 տա­րե­կա­նին իր ստա­ցած հան­րա­յայտ «­­գոն­գուր (Prix Goncourt) մրցա­նակ»էն ետք, Թ­րո­ւա­յա ար­ժա­նա­ցաւ Ֆ­պան­սա­կան Գ­րա­կա­նու­թեան եւ Մ­շա­կոյ­թի Հ­րա­մա­նա­տա­րի շքան­շա­նին, ինչ­պէս նաեւ «­­Պա­տո­ւոյ ­­Լե­գէո­նի մեծ խա­չին» ու բազ­մա­թիւ այլ պար­գեւ­նե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու:
Ա­նոր գիր­քե­րը թարգ­մա­նո­ւած են աշ­խար­հի շատ լե­զու­նե­րով:
1994ին, Ֆ­րան­սա­յի ա­մե­նա­յայտ­նի հե­տա­զօ­տա­կան հաս­տա­տու­թեան՝ Sofresի կա­տա­րած մէկ հար­ցա­խոյ­զին հա­մա­ձայն, Թ­րո­ւա­յա կը շա­րու­նա­կէր մնալ ֆրան­սա­ցի­նե­րու ա­մե­նա­սի­րե­լի գրո­ղը։
Ան­րի Թ­րո­ւա­յա առ­յա­ւէտ փա­կեց աչ­քե­րը 96 տա­րե­կա­նին՝ 2 ­­Մարտ 2007ին, իր ստեղ­ծած պատ­կա­ռե­լի գրա­կան ժա­ռան­գու­թեան կող­քին սե­րունդ­նե­րուն կտա­կե­լով ֆրան­սա­ցիի ու հա­յու (ա­ւե­լի ճիշդ՝ ինչ­պէս ինք պի­տի ը­սէր, «ռու­սա­կան հա­յու») բարդ եւ
ու­սա­նե­լի հա­մար­կում մը։
Ֆ­րան­սա­հա­յու իւ­րա­յա­տուկ կեր­պար մը՝ ո­րուն նե­րաշ­խար­հին եւ խո­րա­խոր­հուրդ հա­կա­սու­թիւն­նե­րուն ու հաշ­տե­ցում­նե­րուն մա­սին դեռ իր սպա­ռիչ խօս­քը չէ ը­սած հայ գրա­կա­նա­գի­տու­թիւ­նը։
Ան­րի Թ­րո­ւա­յա­յի ծննդեան տա­րե­դար­ձին ա­ռի­թով, ըն­թեր­ցո­ղը մե­ծա­տա­ղանդ գրո­ղին ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան փի­լի­սո­փա­յու­թեան հա­ղորդ դարձ­նե­լու կը ծա­ռա­յէ հար­ցազ­րոյ­ցէ մը քա­ղուա­ծա­բար թարգ­մա­նո­ւած հե­տե­ւեալ խորհր­դա­ծու­թիւ­նը. «­­Վի­պա­սա­նին հա­մար ա­մէ­նէն կա­րե­ւորն է՝ ձգել իր կեր­պար­նե­րուն, որ ապ­րին ա­զատ, թա­փան­ցել՝ ա­նոնց մոր­թին մէջ, են­թար­կո­ւիլ՝ ա­նոնց ճա­կա­տագ­րին, կար­ծես ա­տի­կա գրո­ղին սե­փա­կա­նը ըլ­լայ, եւ բա­ցա­յայ­տել զայն՝ քայլ առ քայլ։
«… ­­Ժա­մա­նա­կա­կից գրա­կա­նու­թիւ­նը շատ բազ­մա­զան է, հե­տե­ւա­բար՝ շատ աշ­խոյժ: Այն­քան ա­տեն, որ մէ­կը կը շա­րու­նա­կէ գրել ըստ իր խառ­նո­ւած­քին եւ ոչ թէ ըստ ո­րե­ւէ դպրո­ցի կա­նոն­նե­րուն, գրա­կա­նու­թիւ­նը Ֆ­րան­սիա­յի մէջ լաւ կ­’ըն­թա­նայ: Ես կը շա­րու­նա­կեմ հա­ւա­տալ, որ վէ­պի մը էու­թիւ­նը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր է, քան ձե­ւը: ­­Մեծ վի­պա­սան­նե­րը նշա­նա­ւոր դար­ձած են ո՛չ այն պատ­ճա­ռով, որ ա­նոնք յայտ­նա­բե­րած են ոճ, կա­ռու­ցո­ւածք, բա­ռե­րը շա­րադ­րե­լու ան­սո­վոր ձեւ մը, այլ ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք ըն­թեր­ցո­ղին տո­ւած են իւ­րա­յա­տուկ լու­սա­ւո­րում եւ աշ­խար­հին նա­յե­լու նոր ձեւ մը»: