Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան

Որ­քան պարզ եւ դիւ­րին պի­տի ըլ­լար հա­յու­թեան հա­մար իր սե­փա­կան պատ­մու­թեան կեր­տու­մը, ե­թէ «բայց»ե­րու եր­կար շղթա­յի մը են­թար­կո­ւած չըլ­լար։ ­Վեր­ջերս ա­ռի­թը ու­նե­ցայ կար­դա­լու ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի մէկ գրու­թիւ­նը, ուր ան ման­րա­մաս­նօ­րէն կ’անդ­րա­դառ­նար 1918էն ա­ռաջ եւ վեր­ջը՝ պատ­մու­թեան կա­րե­ւոր հանգ­րո­ւան­նե­րուն։ Եւ այս­պէս, ա­ռի­թը ու­նե­ցայ, լա­ւա­պէս հասկ­նա­լու այս «բայց»ե­րու կա­րե­ւո­րու­թեան շղթան, որ ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րու առ­ջեւ բե­րաւ մեր ազ­գը։
Նախ՝ երբ 1800ի սկիզ­բի թո­ւա­կան­նե­րուն ռուս բա­նակ­նե­րը կը գրա­ւեն Ա­րա­րա­տեան աշ­խար­հը։ ­Հայ ղե­կա­վար­նե­րուն ինք­նա­վար ­Հա­յաս­տա­նի խոս­տում կը տրո­ւի։
­Բայց. Թր­քա­կան բա­նա­կը կը ջախ­ջա­խո­ւի, երբ ռու­սե­րը կը գրա­ւեն ­Կար­սը, Ար­տա­հա­նը, Էրզ­րու­մը։ ­Դար­ձեալ ինք­նա­վա­րու­թեան խոս­տում կը տրո­ւի։ ­Բայց…
­Քիչ ետք, 1829ին, ռուս բա­նակ­նե­րը կը հե­ռա­նան Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նէն, ի­րենց հետ հա­յու­թիւ­նը եւս տա­նե­լով դէ­պի ­Թիֆ­լիս եւ Ա­խալ­քա­լաք։ ­Հա­յաս­տա­նը ան­կախ պե­տու­թիւն դառ­նա­լու հե­ռան­կար­ներ ու­նէր։ ­Բայց…
­Սան Ս­թե­ֆա­նո­յի դաշ­նագ­րի ստո­րագ­րու­մը տե­ղի կ’ու­նե­նայ, ուր կը նա­խա­տե­սո­ւէր Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար ա­ռան­ձին վար­չու­թիւն։ Թր­քա­կան սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թիւն, որ յու­սա­լի օ­րեր պի­տի բա­նար։ ­Բայց…
­Հա­յոց ­Մեծ Ա­ղէ­տի օ­րե­րը, դժո­խա­յին սեւ օ­րե­րով կը լեց­նէին պատ­մու­թեան է­ջե­րը։ ­Բայց…
Եւ հոս կանգ ա­ռի, տես­նե­լով թէ կար նշա­նա­կա­լից «բայց» մը, որ իր յե­ղաշր­ջող ազ­դե­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ մեր ազ­գի պատ­մու­թեան վրայ։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի վե­րապ­րու­մի ու­ժեղ այդ կա­րե­լիու­թիւնն էր, որ հա­կա­ռակ բո­լոր նա­խա­տե­սում­նե­րուն եւ ճնշիչ պայ­ման­նե­րուն, ե­կաւ յե­ղաշր­ջե­լու կա­ցու­թիւն­նե­րը, երբ թրքա­կան բա­նա­կի գլխա­ւոր ու­ժե­րը կեդ­րո­նա­ցած էին ­Հա­յաս­տա­նին շուրջ եւ շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կում­ներ կը կա­տա­րէին։ ­Պատ­մա­կան այդ օ­րե­րուն, հե­րո­սա­կան ցնցում մը կ’ապ­րէր հայ ժո­ղո­վուր­դը, խուռ­նե­րամ ուղ­ղո­ւե­լով դէ­պի ­Սար­դա­րա­պատ, ­Բաշ Ա­բա­րան եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէ։
­Մեծ ու պզտիկ, զէն­քով թէ սու­րով, հրա­ցա­նով կամ դա­շոյ­նով զի­նո­ւած ոե­ւէ հայ, կին թէ պա­տա­նի, բո­լո­րը դիրք կը գրա­ւէին, պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից եւ օգ­տա­կար դառ­նա­լով։ ­Պայ­ման­նե­րը՝ լրիւ մեր դէմ։ Ո­չինչ կար որ կրնար պատ­ճա­ռա­բա­նել ո­րե­ւէ խան­դա­վա­ռու­թիւն, պա­տե­րազ­մի ել­քին մա­սին։ Եւ սա­կայն, ար­դիւն­քը կ’ըլ­լար յաղ­թա­նակ։ ­Յաղ­թա­նակ՝ որ հա­յուն հպար­տու­թիւ­նը եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը դար­ձեալ պի­տի հաս­տա­տէր, ոչ աշ­խար­հին, այլ ի՛ր աչ­քե­րուն առ­ջեւ եւ հո­գիին մէջ։
Ու դեռ՝ պատ­մու­թեան ներշն­չու­մով, 70 տա­րի­ներ յե­տոյ, Ար­ցա­խեան հե­րո­սա­մար­տը իր յաղ­թա­կան ա­ւար­տին պի­տի հասց­նէր։
­Հե­րո­սա­կան պա­հեր, որ հե­րո­սա­կան մար­դոց ճա­կա­տա­գիր­նե­րով դրոշ­մո­ւե­ցան։ ­Կա­րե­լի չէ չմտա­բե­րել հիմ­նա­դիր ու հե­տա­գայ այն սե­րունդ­նե­րը, որ ի­րենց կեան­քին մէջ ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­ցան՝ տե­սիլք, նո­ւի­րում, աշ­խա­տանք, զո­հա­բե­րու­թիւն ի­մաստ­նե­րուն ար­ժէք տա­լով։
Դպ­րո­ցա­կան մեր տա­րի­նե­րէն ան­դին, միու­թե­նա­կան ու ազ­գա­յին պա­հե­րուն ըն­թաց­քին, բո­լորս խո­րա­պէս տի­րա­պե­տած ենք 1918ի ­Մա­յիս 28ի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման պատ­մա­կան թո­ւա­կա­նի եւ ա­նոր նշա­նա­կու­թեան մա­սին։
­Հա­յուն պա­տիւ բե­րող, հա­յուն վար­կը բարձ­րաց­նող եւ հա­յուն հպար­տու­թիւն առ­թող ա­մէ­նէն մեծ թո­ւա­կան­նե­րէն է ­Մա­յիս 28ը, ո­րուն բա­րիք­նե­րը մենք բո­լորս կը վա­յե­լենք այ­սօր։
Այդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար էր, որ ­Ռու­բէն, պատ­մե­լով հայ­կա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան խո­յանք­նե­րուն եւ մեր անն­ման յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն մա­սին, կը պատ­գա­մէր. «Ես շատ սե­րունդ­ներ տե­սայ տար­բեր վայ­րե­րու մէջ, բայց այդ սե­րուն­դին համն ու հո­տը տար­բեր էր, ինչ­պէս Ար­տա­մե­տի Խն­ձո­րի­նը, թէ­կուզ մէ­ջը որդ ին­կած լի­նի…»։
­Պարզ է. այն քի­չը, որ ու­նե­ցանք ժա­մա­նա­կին, եւ այն, ինչ որ ու­նինք այ­սօր, շնորհքն է այն նո­ւի­րեալ­նե­րուն, ո­րոնք գի­տակ­ցե­ցան հայ­րե­նի­քի ար­ժէ­քին։ ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նա­կը կեր­տո­ւե­ցաւ չսպա­սո­ւած, չծրագ­րո­ւած ձե­ւով՝ հայ­րե­նի­քը պաշտ­պա­նե­լու հա­յու բնազ­դա­յին զարթ­նու­մով։ Ա­նոնց­մէ ա­մէն մէ­կը՝ մեր հին ու նոր խորհր­դա­նիշ­ներն են։
­Մեր ազ­գի պա­հա­պան սե­րունդն են, ո­րոնց ներշն­չու­մով կը յա­ռա­ջա­նայ մեր ազ­գը։