
ԽՄԲԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Անցած են 68 տարիներ 24 Դեկտեմբերի այն օրէն, երբ յունահայ մամուլի ու լրագրութեան անսպառ գրիչը յանկարծակիօրէն ցամքեցաւ։ «Նոր Օր»-ի անխոնջ խմբագիր, ապա «Ազատ Օր»-ի գործակից, հրապարակախօս, մտաւորական, բանաստեղծ եւ գրագէտ Անտոն Կազէլ իր կեանքը նոյնացուց յունահայ գաղութի կազմաւորման առաջին տարիներուն հետ։ 30 տարիներու մէջ դիզած վաստակով իր անունին ոսկի տառերը անմահացան յունահայ մատեանին մէջ։
«Ազատ Օր» իր էջէրէն եւ բացառիկներէն բազմիցս անդրադարձած է Կազէլի թողած վաստակին։ Այսօրուան թիւով կը հրատարակենք 1953-ին, «Ազատ Օր»ի երկու մեծերուն՝ Վազգէն Եսայեանի եւ Ահարոն Ստեփանեանի ձեռքով պատրաստուած Անտոն Կազէլի մասին «Սիրոյ եւ վշտի մեղեդիներ» գիրքէն՝ Ահարոնի ստորագրած նախաբանը։
«Ազատ Օր»-ի բազմավաստակ գրաշարը եւ աներեւոյթ «խմբագիրը» իր գեղգեղիչ մատիտով կը մտնէ Ա. Կազէլի հոգեմտաւոր էութեան խորերը եւ նրբազգաց բնորոշումներով կ՚ուրուագծէ Անտոն Կազէլ մարդը, մտաւորականը եւ հանրային գործիչը։ Նոյն գիրքին մէջ, իր հակիրճ ներածականով բանաստեղծ եւ խմբագիր Վազգէնը կը խօսի Կազէլի գրական գործերուն մասին, որ սոյն գիրքին մէջ լոյս տեսած բանաստեղծութիւններէն անդին, ան գրած է ընդարձակ վէպ մը՝ «Դարեհ Կախարդեանի վէպը» (կիսաւարտ), ստուար «Օրագիր»ը եւ «Յունահայ գաղութի պատմութիւնը» (անաւարտ)։ Արտադրած է արձակ էջեր եւ յուշեր։
Հակառակ զանազան ցուցմունքներու վրայ յենուած մեր հետեւողական պրպտումներուն Յունաստան եւ արտասահման, կարելի չեղաւ երեւան բերել վաղամերիկ խմբագիրին գործերը, որոնք մինչեւ այսօր անյայտ են։
Ներկայ գրութեան ընթերցումէն ետք, կը յուսանք, որ կայծ մը կրնայ վարիլ եւ տասնեակ տարիներ մութին մէջ մնացած Անտոն Կազէլի արժէքաւոր գործերը լոյս աշխարհ երեւին։
Ահարոն Ստեփանեան Աթէնք, 1953
Բանաստեղծութիւններու ներկայ հրատարակութեան առիթով գրուած այս քանի մը էջերը՝ ո՛չ նպատակ ունին եւ ո՛ չ կրնան տալ ամբողջական դիմագիծը Անտոն Կազէլի, որ, անվարանօրէն կարելի է ըսել, ունեցաւ իր արժանի տեղը՝ ընդհանրապէս Հայկական Սփիւռքի եւ մասնաւորապէս յունահայ գաղութի երեսուն տարուայ պատմութեան մէջ, իբր վարժ խմբագիր, նրբազգած բանաստեղծ, հաւատաւոր դաշնակցական ղեկավար եւ հանրային-հասարակական անխոնջ գործիչ:
Աղօտ դիմաստուերում մը միայն՝ մէկու մը կողմէ՝ որ զինքը ճանչցաւ փոքր հասակէն եւ անոր հետ գործակցեցաւ երեսուն տարի, շունչ-շունչի, հայ մամուլի տատասկոտ ասպարէզին մէջ:
Ուրիշ ոչինչ:
Մնացեալը գործն է անոնց՝ որոնք պիտի փորձեն հետագային գրել սփիւռքահայ կեանքի եւ հայ մամուլի պատմութիւնը:
