Մարիա Մարկոսեան
Հայրենիքի կարօտը, յուշերը վայելելով Երեւանի հին ու նոր փողոցներում՝ քայլերը մեզի տարան դէպի երկարաձիգ Փաւստոս Բիւզանդ փողոցի հատուածներէն մէկը: Անմիջապէս ուշադրութիւն գրաւեցին 19-20րդ դարասկզբին կառուցուած քանդակազարդ, քարաշէն բնակարանները՝ փայտաշէն պատշգամբներով, բաց դռների արանքէն երեւացող ներքին բակերով: Նկարել` անմահացնելու ցանկութիւն առաջացաւ: Աւելի յստակ՝ այս պատմաճարտարապետական ժառանգութիւնը նկարներու միջոցաւ յաւերժացնելու, այն խիստ մտհոգութեամբ, թէ արդէն իսկ անխնայ կերպով լքուած այս շէնքերը մի օր նոյնպէս փլուզուելու ճակատագիրին պիտի մատնուին, ցաւօք…
Զարմանալի չէ՝ պատճառ կար այդպէս մտածելու. փողոցը առաջին իսկ հայացքէն ուշադրութիւն էր գրաւել՝ ձախ կողմէն ամբողջովին նորակառոյց, բարձրաշէն, աջ կողմէն՝ 1900ականների շինութիւններ, պատմական միջավայր՝ տեղի բնակիչներու ձեռքէն գրաւուած, վտարուած, օտարուած՝ փոխ-հատուցման սին խոստումներով:
Հետաքրքական էր յատկապէս, որ 12ամեայ աղջիկս նոյնպէս կլանուած էր պատմական կառոյցները ուշադրութեամբ նկարելով՝ բացարձակապէս անտարբեր բարձրայարկ, նորաձեւ շէնքերուն՝ հիւրանոց-պանդոկներուն դիմաց: Սովորաբար ամբողջ աշխարհում քաղաքների ու մայրաքաղաքների գրաւչութիւնը, յատկապէս զբօսաշրջիկների համար՝ պատմամշակութային վայրեր այցելել եւ հաղորդակցուիլն է երկրի պատմական անցեալի, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, աւանդոյթներին: Խրախուսելի չէ նորը եւ ժամանակակիցը կառուցելու ճանապարհին կամ պատրուակով քանդել, ոչնչացնե՛լ պատմական արժէքները: Դժբախտաբար, մեր օրերի ականատեսն ենք նմանօրինակ անփոյթ եւ անտարբեր քաղաքականութեան: Բացարձակապէս մերժելի է, մտահոգիչ եւ անմիտ-անիմաստ. արժէքները պահպանելը խելամիտ, օգտակար եւ նոյնիսկ շահաւէտ է գիտակից գործարարի համար: Աւելին, եւ ոչ մի անհատի շահերէն բխած որոշում, անգամ պետութեան կողմից ինչ-ինչ միջոցներով արտօնուած՝ իրաւունք չունի մեր անցեալն ու պատմութիւնը ոչնչացնել ճիշտ այնպէս, ինչպէս մեր հարեւան թշնամիները ըրած են: Քաւ լիցի:
Փաւստոս Բիւզանդ փողոցի բնակարաններու ճակատագիրը անյայտ է, ինչպէս որ Երեւանի մնացեալ պատմական նշանակութիւն ունեցող շինութիւնների։ Տարիներ շարունակ նոյն անտարբերութիւնը, լքուած վիճակը, աւելին՝ աղբով լեցուն, անշուք, մօռացուած՝ անյարգալից վերաբերմունք է սեփական մշակոյթի ու պատմութեան հանդէպ… Իւրաքանչիւր քաղաքացի պահանջատէր պէտք է լինի, անտարբերութիւնը կործանիչ է:
Համաձայն Երեւանի գլխաւոր յատակագիծի, Բիւզանդ փողոցի կառուցապատումը սկսուեր էր դեռեւս 19րդ դարի 30ականներուն։ Դարասկզբի ճարտարապետութեանը բնորոշ սկզբունքով կառուցուած այս փողոցը ստեղծած է բնակելի թաղամասի իւրայատուկ ճարտարապետա-քաղաքաշինական միջավայր մը՝ նախապարտէզներով, քարաշէն ցանկապատերով, քանդակաձեւ ճակատներով, փայտաշէն աւանդական պատշգամբներ տանիքով (բալկոն), զարդանախշերով մետաղէ բազրիքներ, ներքին բակ եւ դէպի բակ տանող երթանցք (դալան)։ Տարբեր դարաշրջաններուն, տարբեր անուանումներ ունեցած է. նախապէս կրեր է հայկական ազնուական ծագում ունեցող, 1830ականներու հայկական մարզի կառավարիչ գեներալ Բարսեղ Բեհբութովի (Բեհբութովսկայա) անունը։ Ապա, վերանուանուել է Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն մէկու՝ Սիմոն Զաւարեանի անունով, 20րդ դարին՝ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիներուն։ Խորհրդային շրջանին քանի մը անգամ եւս փոփոխուելով, վերջապէս 1990ականներուն կոչուեր է 5րդ դարի հայոց պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդի անունով։
Փողոցը, որ պատմութիւն մը կերտած է իր ուրոյն միջավայրի շնորհիւ ունեցած է նաեւ նշանաւոր բնակիչներ՝ ազնուականներ, վաճառականներ, արուեստագէտներ՝ Ենգիբարովներու, Աբրահամովներու, Մարջանովներու յայտնի ընտանիքները, նաեւ Պերճ Պռոշեան, Բելլա Դարբինեան, Դրաստամատ Կանայեան(Դրօ), Լեւոն Թոքմաճեան, Աղասի Խանճեան… 9րդ շէնքի պատշգամբին նկարահանուեր է ժապաւեն մը՝ «Սերոբին ծառը»։ Յատկապէս յայտնի եղած է Բիւզանդի 25 շէնքը, որ կոչուեր է Աբրահամովներու անունով՝ Գաբրիէլ Աբրահամով, ում ջանքերով Քըրք-Բուլաղ կոչուող վայրէն ջուր բերած են այս շէնքին բակը, ապա Երեւանի ջրավաճառները այդ տեղէն դոյլերով ջուր հաւաքելով՝ վաճառած են ժողովուրդին։ Բիւզանդ փողոցին վրայ գործեր է նաեւ քաղաքային հիւանդանոց, մասնաւոր ուսումնարան, մանկապարտէզ, գինու պահեստ։ 1916ին թիւ 52 շէնքին տեղակայուած եղեր է Դաշնակցութեան կեդրոնական մարմինի գրասենեակը։ Բիւզանդ եւ Աբովեան փողոցներու սկզբնամասին ալ գտնուեր է Հանրապետութեան հրապարակի գունաւոր շատրուաններու ղեկավարման վահանակը։
Բիւզանդի փողոցի շարք մը սեփական տուներ 2004ին ներառնուած են պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին՝ ճանաչելով հանրային գերակայ շահ։ Յաջորդաբար, առանց մրցոյթի անցկացման, սեփականատէր դարձած ընկերութիւններուն լիազօրուած է զբաղուել տուներու արժէքի գնահատումով եւ դատարաններու վճիռներու հիման վրայ՝ վտարել նախկին սեփականատէրերուն… Այսպիսով, օգտուելով այդ օրենքի լիազօրութիւններէն, ընկերութիւնները Բիւզանդի փողոցի նախկին սեփականատէրերու սեփականութիւնը գնահատելով շատ աւելի քիչ, ապա ուժի կիրառմամբ (դատարանի միջնորդութիւն) խոստանալով փոխ-հատուցում՝ սկսած են օտարել տուներու սեփականատէրերուն:
Առաւելագոյնը երեք տարուայ ընթացքին պէտք է լքէին այսքան տարիներու իրենց հարազատ բնակարանները։
Ընդհանուր 60 ընտանիք, սակայն միայն 37ին կառուցապատող ընկերութիւնը պարտաւորուեր է բնակարաններ յատկացնել կառավարութեան տրամադրած տարածքներու նորակառոյց շէնքերում։ Իսկ որոշ ժամանակ յետոյ պարզուեր է, որ կառուցապատող ընկերութեան ղեկավար-կառավարութիւն՝ բոլորը նոյն անձինք են։ Եւ ահա, 2004էն ի վեր Բիւզանդի փողոցի խնդիրը լուծում չէ ստացած, բնակիչներու բազմաթիւ բողոքները, փոխհատուցումի պահանջները իրաւասու մարմիններէն անպատասխան մնացած է։ Ոչ այլ ինչ՝ մարդու իրաւունքներու խախտում:
2011էն առ այսօր Բիւզանդի փողոցէն վտարուած բնակիչներու որոշ մասի դատական գործերը դեռ կը քննուին Մարդու իրավունքներու եւրոպական դատարանում։ Աւելին՝ այդ շրջանի «կառուցապատում»ին հետեւանքով ամբողջութեամբ քանդուած են Բիւզանդի փողոցի պատմամշակութային յուշարձաններու ցանկին ներառուած պատմական արժէք ներկայացնող շէնքեր։
Բիւզանդի փողոցը Երեւանի պատմութեան մէկ մասնիկն է, կը համարուի կեդրոն շրջանի 5 ամենանշանաւոր պատմական փողոցներէն մէկը։ Այն կը սկսուի Մաշտոցի պողոտայէն եւ կ՚աւարտուի՝ հատելով Խանճեան փողոցը. Մաշտոցի պուրակ, Վերնիսաժ, Գարեգին Նժդեհի յուշարձան, քաղաքապետարանի 2րդ մասնաշէնք, Վալմարի պատկերասրահ, Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն, յայտնի արձաններ՝ «Մելամաղձութիւն», «Զարթօնք» կը գտնուին այսօրուան Բուզանդ փողոցի տարբեր հատուածներուն։
Հատուող եւ զուգահեռ փողոցներն են՝ քիչ թէ շատ՝ նոյն ճակատագիրին արժանացած, սակայն Երեւանի պատմութեան, մշակոյթի հետքեր դեռ պահպանած՝ Մաշտոցի, Եզնիկ Կողբացու, Տէրեան, Աբովեան, Նալպանտեան, Հանրապետութեան, Խանջեան եւ զուգահեռ՝ Արամի ու Ամիրեան փողոցները։