ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

­Մեր խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ­Հա­յաս­տան֊Ս­փիւռք վեր­ջին խորհր­դա­ժո­ղո­վին ու այդ առ­թիւ ստեղ­ծո­ւած կարգ մը ե­րե­ւոյթ­նե­րու։
Սկզ­բուն­քով, նման հա­մախմ­բում­ներ միայն դրա­կան լից­քեր կրնան ստեղ­ծել, կամ՝ պէ՛տք է ստեղ­ծեն։ Երբ նոյն ազ­գին պատ­կա­նող տա­րաբ­նոյթ հո­սանք­նե­րու, մտա­ծո­ղու­թիւն­նե­րու եւ աս­պա­րէզ­նե­րու մար­դիկ քով֊­քո­վի կու գան՝ հա­սա­րա­կաց օ­րա­կար­գե­րով։
Երբ ա­ռա­ջադ­րո­ւա­ծը հա­մախմ­բում կամ միաս­նու­թիւն ստեղ­ծել է, առ­նո­ւած գործ­նա­կան քայ­լե­րը եւս պէտք է յե­նին նոյն այդ տրա­մա­բա­նու­թեան վրայ։
­Խօ­սինք ցայ­տուն օ­րի­նա­կով մը։ ­Բաց­ման նիս­տին, ո­րուն կրցաւ հե­տե­ւիլ այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը ու­ղիղ կա­պով (հա­մա­ցան­ցը եւ հա­մա­կար­գի­չը ողջ մնան…), բե­մին վրայ էին ու պաշ­տօ­նա­կան խօս­քեր ը­սին ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի նա­խա­գահ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ… եր­կու կա­թո­ղի­կոս­նե­րը։
Ե­թէ հո­գե­ւոր պե­տե­րուն խօսք պի­տի տրո­ւէր, այդ պա­րա­գա­յին ին­չո՞ւ բե­մին վրայ չէին ու խօս­քի ա­ռիթ չտրո­ւե­ցաւ հայ միւս եր­կու յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­նե­րու հո­գե­ւոր պե­տե­րուն. այ­սինքն՝ հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան եւ հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­ռա­ջին դէմ­քե­րուն։ Ա­նոնք եւս ը­սե­լիք չու­նէի՞ն։ Այս եր­կու յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­ներն ալ հա­յու­թեան բաղ­կա­ցու­ցիչ տար­րե­րէն են, ի­րենց քա­նի մը դա­րեայ ճոխ կեն­սագ­րու­թեամբ՝ հո­գե­ւոր, ըն­կե­րա­յին ու մշա­կու­թա­յին֊կր­թա­կան բնա­գա­ռառ­նե­րէ ներս։
Ո՛չ ըմբռ­նե­լի, ոչ ալ նե­րե­լի էր ա­նոնց բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը այս պա­րա­գա­յին. եւ թող յստակ ըլ­լայ, որ մեր այս խօս­քը կ’ուղ­ղո­ւի հա­մա­գու­մա­րի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն։ ­Ճիշդ չէ հա­մախմ­բե­լու ա­նո­ւան տակ կազ­մա­կեր­պո­ւած խորհր­դա­ժո­ղո­վէն դուրս պա­հել նշեալ եր­կու յա­րա­նո­ւա­նու­թիւն­նե­րը։ ­Հա­կա­սու­թիւն կայ հոս կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րու լո­զունգ­նե­րուն եւ գոր­ծին մի­ջեւ։
­Սա մէկ ե­րե­ւոյթ։
­Գանք երկ­րոր­դին։ ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին կա­պակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած պաշ­տօ­նա­կան լրա­տո­ւու­թիւ­նը (կամ քա­րոզ­չու­թիւ­նը) «շօ» մը կազ­մա­կեր­պե­լու տպա­ւո­րու­թիւ­նը կը ձգէր։ Օ­րի­նակ՝ ան­նա­խըն­թաց մեծ թի­ւով եր­կիր­նե­րէ հրա­ւի­րեալ­ներ, ու ա­պա՝ մեծ թի­ւեր. սկիզ­բը՝ 3000 հո­գիի մա­սին խօ­սո­ւե­ցաւ, վեր­ջը ան­շուշտ՝ չէ այդ­քան չէ, 1500 հո­գի, եւ այլն։
­Փո­խա­դարձ վստա­հու­թիւն ստեղ­ծե­լու եւ ամ­րապն­դե­լու կո­չո­ւած քայ­լե­րը չեն կրնար ա­ժան քա­րոզ­չա­մի­ջո­ցի վե­րա­ծո­ւիլ պա­րո­նայք։ Լր­ջու­թեան պա­կաս մը կայ հոս։
­Խօ­սի՞նք վստա­հու­թեան մա­սին։ ­Խօ­սի՛նք։
Երբ հայ­րե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը, ի­րենց վա­րած ներ­քին ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, կ’ա­ռաջ­նոր­դո­ւին ա­զա­տա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ, երբ օ­րէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան հա­մա­հունչ չեն ե­ղած անց­նող տա­րի­նե­րու ի­րենց վար­քա­գի­ծը, շատ բնա­կան է, որ թե­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը սկսի տի­րա­կան դառ­նալ։
­Մեր երկ­րի օ­րի­նա­պահ մար­մին­նե­րը ա­մէն քայ­լա­փո­խի հպար­տօ­րէն կը հա­ղոր­դեն, թէ «յայտ­նա­բե­րած են» այս­քան տա­րիէ ի վեր հե­տապն­դո­ւող այ­սինչ կամ այ­նինչ քրէա­կան յան­ցա­գոր­ծը՝ սո­վո­րա­կան գրպա­նա­հատ­ներ, դրա­ցիին կի­նը, կամ խա­նութ մը դա­շոյ­նի սպառ­նա­լի­քով կո­ղոպ­տած հա­սա­րակ գո­ղեր։
­Սա­կայն կը սպա­սենք օ­րի­նա­պահ մար­մին­նե­րու այն լրա­տո­ւու­թեան, ուր մե­զի հա­ղոր­դեն, թէ յայտ­նա­բե­րած են Պ­ռո­շեա­նի գիւ­ղա­պե­տը օր ցե­րե­կով (ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9ին) սպան­նած ոճ­րա­գոր­ծը, կամ ա­րար­քը հրա­հան­գո­ղը։
Պ­ռո­շեա­նը ո՛չ ­Պէյ­ժինկ է, ո՛չ ­Թո­քիօ, ոչ ալ ­Նիւ Եորք, ուր յան­ցա­գոր­ծը կա­րե­նայ ան­հե­տա­նալ տաս­նեակ մի­լիոն մար­դոց մէջ։
­Կը սպա­սենք այն օ­րո­ւան, երբ մեր երկ­րի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը քա­ղա­քա­կան կամ­քը կ­՚ու­նե­նան եւ գործ­նա­կան քայ­լեր կ­՚առ­նեն երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը խեղ­դող մե­նաշ­նոր­հեալ­նե­րուն նկատ­մամբ։ Ա­մէն պատ­ճառ ու­նինք հա­մո­զո­ւե­լու, որ այս ուղ­ղու­թեամբ վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեա­նի ա­ռած քայ­լե­րը (ինչ­քան ալ ող­ջու­նե­լի եւ դրա­կան) կի­սա­մի­ջոց­ներ են պար­զա­պէս, ո­րով­հե­տեւ ար­մա­տա­կան բնոյթ չու­նին։ Ո­րով­հե­տեւ այդ քայ­լե­րուն թի­րա­խը մե­նաշ­նորհ­նե­րու հա­մա­կար­գը չէ։ Կ­’ըմբռ­նենք նաեւ այն, որ նման ար­մա­տա­կան քայ­լեր գրի­չի հա­րո­ւա­ծով չեն առ­նո­ւիր։ ­Հա­յաս­տա­նը ու­նի իր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հա­մա­պա­տաս­խան մօ­տե­ցում կը պա­հան­ջեն։ ­Սա­կայն միա­ժա­մա­նակ նոյն այդ նրբու­թիւն­նե­րուն ան­ծա­նօթ չեն մեր երկ­րի ու­ժի խա­ղա­քար­տե­րը ի­րենց ձեռ­քե­րուն մէջ ու­նե­ցող­նե­րը։
Ա­ւե­լորդ է ը­սել, որ այս եր­կու ուղ­ղու­թիւն­նե­րով որ­դեգ­րո­ւե­լիք քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կ’ա­ռող­ջաց­նէ երկ­րի ներ­քին հո­գե­բա­նա­կան մթնո­լոր­տը, ու ա­ռաջ­քը կ’առ­նէ ար­տա­գաղ­թին. առ­նո­ւազն՝ մեծ չա­փով ա­ռաջ­քը կ’առ­նէ ա­տոր տուն տո­ւող պատ­ճառ­նե­րուն։
­Հա­սանք եր­րոր­դին (ու մեր յօ­դո­ւա­ծը կը փա­կենք չոր­րոր­դով)։
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին մա­սին կա­տա­րո­ւած պաշ­տօ­նա­կան ուռ­ճա­ցո­ւած քա­րոզ­չու­թիւ­նը դուռ բա­ցաւ ան­խու­սա­փե­լի հա­կազ­դե­ցու­թեան, նոյն­քան հա­սա­րակ տե­ղիք՝ «է այս ժո­ղո­վին ար­դիւն­քը ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ որ, մին­չեւ հի­մա ե­ղած­նե­րը ի՛նչ ար­դիւնք տո­ւեր են, որ ա­սի ալ ար­դիւնք տայ»։
­Ցան­կա­պա­տին եր­կու կող­մերն ալ կը մոռ­նա­յին, որ քա­նի մը հա­րիւր հո­գի­նոց հա­մա­գու­մար­նե­րը չեն կրնար ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ո­րո­շում­ներ տալ, ո­րով­հե­տեւ՝ Ա.) Այդ չէ նպա­տա­կը։ Բ.) ­Մաս­նա­կից­նե­րը բնա­կա­նա­բար չու­նին ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նե­լու լիա­զօ­րու­թիւն­ներ։ Գ.) Ս­խալ է նման ակն­կա­լու­թիւն­ներ ա­ռաջ քա­շե­լը։
Ն­ման խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու նպա­տա­կը, ինչ­պէս ը­սո­ւե­ցաւ վե­րը, դրա­կան մթնո­լորտ ու մի­ջա­վայր ստեղ­ծելն է, ոչ թէ այդ ուղ­ղու­թեամբ պար­զա­պէս տպա­ւո­րու­թիւ­ներ ստեղ­ծե­լը։ Յս­տա­կօ­րէն ը­սենք՝ այս դրա­կան մթնո­լոր­տին կրնան նպաս­տել միայն ու միայն այն ե­լոյթ­նե­րը, ո­րոնք ա­ռանց ամ­բո­խա­վա­րա­կան «փո­փիւ­լիզմ»ի, ա­ռանց «պէտք է ա­սանկ ըլ­լայ, պէտք է ա­նանկ ըլ­լայ» ա­շա­կեր­տա­կան մտայ­նու­թեան, կրնան լու­ծու­մի ու­ղի­ներ մատ­նան­շել, առ­նո­ւազն վար­քագ­ծա­յին մա­կար­դա­կի վրայ։ Այ­լա­պէս՝ ո՞վ չի գի­տեր, որ ար­տա­գաղ­թը չա­րիք է ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար, ո՞վ չի գի­տեր, որ «սփիւռ­քը կը մա­շի» (թէեւ հոն ալ հարց ու­նիմ. այդ մա­սին՝ ու­րիշ ա­ռի­թով), ո՞վ չի գի­տեր, որ ներդ­րում­նե­րը անհ­րա­ժեշտ են։
­Պակ­սո­ղը սա­կայն, ինչ­պէս ը­սինք, այդ պաշ­տօ­նա­կան բե­մէն լու­ծում­նե­րու պատ­կե­րա­ցումն ու ա­տոնց նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րո­ւե­լիք կամքն էր։
­Հա­սանք չոր­րոր­դին (կար­ճի կա­պենք)։
Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ա­ռաջ, ա­տոր ըն­թաց­քին ու ատ­կէ ետք, ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու եւ մա­մու­լին մէջ չպակ­սե­ցան հեգ­նա­կան, ծաղ­րա­կան ու յա­ճախ ալ ներ­քին ա­նըմբռ­նե­լի մաղ­ձով լե­ցուն ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ։ Քն­նա­դա­տու­թիւ­նը օգ­տա­կար է, երբ «քննե­լով» «դա­տել» կայ խնդրին մէջ։ ­Բայց մեր խօս­քը քննա­կան֊քն­նա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րուն մա­սին չէ. այլ՝ ինչ­պէս ը­սինք, ծաղ­րան­քին։ Ն­ման ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու տէ­րե­րը մէ­կան­գա­մընդ­միշտ մոռ­ցած են, որ ծաղ­րան­քը չի նպաս­տեր լու­ծում­նե­րու փնտռտու­քին. հեգ­նան­քը եւ թու­նոտ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ան­պայ­ման «քա­ջու­թեան» ցու­ցա­նիշ չեն, այլ պար­զա­պէս՝ յօն­քը շտկե­լու փո­խա­րէն աչ­քը կը հա­նեն։
Այն­պէս որ ան­տե­ղի «շօ»ե­րը, ա­ժան քա­րոզ­չու­թիւ­նը, միաս­նու­թեան ա­նո­ւան տակ նոր բա­ժա­նա­րար գի­ծեր ստեղ­ծե­լը, ինչ­պէս նաեւ ծաղ­րանքն ու «սի­նիզմ»ը ոչ մէկ ձե­ւով կը նպաս­տեն մեր հար­ցե­րու լու­ծու­մին։
­Միւս կող­մէ՝ տրա­մա­բա­նո­ւած, կշռա­դա­տո­ւած մօ­տե­ցում­ներն են, ո­րոնք կրնան լու­սա­ւո­րել ճամ­բան, ու­ղի ցոյց տալ եւ լու­ծում­նե­րու ա­ռաջ­նոր­դել։ ­Կար­դա­ցէ՛ք այս խորհր­դա­ժո­ղո­վի նիս­տե­րուն ըն­թաց­քին դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան, մշա­կու­թա­յին, կրթա­կան կամ մամ­լոյ գոր­ծիչ­նե­րուն ե­լոյթ­նե­րը եւ պի­տի հա­մո­զո­ւիք այս ի­րա­կա­նու­թեան։