Հայաստանի վերանկախացման քսանհինգամեակին նախորդած շաբաթավերջին՝ Սեպտեմբեր 18ին, Ռուսական Դաշնութեան տարածքին տեղի ունեցան օրէնսդրական ընտրութիւններ: Անոնց ընթացքին նախագահ Վլատիմիր Փութինի իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութիւնը նախատեսուածին նման լայն յաղթանակ տարաւ՝ քուէներուն 54 տոկոսը շահելով, ինչ որ կը նշանակէ Դումայի 450 աթոռներէն 343ը, այսինքն՝ 105 աթոռ աւելի 2011 Դեկտեմբերի ընտրութիւններուն իր շահածէն:

Ի տարբերութիւն նախորդ ընտրութիւններուն, սակայն, բողոքի ցոյցեր տեղի չունեցան եւ Փութին «շատ լաւ» որակեց արդիւնքները: Անով հանդերձ՝ Քրեմլինի ղեկավարները՝ Փութին եւ Մետվետեւ հազիւ կրնային զսպել իրենց մտահոգութիւնը: Սոցիալական ցանցերուն վրայ ընտրակեղծիքի ցայտուն փաստերը կը շրջագայէին՝ բացայայտելով, թէ որքա՜ն անմաքուր եւ անթափանցիկ եղած էր քուէարկութիւնը: Այդ չէր նախագահ-վարչապետ իշխանակարգի նախատեսումը, երբ 2011-2012 տարիներու հասարակական բողոքի ալիքները չէզոքացնելու եւ ընտրախաւի կարգապահութիւնը ապահովելու համար՝ Վիաչեսլաւ Վոլոտինի վստահած էր քաղաքական ծրագրի մը, աւելի ճիշդը՝ ընտրակարգի ճարտարագիտութեան մը ձեւաւորումը:

«Վոլոտինեան գարունը», ինչպէս ի պատիւ իրեն կոչուեցաւ կեանքի կոչուած ծրագիրը, նպատակ ունէր փոխարինելու Փութինի առաջին տարիներուն այն ժամանակ նախագահական վարչախումբի փոխ-ղեկավար Վլաստիսլաւ Սուրքովի սահմանած «գերիշխան ժողովրդավարութիւն» յղացքը, որպէս քաղաքական արեւելում: Յղացքը դադրած էր գործնական ըլլալէ, ոչ ալ համոզիչ էր՝ առանց նշելու, որ արտաքին, յատկապէս արեւմտեան, աշխարհին համար լաւագոյն պարագային սոփեստութիւն մըն էր, որ ամբողջատիրական համակարգը ժողովրդավարութեան շպարով, աւելի պարզ՝ ձեւականութեամբ կը փորձէր ծածկել:

Թէ Փութինի ժողովրդականութիւնը կրնայ եւ շատ բարձր ըլլալ, կամ եղած է նաւթի բաձր գիներու պարարտ գոմէշներու տարիներուն…, առանձին քննարկուելիք խնդիր է. բայց այդ մէկը չէր կրնար արդարացնել թէկուզ եւ փոքրամասնական ընդդիմութեան բռնաճնշումը, որ Քրեմլին գործադրեց թէկուզ անուղղակի ձեւով: Անհրաժեշտ դարձած էր Վոլոտինի աւելի մեղմ տարբերակը որդեգրել՝ ընդդիմութեան տեղ տալով համակարգին մէջ եւ այդ ձեւով ապահովել անոր չէզոքացումը:

Այսպէս, անցնող երեք տարիներուն, քաղաքական դաշտը բացուեցաւ եւ արդէն ներքնապէս պառակտուած ընդդիմութիւնը համակարգին մէջ մտնելով գրեթէ լուծարուեցաւ:

Ընտրութիւնները Փութինին սկզբունքով տուին գործադիր իշխանութեան կամակատար Դումա մը, որ մինչեւ 2018, նախագահական ընտրութիւններու տարին, երկրին մէջ քաղաքական կայունութիւնը կ՚ապահովէ: Կը մնայ, որ այս վերջին ընտրութիւններուն մասնակցած քաղաքացիներու տոկոսը եղաւ շատ ցած: Նոյնիսկ Մոսկուայի թէ Սան Փեթերսպուրկի մէջ ընտրողներուն հազիւ երեսուն տոկոսը դիմեց դէպի քուէատուփ: Այսինքն՝ գոնէ թէականօրէն, եթէ իշխանութիւններուն քաղաքականութիւնը չբաւարարէ հասարակութեան պահանջներուն, փրօ-Քրեմլին Դումա մը հասարակական անդորրը չի կրնար երաշխաւորել…