***
Անտոն Կազէլ մեռաւ 1952 Դեկտեմբեր 24-ին, սրտի խցումի հետեւանքով:
Անոր մահով լռեց Յունաստանի դաշնակցական մամուլի սոխակը, որ քառորդ դար դայլայլեց «Նոր Օր»ի եւ «Ազատ Օր»ի էջերուն մէջ, հայ գիրին ու խօսքին քաղցրօրօր ալիքները պտտցնելով եւ հաւատքի կայծեր կաթեցնելով հայրենակարօտ հայ բազմութիւններու հոգիներէն ներս:
Փշրուեցաւ գրիչը շնորհալի խմբագրի մը, որ հանրային կարծիք վարեց, քամելով իր ուղեղն ու սիրտը, ի խնդիր տարահալած հայ բեկորներու գոյապահպանման համար մղուող պայքարի պսակման:
Վաղահաս մահը անակնկալ մը չեղաւ իր մտերիմներուն համար, որոնք կրցած էին նշմարել ժամանակի հոլովոյթին հետ անոր հոգիին մէջ շեշտուող հիասթափութիւնը՝ կեանքէն ու աշխարհէն:
Ընթերցումը՝ իր թողած ձեռագրերու տրցակներուն, շատ բան կը պարզէ այս մասին:
Ի ծնէ լաւատեսութեամբ օժտուած եւ առօրեայի բոլոր դառնութիւնները ժպիտով դիմագրաւող այս տղան, փակեց իր երազուն աչքերը, յանձնուելու համար Մեծ Երազին, որուն տխուր երգիչը հանդիսացաւ իր կեանքի վերջին տարիներուն:
***
Անտոն Կազէլ ծնած էր 1899-ին, Զմիւռնիոյ նահանգի Էօտէմիշ քաղաքին մէջ, ուր երեք հարիւր տնուոր պատուական հայ գաղութ մը կը շնչէր, իրեն համար ստեղծած փոքրիկ «Հայաստան»ի մը մէջ:
Զաւակն էր սուրիացի կաթոլիկ հօր մը — Իսքէնտէր Կազէլ — եւ Էօտէմիշցի լուսաւորչական հայուհիի մը — Վասիլուհի Պոյաճեան:
Հօրմէ օտար այս տղան,- ինչպէս նաեւ իր եղերաբախտ երկու եղբայրներն ու քոյրը,- շնորհիւ իր մօր եւ ծննդավայրի հայկական մթնոլորտին, դարձաւ ո՛չ միայն կատարեալ հայ, այլեւ, հետագային, իր ճակատագիրը կապեց մեր ժողովուրդի հանրային-հասարակական ապերախտ ասպարէզին, երբ, իբր սոսկական մարդ, բոլոր պայմաններն ունէր բարեկեցիկ ու երջանիկ կեանք մը ապահովելու իրեն համար՝ արեւուն տակ:
Անտոն Կազէլի մանկութիւնը եղաւ չափազանց կրակոտ, անհանդարտ ու չար: Չարութիւն մը — փոխաբերական իմաստով — որ զինքը կը դարձնէր աւելի սիրելի: Բնութիւնը զինքը օժտած էր ուշիմութեամբ, խորաթափանց միտքով եւ նրբազգած հոգիով մը: Պզտիկուց իր մէջ նշմարելի էր գոյութիւնը նկարագրի ուրոյն գծի մը՝ կեանքի բոլոր արտայայտութիւններու նկատմամբ: Գիծ մը՝ որ զինքը կը մղէր յաճախ՝ շրջապատին համար անըմբռնելի ելոյթներու, բայց խորքին մէջ կը մատնէր հաստատուն նկարագրի եւ զօրաւոր անհատականութեան մը գոյութիւնը: Այդ գիծը, տարիներու ընթացքին, իր մէջ աւելի շեշտուեցաւ, ի վերջոյ զինքը առաջնորդելով հոն՝ ուր կազմուեցաւ հանրային-հասարակական գործիչ, կուսակցական ղեկավար եւ խմբագիր-բանաստեղծ Անտոն Կազէլը:
Նախնական կրթութիւնը ստացաւ ծննդավայրի ազգային բարձրագոյն նախակրթարանին մէջ, դաշնակցական փորձառու ուսուցիչներու շունչին տակ եւ պատանեկան տարիքէն իսկ՝ իր մտքին ու հոգիին մէջ խոր արմատներ ձգեց Դաղնակցութեան գաղափարաբանութիւնը, որը հետզհետէ ուռճացաւ իր մէջ դարձաւ անշէջ ոգեկանութիւն եւ փայփայուած իտէալ մը, որուն հաւատարիմ մնաց եւ ծառայեց մինչեւ իր վերջին շունչը:
Վարժարանի ընթացքը փայլուն յաջողութեամբ աւարտելէ յետոյ, 1913-ին, իր հօր ճիգերով ու նիւթական միջոցներով, ղրկուեցաւ Գոնիայի «Ճենազեան» գոլէճը, ուսումը կատարելագործելու եւ հայեցի դաստիարակութիւնը աւելի խորացնելու համար:
Ընդգծեցինք «հայեցի» բառը, որովհետեւ, հազուադէպ պարագայ է՝ որ հայուհիի մը հետ ամուսնացած օտար հայր մը այնքան բուռն կերպով փափաքի՝ որ իր զաւակը դաստիարակուի ու կազմուի իբր հայ եւ ի վերջոյ իր ճակատագիրը կապէ մեր փոքր ու հալածական ժողովուրդի ճակատագրին:
Համաշխարհային առաջին պատերազմի պայթումին հետեւանքով, Անտոն, դեռ չլրացուցած «Ճենազեան» գոլէճի ընթացքը, վերադարձաւ Էօտէմիշ եւ, 1916-ին, դարձեալ ծնողքին միջոցներով, ղրկուեցաւ Զմիւռնիոյ Բարատիսոյի ամերիկեան գոլէճը, ուր մնաց մինչեւ պատերազմի վախճանը: 1918: Զինադադար:
Հայութեան համար ոգեւորութեան եւ գինովութեան օրեր էին: Հայաստան հռչակուած էր անկախ: Մեծ Եղեռնէն վերապրող հայ ժողովուրդի բեկորները իրենց աչքերը կը սեւեռէին Մասիսէն ճառագայթող արեւուն: Շարժում՝ ամէն տեղ: Խանդ՝ հայու սրտերու մէջ: Երազ՝ հայու աչքերու մէջ:
Ապրիլեան Եղեռնի մահացու խորչակի աւերէն զերծ մնացած զմիւռնահայ գաղութը՝ ազգային զարթօնքի նոր շրջան մը կը սկսէր բոլորել:
Այդ օրերուն, Անտոն, դեռ հազիւ երիտասարդ, մտաւորական բաւական ճոխ պաշարով, իբր հաւատաւոր դաշնակցական, նետուեցաւ զմիւռնահայ կեանքէն ներս ու կարճ ժամանակուան ընթացքին իրեն համար գրաւեց պատուաբեր դիրք մը, աշխատելով որպէս օգնական խմբագիր «Հորիզոն» եւ «Գոյամարտ» դաշնակցական թերթերուն: 1919-20, Մ. Բարթիկեանի հետ միասին հրատարակեց «Ատրուշան» կիսամսեայ գրական թերթը: Այդ օրերէն իսկ, ստորագրած գրութիւնները կը մատնէին իր մէջ թագնուած ապագայ շնորհալի խմբագիրը: Իբր գրող, իր վրայ խոր ազդեցութիւն ունեցաւ տաղանդաւոր պերճաբան եւ հրապարակագիր Սուրէն Պարթեւեան, որ Զմիւռնիա կը գտնուէր այդ շրջանին:
1922-ի փոքրասիական աղէտէն մազապուրծ, անցաւ Փարիզ, ուր հազիւ երկու ամիս կրցաւ մնալ: Արեւելքի պայծառ հորիզոններուն վարժ իր աչքերը սեւեռեցան դէպի Յունաստան, ուր եկաւ վերջնականապէս հաստատուելու 1922 Նոյեմբերին:
Թոհուբոհի օրեր էին: Հարիւր հազարի հասնող հայ բեկորներու բազմութիւն մը թափած էր Յունաստանի չորս կողմը: Ազգային եւ կուսակցական ոչ մէկ կազմակերպութիւն: Շուար եւ անստոյգ կացութիւն:
Գաղափարակից քանի մը ընկերներու հետ՝ Անտոն լծուեցաւ կուսակցական մեքենայ ստեղծելու աշխատանքին: 1922 Դեկտեմբերի վերջերը — կը գրէ ինքը — Աթէնքի սրճարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին, հիմը դրուեցաւ Հին Յունաստանի շրջանի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան կորիզին, որ կարճ ժամանակուայ ընթացքին կապ հաստատեց շրջաններու ցանուցրիւ ընկերներու հետ եւ դարձաւ յունահայ գաղութի կեանքը վարող ամէնէն ուժեղ գործօնը:
Կուսակցական մեքենայի կազմակերպման աշխատանքին զուգընթաց, ծրագիր մը մշակուեցաւ նաեւ թերթ մը հրատարակելու մասին: Առ այդ, Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթի տպարանէն բերուեցան տպագրական տառեր եւ քանի մը ամիս վերջ, 25 Մարտ 1923ին, լոյս տեսաւ «Նոր Օր»ի առաջին թիւը, իբր շաբաթաթերթ, 1924 Յունուարին դառնալու համար յունահայ գաղութի մնայուն օրաթերթը, տեւելով մինչեւ 1944 Սեպտեմբեր ու անկէ յետոյ շարունակուելով «Ազատ Օր» անունով մինչեւ այսօր:
Անտոն Կազէլ շատ երիտասարդ էր, հազիւ 24 տարեկան, երբ ստանձնեց «Նոր Օր»ի խմբագրութիւնը: Հակառակ ասոր, սակայն, ան ի յայտ բերաւ փորձառու եւ վարժ խմբագրի մը բոլոր յատկութիւններն ու կարողուիթւնները: Հետագային, տարիներու փորձառութիւնը զինքը հասցուց Սփիւռքի մեր լաւագոյն խմբագիրներու կարգին:
***
Մեր հանրային-հասարակական կեանքին մէջ, ամէնէն ապերախտ, մաշեցնող ու սպառող ասպարէզը կարելի է նկատել խմբագրութիւնը: Հայ խմբագիրը — այն՝ որ գաղափարական ուղեգծի մը հետեւորդն է — անկախ իրեն բաժին ինկած նիւթական ոչ-նախանձելի պայմաններէն, յաճախ ստիպուած է իր եսը զոհելու՝ ի շահ ընդհանրական եսին, որուն ծառայելու կոչուած է: Ան, հայ խմբագիրը, դատապարտուած է իր անձնական ապրումներն ու նախասիրութիւնները անտեսելու, եթէ չուզեր դաւաճանել իր կոչումին:
Անտոն Կազէլ, հակառակ իր շատ երիտասարդ տարիքին, լաւապէս ըմբռնած էր այս բոլոր պարագաները եւ գիտէր՝ թէ վարդերու կողքին՝ տատասկներ անպակաս պիտի ըլլային ասպարէզի ճամբուն վրայ՝ իր մատները արիւնելու եւ սիրտը ծակծկելու համար եւ այդ գիտակցութեամբ կապուեցաւ իր գործին, որուն չդաւաճանեց երբեք: Խմբագրի կոչումը ուժեղ էր իր մէջ: Խմբագիր եղաւ եւ խմբագիր մնաց մինչեւ վերջին շունչը: Ինչ փոյթ՝ թէ ատոր համար յաճախ տուժեց իբր անհատ, որովհետեւ շատ քիչեր կրցան իր մէջ գտնել անձը՝ խմբագրէն: Ու շատերէն բամբասուեցաւ եւ քաշքշուեցաւ՝ պարզապէս անոր համար՝ որ չուզեց մամուլը միջոց դարձնել՝ բոլորը գոհացնելու եւ բոլորին քմահաճոյքին ծառայացնելու:
Սփիւռքի հայ հրապարակագրական ասպարէզին մէջ՝ Կազէլ եղաւ մեր ամէնէն շուտ եւ ամէնէն շատ արտադրող խմբագիրներէն մէկը: Հայ մամուլի պայմաններու մասին քիչ թէ շատ գաղափար ունեցողները միայն կրնան ըմբռնել՝ թէ ի՛նչ կը նշանակէ չորս էջնոց օրաթերթի մը միակ խմբագիրը ըլլալ, գրել խմբագրականները, զանազան կեղծանուններով ստորագրել յօդուածներ եւ քրոնիկի սիւնակներ, աչքէ անցընել թղթակցութիւնները, թարգմանել օրուան լուրերը եւ սրբագրել փորձերը:
Ընդհանրապէս, խմբագրականները կը գրէր մէկ շունչով, կէս կամ երեք քառորդ ժամուան մէջ: Իր չափազանց արագ արտադրելու կարողութիւնը պատճառ չեղաւ, սակայն, որ անոր գրութիւնները իյնան ճապաղութեան սահմանէն ներս: Ընդհակառակն: Թերթը հեգելով կարդացող ամենահամեստ ընթերցողէն մինչեւ գրասէրն ու գրագէտը՝ հոգեկան հաճոյքով կը կարդային իր խմբագրականներն ու յօդուածները, անոնց մէջ գտնելով խորհող ու դատող մտքի մը ցոլքերը եւ նրբազգած բանաստեղծի մը սրտին զարկերը:
«Թերթը պէտք է ըլլայ հարազատ հայելին առօրեայ կեանքին, անոր ծուռ ու շիտակ կողմերով», կ՚ըսէր ինք եւ այդ ըմբռնումով ալ կ՚ընտրէր իր խմբագրականներուն եւ յօդուածներուն նիւթերը, զանոնք տարազելով իր քնարարական լեզուին եւ սահուն ոճին երանգներովը:
Իրեն պէս շատ քիչեր կրցած են հրապարակագրութիւնն ու բանաստեղծութիւնը կենակից դարձնել եւ կապել զանոնք նարօտով մը: Թղթատեցէք «Նոր Օր»ի 5250 թիւերը եւ «Ազատ Օր»ի հաւաքածոները եւ պիտի գտնէք իր գրութիւններուն մէջ տրամաբանութեան եւ զգացումին սերտ գործակցութիւնը, առաջինը՝ իբր խորք ու խարիսխ, իսկ երկրորդը՝ իբր շպար:
Իբր լրագրող, Կազէլ գիտէր շարժում դնել թերթին մէջ եւ շարժում ստեղծել գաղութին մէջ: «Շուտիկ» էր եւ ունէր սուր հոտառութիւն եւ գալիքը նախատեսելու բնատուր ձիրք: Կանոնաւոր հետեւող մըն էր օտար մամուլին եւ կ՚աշխատէր բան մը առնել անկէ ու պատշաճեցնել հայ մամուլի աւանդութիւն դարձած ձեւերուն եւ բովանդակութեան:
Իր խմբագրականներէն զատ, կը ստորագրէր նաեւ բուն անունով, ինչպէս նաեւ Ա. Կարէն, Ա. Կ. Դարեհ Կախարդեան, Արծուիկ, Աթենացի եւ այլ կեղծանուններով յօդուածներ:
Օրաթերթէն զատ խմբագրեց նաեւ «Յունահայ Տարեգիրք»երու շարքը, «Գրական Տետրակներ»ը, «Այգեստան» գրական պարբերաթերթը եւ «Առձեռն Հանրագիտակ»ներու պրակները: Աշխատակցեցաւ ողբացեալ Գէորգ Կառվարենցի եւ Վազգէն Եսայեանի խմբագրութեամբ Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող «Արեւագալ» գրական ամսաթերթին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի «Հայրենիք» ամսագրին եւ օրաթերթին:
Ինչպէս իր գրիչը, նոյնպէս եւ իր լեզուն:
Կազէլ եղաւ Աթենահայութեան փնտռուած բեմբասացներէն մէկը: Երբ կը խօսէր, կարկաչուն առուակ մըն էր իր լեզուն, որ կը հմայէր եւ իրեն կը կապէր ունկնդիրը: Անոր բանախօսութիւնները գոց եղած վարժապետական քլիշէ նախադասութիւններու շարայարումներ չէին: Իւրաքանչիւր արտայայտութիւն՝ միտք մըն էր ու դատողութիւն, առանց շառլաթանութեան: Կոկիկ եւ կտրուկ: Առանց կմկմալու: Սահուն հայերէնով եւ վճիտ ոճով: Անոնք որ զինքը լսած են Աթէնքի բեմերուն վրայ, տակաւին մինչեւ այսօր կը կրեն ազդու տպաւորութիւնը անոր խօսքին:
Իբրեւ հանրային-հասարակական մարդ, Անտոն Կազէլ, օրաթերթի ծանր աշխատանքէն զատ, ժամանակ տրամադրեց նաեւ նուիրուելու յունահայ գաղութի ազգային գործերու: Տուաւ այնքան՝ որքան կարելի էր տալ մարդկօրէն: Առանց աղմուկի: Առանց ռեքլամի: Եւ անտրտունջ: Իր անունը յունահայ գաղութի պատմութեան մէջ պիտի արձանագրուի, իբր հիմնադիրը այս շրջանի Հայ Կարմիր Խաչի կազմակերպութեան: 1924-ին, ողբացեալ Արամ Շիրինեանի հետ միասին, իր շուրջ հաւաքած Աթէնքի ամերիկեան գոլէճի հայ ուսանողուհիները, հիմը կը դնէր հայ կանացի այս կազմակերպութեան, որ հետագային ուռճացաւ, մասնաճիւղեր ունեցաւ արուարձաններու եւ շրջաններու մէջ, նախախնամական դեր կատարելով մինչեւ այսօր, յօգուտ հայ տառապող բեկորներուն:
Իբր կուսակցական, Անտոն Կազէլ, տարիներ շարունակ, գտնուեցաւ ղեկավար եւ պատասխանատու դիրքերու վրայ: Դաշնակցութեան գաղափարականով թրծուած իր հոգին՝ սնունդը փնտռեց եւ գտաւ անոր մէջ: Խորապէս ուսումնասիրած էր կուսակցութեան էութիւնը եւ անոր գոյութեան հիմերը կազմող աւանդութիւններն ու սրբութիւնները: Դաշնակցութիւնը, կազմակերպութիւն մը ըլլալէ աւելի, ոգեկան, գաղափարական եւ բարոյական արժէք էր իրեն համար եւ այդ ըմբռնումով ալ գործեց իբր կուսակցական, առանց իյնալու առօրեայ վէճերու եւ ըսի-ըսաւներու մէջ:
Հայ Քաղաքական Դատի լուծման ի խնդիր՝ նոր ուղիներ որոնելու իր ճիգին մէջ, մամուլի էջերէն եւ բերանացի, ունեցաւ յանդուգն արտայայտութիւններ, որոնք վէճի նիւթ դարձան կուսակցական շրջանակներու եւ արտասահմանի հայ մամուլին մէջ: Կը հաւատար՝ թէ գաղափարներու եւ միտքերու բախումէն կրնար լոյս մը ծագիլ, ճշմարտութիւն մը երեւան գալ, ի սատար անճիտուած հայ ժողովուրդի ճակատագրի տնօրինման գործին:
***
Կեանքի մէջ, մարդուս մեծագոյն դժբախտութիւններէն մէկն է չհասկցուած մնալը՝ իր շրջապատէն: Կազէլ եղաւ չհասկցուածներէն մէկը: Կամ շատ քիչերէն հասկցուեցաւ:
Հպարտութիւնը (ոչ-արհամարհող) որ եղաւ իր նկարագրին ամէնէն ցցուն գիծը, չթոյլատրեց իրեն, կեանքի ամենադժուարին պահերուն իսկ բացուելու, գոնէ մտերիմներու եւ սրտակիցներու, եւ խօսելու իր ցաւերու մասին: Ինչ որ ունէր իբր տրտմութիւն կամ ուրախութիւն, պահեց իր հոգիին մէջ, շաղախեց զանոնք եւ այդ շաղախով ծեփեց իր ներաշխարհը:
Շատ քիչեր ըմբռնեցին իմաստը իր հպարտութեան, որ զինքը աւելի բարձրացուց, հոգ չէ թէ ինքը տուժեց ատկէ:
Հպարտ եղաւ հանդէպ անոնց՝ որոնք ուզեցին նիւթին կանգունով չափել հոգեկան, բարոյական եւ իմացական արժէքները:
Քծինքն ու շողոքորթութիւնը,- մարդկային ընկերութիւնը անբարոյացնող ախտաժէտ երեւոյթներ,- տեղ չունեցան իր մէջ: Եղաւ նիւթապէս համեստ, բայց հոգիով եւ ապրումներով հարուստ եւ երբեք գլուխ չծռեց գրպանով հարուստ՝ բայց հոգիով աղքատներուն առջեւ: Նախընտրեց մտերմութիւնը խոնարհագոյններուն, որոնց մէջ գտաւ աւելի անկեղծութիւն եւ սրտբացութիւն, քան հրապարակներու վրայ իրենց չունեցածը ծախել փորձող բանգէտներու: Հեռու մնաց ամբոխէն եւ սիրեց մենութիւնը, իր ցաւերուն եւ ուրախութիւններուն հետ գլուխ-գլխի:
Ըստ իրեն, արցունքն ու տկարութիւնը տղամարդու վայել չէին եւ, հակառակ իր նրբազգած խառնուածքին, արցունքը տեղ չունեցաւ իր կոպերուն տակ: Աւելի ճիշդը՝ արցունքը կաթեցաւ իր սրտին մէջ: Իր համոզկեր լեզուն, որ կրնար ժամերով ինքզինքը պարտադրել ընկերական շրջանակներու մէջ, երբեք չբարբառեցաւ իր մասին: Երբ հասնէր այդ կէտին, կը դառնար լռութեան ասպետ: Բանաստեղծի միամտութիւնով սպասեց՝ որ շրջապատը հասկնայ զինքը: Չըմբռնեց՝ թէ մեր օրերուն մարդիկ նման են մակերեսներու վրայ թեւածող թիթեռնիկներու, անատակ՝ պեղումներու եւ խորասուզումներու:
«Լռութեան մէջ ինքնամփոփուելու սովորութիւնս, — կը գրէ իր թողած ձեռագիրներուն մէկուն մէջ,- ինծի կը թուի աղիտաւոր թերութիւն մը, որուն իմս ըլլալը կ‘ընդունիմ: Շուրջիններս բնաւ չնշմարեցին այս շեշտուած թերութիւնս, բայց խոշորացոյցով դիտեցին անմեղ քմայքներս»:
Ուրիշ տեղ մը.
«Լռութիւնը՝ հոգիի զմայելի պահ մըն է: Բայց ոչ միշտ: Ինչո՞ւ չեմ խօսիր կամ չեմ կրնար խօսիլ, երբ ստուերին մէջ կամ գորշ վարագոյրներու ետին, անկարեւոր ըլլալու աստիճան պզտիկ եսեր կ՚ուզեն ինքզինքնին պարտադրել: Եթէ պէտք է ընդունիմ՝ որ ընկերութիւնը փտած ու նեխած է, անվարան պէտք է ընդունիմ նաեւ որ իմ մէջս ալ փտած ու նեխած բան մը կայ ու ես աւելի չեմ արժեր՝ քան միւսները, որոնք իրենց հտպիտային ծամածռութիւններով կը պահեն օրուան մարդու համբաւը:
«Միտքը թմրեցնող եւ հոգին տեւապէս հիւանդագին վիճակի մէջ պահող աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն դէմ խիզախելու բաւարար ուժի պակասը զիս կը նետէ տրտմութեան գիրկը: Կը նախընտրեմ լռութիւնը, որուն մէջ կը գտնեմ մեծագոյն մխիթարանքը: Սոսկալի է, երբ մարդ կը տեսնէ ցաւը եւ չի կրնար զայն կանխել կամ մեղմացնել»:
Յաւիտենական ժպիտը եւ փիլիսոփայական զուարթութիւնը, որոնք անպակաս եղան իր դէմքէն, յաճախ իրեն դէմ գրգռեցին նախանձը իրմէ տասնապատիկ բախտաւորներու, որոնց մօտ ցամքած էր հոգեկան արժէքներու ակնաղբիւրը:
«Հոգեկան աշխարհին պակասը,- կը գրէ դարձեալ ինքը,- մարդուն մեծագոյն ողբերգութիւնն է: Ամէն ազնիւ զգացում, ամէն բարձր մտածում՝ սնունդը կը ստանայ հոգիէն: Երբ չկայ հոգին, ոչ մէկ բան կայ աշխարհի մէջ: Ոչ իսկ ճշմարտութիւն»:
Անտոն Կազէլ փիլիսոփայօրէն մտածեց «աշխարհի բաներու» մասին: Բնածին էր իր մէջ փիլիսոփայելու հակումը, որը աւելի շեշտուեցաւ փիլիսոփաներու այս երկրին՝ Յունաստանի մէջ: Եղաւ անոխակալ եւ անյիշաչար՝ բոլորին հանդէպ: Քինախնդրութեան մոլուցքը, որ կ՚ապականէ մարդոց հոգեկան ու բարոյական աշխարհը, հող չգտաւ իր մէջ: Իբր հրապարակագիր՝ չափազանց անխնայ եղաւ մեր հանրային կեանքը խանգարող ցեցերուն դէմ, խարանելով զանոնք մամուլի սիւնակներէն, բայց, իբր անհատ, բարեհամբոյր ու շրջահայեաց գտնուեցաւ՝ ուրիշներու զգացումները չվիրաւորելու համար: Ներողամիտ եղաւ մարդկային բոլոր տկարութիւններուն հանդէպ: Ներեց նոյնիսկ անոնց՝ որոնք փորձեցին զինքը հարուածել ու վիրաւորել՝ իր հպարտութեանը մէջ: Չխառնուեցաւ ուրիշներու անհատական ներքին գործերուն եւ ուզեց՝ որ մարդիկ՝ նախ քան ուրիշի աչքին շիւղը նշմարելը՝ տեսնեն իրենց աչքին գերանը:
Կազէլ անկեղծօրէն խոստովանեցաւ նաեւ իր թերութիւններն ու մոլութիւնները: Փարիսեցիի մը պէս մարդոց, բայց, երբեք չփորձուեցաւ զանոնք բամբասել փողոցներու անկիւնը կամ սեղաններու շուրջ: Մէկը՝ որ բնաւ չխօսեցաւ ու չգրեց իր առաւելութիւններուն եւ բարեմասնութիւններու մասին, քաջութիւնն ու անկեղծութիւնը ունեցաւ իր իսկ գրիչով ներկայացնելու իր մոլութիւնները.-
Հօր մը նըման՝ որ ցաւով եւ անձկութեամբ կը խորհի
Զաւակներուն անառակ, յաճախ ես ալ, ակամայ
Կը մըտածեմ կիրքերուս, մոլութիւններուս վըրայ,
Որոնք կ՚աճին, կը մեծնան ամէն օր քիչ մ՚աւելի:
Ի՜նչ փոյթ՝ թէ չհամակրին ինծի՝ անոնց պատճառաւ,
Նողկանքով ինձ մօտենան բարեկամներ մերձաւոր,
Չի՛ կրնար հայր մը լըքել զաւակներն իր ախտաւոր,
Հոգիին մէջ որքա՜ն ալ ունենայ անոնց դէմ ցաւ…
***
Այսօր, երբ խղճի եւ բարոյական տարրական պարտականութիւն մը կատարելու մտածումով հրատարակութեան կու տանք բանաստեղծութիւններու այս հաւաքածոն, մեր աչքերը կը սեւեռին իր գործին եւ մասնաւորաբար իր հոգիին սարսուռներն ու մտքին ցոլքերը պարփակող օրաթերթի մը մօտ եօթ հազար թիւերու հաւաքածոներուն վրայ, որոնք պիտի մնան իբր կոթող իր յիշատակին յաւերժութեան: