Կազմակերպութեամբ Սէրրէսի Թաղական Խորհուրդին, աջակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, Կիրակի՝ 13 Մայիս 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ, Սէրրէսի «Ս. Սարգիս» խորանին վրայ մատուցուեցաւ Եպիսկոպոսական հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ։
Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի իր Հայրական Պատգամը փոխանցեց Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան ռաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Սրբազան Հօր կը սպասարկէին Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան եւ Գոմոթինիի հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Ս. Խորանին կը սպասարկէին Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ սարկաւագները, կիսասարկաւագները, ուրարակիրները եւ դպիրները, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ երգչախումբը։
Ներկայ էին Յունաստանի հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան, Ազգային Վարչութեան հեռանիստ անդամ տիկ. Վերա Պլէճեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Յարութիւն Արթին Աբրահամեան, Սէրրէսի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Վազգէն Յարութիւնեան, Թեսաղոնիկէի մէջ գործող միութիւններու, հաստատութիւններու եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Թեսաղոնիկէէն 2 հանրակառքերով հաւատացեալներու բազմութիւն, Գոմոթինիէն եւս հանրակառքով մը հաւատացեալներ, սէրրէսցիներ եւ հարիւրաւոր ներկաներ, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, ուխտաւորներ եւ հաւատացեալներ։
Առաջնորդ Հայրը իր Հայրական Պատգամին մէջ անդրադարձաւ օրուան գեղեցիկ երեւոյթին եւ բախտաւոր զգաց, որպէս առաջնորդի, որ առաջին անգամ ըլլալով կ’այցելէ Սէրրէս՝ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու համար։ Ան անդրադարձաւ օրուան աւետարանական հատուածին ու խորհուրդին եւ անոր ընդմէջէն պատգամ փոխանցեց ներկաներուն՝ բոլոր դժուարութիւնները դիմագրաւելու, հայու ինքնութիւնը պահելու եւ պահպանելու կոչ ըրաւ, ու բարձրօրէն գնահատեց տարուած աշխատանքն ու ծառայութիւնը Սէրրէսի այս փոքր գաղութին։ Աւարտին, ան յորդորեց կողք-կողքի մնալու եւ մեր Ս. բոյնը կառուցելու։ Բնականաբար, Ս. Սարգիսի տօնին անդրադառնալով՝ յայտնեց, որ պատահական կերպով չէ, որ այս Խորանը «Ս. Սարգիս» կը կոչուի, որովհետեւ Ս. Սարգիսը ըլլալով արագահաս սուրբ՝ բոլորին նեղութիւններուն ու դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն իր ձեռքը պիտի երկարէ ու հասնի։ Սրբազան Հայրը յիշեցուց Սէրրէս շրջանի կարեւորութիւնը եւ ներկայ դժուար պայմաններուն անդրադառնալով ըսաւ, թէ «շատ մը հայրենակիցներ, թողնելով հայրենիքէն ներս զանազան տեսակի բարձր վկայականներ, եկան եւ կայք հաստատեցին Սերրէս եւ ընդունելով ամէնէն պարզ աշխատանքները, այսօր Սերրէս շրջանը կը փորձեն առաւել եւս ծաղկեցնել, իրենց շաբաթօրեայ դպրոցով, «Համազգային»ով ու իրենց ընտանիքներուն հայապահպանութեամբ…»։ Իր քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը իր սրտագին բարեմաղթութիւններն ու շնորհաւորանքները ընելով՝ բոլորին մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ, տեսնուելու ուրախ առիթներով։
Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցան մատաղօրհնէք եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Ապա, փողոցին վրայ, Թեսաղոնիկէէն ժամանած «Մասիս» պարախումբի երիտասարդ-երիտասարդուհիները կատարեցին հայկական-աւանդական պարեր, գլխաւորութեամբ՝ պարուսոյցներ Ռաֆայէլ Վարդերեսեանի եւ Սարգիս Քիւրտեանի։
Յաջորդեց կէսօրուան ճաշկերոյթը՝ Սէրրէսի ճաշարանէ մը ներս։ Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան՝ երախտագիտական ու շնորհակալական խօսքեր ուղղելով Սէրրէսի հայ համայնքին ու հրաւիրեց ներկաները խմելու Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ինչպէս նաեւ Սէրրէսի Թաղական Խորհուրդի կենացը։
Պէտք է ըսել եւ արձանագրել, որ տօնախմբութիւնը իր տարողութեամբ աննախընթաց ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեց յատկապէս Սէրրէսի մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու ընդհանրապէս յունահայութեան մօտ։ Գնահատելի երեւոյթ էր, որ ճաշի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը՝ ընկերակցութեամբ Թեսաղոնիկէի Հոգեւոր Հովիւին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին՝ այցելեց իւրաքանչիւր սեղան, զրուցեց, խօսակից եղաւ եւ իր օրհնութիւնը բաշխեց բոլորին։
Ճաշի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգ. Իշխանութեան պատուիրակութիւնը հանդիպեցան Սէրրէսի Թաղական Խորհուրդին եւ Տիկնաց Միութեան անդամ-անդամուհիներուն հետ եւ իրենց թելադրանքներն ու սպասումները փոխանցեցին անոնց։
Ճաշէն ետք, 3 հանրակառքերը մեկնեցան Սէրրէսէն մեծ տպաւորութեամբ ու երջանկութեամբ։ Վերադարձի ճամբու ընթացքին, այցելեցին Քերքինի լիճին կողքը գտնուող տեսարժան վայրը եւ յաջողութեամբ հասան իրենց տուները։
Յայտնենք, որ մէկ օր առաջ, Շաբաթ՝ 12 Մայիսի երեկոյեան, Սէրրէսի մէջ տեղի ունեցաւ փոքր եւ գեղեցիկ ու ներշնչիչ ձեռնարկ մը (արտասանութիւն, երգ, պար, նուագ, եւայլն) Սէրրէսի մեր դպրոցի աշակերտներուն կողմէ, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Աթէնքէն ժամանած Ազգ. Վարչութեան ատենապետին ու ատենադպիրին։ Անոնք իրենց բարձր գնահատանքը յայտնեցին կազմակերպուած այս ձեռնարկին եւ մաղթեցին բարի յաջողութիւն։ Հետեւեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Թղթակից
Աննախընթաց ու խանդավառ տօնախմբութիւն՝ Սէրրէսի մէջ
Աննախընթաց ու խանդավառ տօնախմբութիւն՝ Սէրրէսի մէջ