Անցեալ 15 Օգոստոսի իր «Այս անկիւնէն» սիւնակով՝ Վրէժ-Արմէն դիտել կու տար, որ մեր ճակատագիրը սերտօրէն առնչակից, այլեւ կապուած կը թուի ըլլալ Ռուսիոյ մէջ իշխողի քաղաքականութեան՝ դեռեւս 1701էն, երբ Իսրայէլ Օրի դիմեց Մեծն Պետրոսին՝ «ազատագրելու» համար հայոց աշխարհը:

Պէտք է ըսել թերեւս, որ Ռուսիան մեր գլխուն վերեւ Դամոկլեան սուր մըն է, որմէ կախուած է մեր ճակատագիրը: Այդ մէկը շատ բացայայտ էր խորհրդային ամբողջատիրութեան օրերուն, երբ, օրինակի համար, Գորբաչով առ ի պատասխան Ղարաբաղեան շարժումին, աւելի ճիշդը՝ Ղարաբաղեան շարժումը շահագործելով, պահանջեց Փերեսթրոյքայի հետ անհաշտ եւ պրեժնեւեան «լճացման» տարիներու ներկայացուցիչ նկատուած Կարէն Դեմիրճեանի հրաժարականը եւ զայն փոխարինեց Սուրէն Յարութիւնեանով: Գորբաչով անտեսեց Ստալինի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքի վերականգնման պահանջը եւ փորձեց իր բարեկարգումներու առաջադրմամբ նոր դաշնակից մը շահիլ:

1988 թուականը չենք անշուշտ: Չկան գոնէ ձեւականօրէն սահմանադրական աշխատակարգներ՝ Մոսկուայէն որոշելու համար Հայաստանի թէ որեւէ այլ նախկին խորհրդային հանրապետութեան իշխանաւորը: Անկախութիւնն ու ազգային գերիշխանութիւնը ա՛յս նշանակեցին ամէնէն առաջ: Բայց անկարելի է ժխտել Հայաստանի Ռուսիայէն կախուածութեան իրողութիւնը, որ աշխարհաքաղաքական/կառուցային բնոյթ ունի: Այդպէս էր նոյնիսկ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի օրերուն, երբ այն ժամանակ «պետական մտածողութիւնը» «հայդատականութեան» հակադրող Հ.Հ.Շ.ական տեսաբանները Ցեղասպանութեան հիմնահարցը արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն դուրս ձգելու եւ Թուրքիոյ հետ «առանց նախապայմանի» բարի-դրացիական յարաբերութիւնները «նորմալացնելու» իրենց թեզերը կը բացատրէին, նաեւ՝ Թուրքիոյ ճամբով դէպի Արեւմուտք բացուելու եւ Մոսկուայէն կախուածութեան վերջ տալու երեւութապէս տրամաբանական թեզով: Հարցը, անշուշտ, իրենց միամտութիւնն էր չտեսնելու, որ ամէն զիջումի հանդէպ թրքական կողմը նոր զիջումներ պիտի պահանջէր, եւ մինչ Հայաստանի առաջին նախագահը սփիւռքի «նարինջ ուտողներ»ուն հետ ազգամիջեան բաժանումի գիծերը կը բացայայտէր, փոխանակ զանոնք վերցնելու՝ անոնց երկայնքին նոր պատ մը կը քաշէր հայաստանցի քաղաքացիները օտարերկրացի հայերէն զատելու համար, թրքական պետութիւնը կը վերասահմանէր փանթուրքիզմը եւ հայկական կողմէն իր զիջումներու պահանջը կը դնէր ի նպաստ Ատրպէյճանին…

Պատերազմ էր այն ատեն եւ թէկուզ Մոսկուա աշխուժօրէն զէնքի վաճառականութեամբ չէր զբաղեր եւ հակամարտող երկու կողմերը, հայ եւ ազերի, իրենց գիտցածին պէս «եոլայ» կ՚երթային զէնք ու զինամթերք ճարելու համար, բոլորովին չէր մարած Քրեմլինի աշխարհաքաղաքական իրականութիւններու գնահատման բնազդը՝ յստակ դարձնելու համար, թէ Կովկասեան բեմահարթակի վրայ արտաքին, այս պարագային՝ թրքական որեւէ միջամտութիւն պատերազմի դուռ կը բանայ:

Արցախեան պատերազմի յաղթանակը ռուսական հայանպաստ կողմնորոշումով ու միջամտութեամբ չեղաւ: Ընդհակառակը՝ թերեւս եղաւ ի հեճուկս հայկական իրաւունքներու Մոսկովեան իրերայաջորդ «նիէթ»ներու: Արտատարածքային դերակատարներու միջամտութիւններու արգիլումով՝ Ռուսիա իր ձեռքերուն մէջ կը պահէ, կ՚ուզէ պահել Արցախեան պատերազմի հակամարտ կողմերուն վրայ ճնշում բանեցնելու ամէն լծակները, ընդ որում՝ անշո՛ւշտ, զէնքի մատակարարումը…

Անկախութեան քսանհինգամեակի զինուորական տողանցքին ցուցադրուած «Իսքանտար» հրթիռները ամենացայտուն խորհրդանիշներն են Հայաստանի Ռուսիայէն կախուածութեան, որուն երկու երեսները հաւասարապէս նկատի պէտք է առնել. հայկական անվտանգութեան երաշխիք ըլլալու իրողութիւնը մէկ կողմէ, եւ միւս կողմէ անոնց ձեռքբերման համար Մոսկուային պարտապան ըլլալու բեռը… Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան կախուածութիւնը ռուսական զէնքէն եւ զինամթերքէն ե՛ւ իր անշրջանցելիութեամբ (գոնէ ներկայ պայմաններուն մէջ), ե՛ւ ռուսական պայմանաւորումներով, քսանհինգամեայ անկախութեան հիմնական տիլեմաներէն (երկընտրանք) է:

Կախուածութեան միւս ազդակը, շատ աւելի խորքային, տնտեսական բնոյթի է: Ի դէպ, այն վերլուծաբաններն ու յանձնառու մտաւորականները, որոնք անցեալ դարու վաթսունական թուականներուն բանաձեւած էին կախուածութեան տեսութիւնը՝ այն ժամանակ «Երրորդ Աշխարհ» կոչուած երկիրներու մէջ դրամատիրական տնտեսակարգի հաստատման պատմական գործընթացը ուսումնասիրելով, նկատի ունեցած էին յատկապէս ծայրամասային երկիրներու մէջ դրամագլուխի կազմաւորման պայմանաւորումը արտաքին-միջազգային շուկայի աշխուժութենէն՝ յաճախ ի գին տեղական զարգացման ծրագիրներու եւ, անշուշտ, ի վնաս աշխատաւոր եւ ընչազուրկ դասակարգերուն ու հատուածներուն: Կ՚ենթադրուէր, որ համաշխարհայնացումն ու Խորհրդային Միութեան փլուզումը «Երրորդ Աշխարհ»ի հասկացութիւնը իր բովանդակութենէն կը պարպէին: Տնտեսական զարգացումը միայն մէկ բնորդ կրնար ունենալ՝ ազատ-շուկայական յարաբերութիւններ՝ լեսսէ ֆէր, լեսսէ փասսէի ամէնէն նէօ-լիպերալ (նոր-ազատական) տարբերակով: Պատահական չէր, հետեւաբար, որ խորհրդային բոլոր տնտեսութիւններու անցումային գործընթացը իր վերիվայրումներով հետեւեցաւ Ռուսիոյ մէջ ի գործ դրուած «շոքային» (ցնցումային) բնորդին: Տնտեսութեան ազատականացման այս տարբերակին կանաչ լոյս տուած Հ.Հ.Շ.ական քաղաքականութիւնը իր էութեամբ գաղափարախօսական էր, որով եւ այն ժամանակուան Հրանդ Բագրատեանները հազիւ թէ հասկնային մեծ դրամագլուխի կազմաւորման մաս կազմող այս արտաքին կախուածութիւնը, ոչ ալ մտահոգուելու համար անոր հետեւանքներուն մասին: Հետագային, երբ Քոչարեանի օրով օլիկարգային (առանձնաշնորհեալներու) տնտեսակարգը հաստատագրուեցաւ մենաշնորհային դրամատիրութեան ընդմէջէն, եւ որովհետեւ դրամագլուխի ամենահեշտ հոսքը կու գար Ռուսիայէն, տարիներու ընթացքին այդ կախուածութիւնը կառուցային այնպիսի բնոյթ մը առաւ, որ դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ Փութին Սեպտեմբեր 2013ին այնքան հեշտօրէն Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը առանց այլընտրանքի պարտադրեց Սերժ Սարգսեանին…

Անկախութեան անցնող քսանհինգ տարիները նաեւ Ռուսիայէն Հայաստանի կախուածութեան այս կառուցային իրավիճակը ստեղծեցին անվտանգութեան եւ ազատ շուկայական տնտեսութեան անցումի զոյգ ազդակներու ազդեցութեամբ: Կախուածութեան կառուցային բնոյթը կը յուշէ, որ թէկուզ այն ժամանակ քաղաքական տարբեր որոշումներով, օրինակի համար, ազատ շուկայական յարաբերութիւններու անցումը տնտեսական տարբեր համակարգ մը ստեղծէր, կախուածութեան առաջացման խորքային պատճառները պիտի մնային: Բայց կախուածութեան կառուցային բնոյթը անպայմանօրէն ճակատագրային ըլլալու չէ: Ընդհակառակը, զգաստութեան գիտակցում է եւ մարտահրաւէր՝ անոր անդրադարձը մեղմացնելու համար:

Անկախութիւնն ու որոշումներու կայացման համար ազգային գերիշխանութիւնը, ինչ խօսք, առաջին կարեւոր ազդակն են:

Երկրորդ ազդակը, սակայն, անկախ պետականութեան համակարգի ինքնուրոյնութիւնն ու ներքին հզօրութիւնն են:

Այս իմաստով է, որ Հայաստանի մէջ իշխանակարգի վերարտադրման բացառումը ծայրամասային փոքր երկրին կու տայ իր ինքնուրոյնութիւնը, ինստիտուցիոնալ (կառուցային) ինքնութիւնը, որ միջազգային ոլորտի մէջ զայն պիտի տարբերէ Ռուսիայէն: Հայաստանը չունեցաւ «գերիշխան ժողովորդավարութեան» իր տարբերակը, բայց արդեօ՞ք կոալիցիոն (համախմբական) ժողովրդավարութիւնը հայկական «Վոլոտիվականութիւն» մը չէր, առանց որ նախաձեռնողներն ու մասնակցողները իմանային նոյնիսկ ռուս քաղաքական գործիչի մասին…

Համակարգային փոփոխութիւնները, զորս կը խոստանայ նոր սահմանադրութիւնը, անկախ Հայաստանը պիտի չվերածեն նաեւ Ռուսիայէն «անկախուած» Հայաստանի, բայց պիտի օգնեն շեշտելու երկու երկիրներու ինստիտուցիոնալ ինքնութեան տարբերութիւնը: Միջազգային ոլորտին մէջ, ի մասնաւորի նկատի ունենալով սփիւռքեան ազդակի ռազմավարական կարողականութիւնը, քիչ բան չէ այս մէկը:

Անշուշտ, որպէսզի ունենան իրենց անդրադարձը, համակարգային փոփոխութիւնները պէտք է ապահովեն ժողովրդային աւելի շեշտուած մասնակցութիւն՝ որոշումներու կայացման գործընթացին մէջ: Ժողովրդավարութեան կայացման համար այս մէկը արժէք է ինքնիրմով: Հայաստանի պարագային այդ մասնակցութիւնը պիտի նպատակադրէ նաեւ հարստութեան աւելի արդար բաշխում՝ մենաշնորհներու ջնջումով եւ անոնց վերակազմաւորման բացառումով: Այս մէկը պէտք է ըլլայ գոնէ  առաջին քայլ, որուն ետին անհրաժեշտ էր ձեւաւորել սոցիալական (ընկերային) արդարութեան պահանջատիրութիւնը՝ որպէս համակարգային փոփոխութիւններու բաղադրիչ տարր:

Այդ գործընթացը սկսած էր զգուշաւոր, բայց վճռակամ տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ: Յուսանք, որ այդ նախարարութեան վերցուիլը, անոր վերանուանման «շուօ»ին ընդմէջէն, մաս չի կազմեր համակարգային փոփոխութիւններու փաթեթին (ծրարին)…