Յովսէփ Պարազեան
Պատմութեան ընթացքին, ազգային պառակտումներ երեւան բերած են՝ ազգի մը տարբեր ու տարբերուած խմբաւորումներու միջեւ գոյութիւն ունեցած հատուածական տարամերժութիւններու ու շերտաւորումներու այլընտրանքներ: Երեւան բերած են մանաւանդ՝ իշխանութեան վրայ աւանդականութեան կարգով ու երկար ժամանակէ ի վեր գահերու վրայ բազմած իշխանութիւններ, առաւել չափով ալ՝ իշխանութեան տիրանալու ձգտող շահագրգիռ յաւակնորդներու մենատենչական հեռանկարային մարմաջներ: Պառակտումը մեր օրերուն համապատասխանող փտախտն է, եւ դժբախտաբար հայերը կը պատկանին այն ժողովուրդներու կարգին, որ կը տիրապետեն պառակտումի մշակոյթին:
Ազգային երկպառակութիւնները կը նուաստացնեն ազգի մը պայքարներու արժէքը եւ կը վերածեն զայն անտեսլական, նեղմիտ մրցակցութիւններու, փառասիրութիւններու կուրամիտ հեռապատկերի:
1918ին մեր հայրենիքի շահադիտական պայմանները զգալապէս տարբեր էին, իսկ այսօր՝ շահախնդրականօրէն տարբեր: Այսօրուան պայմաններով 100 տարի առաջ նախագծուած ու նախադասուած դէպքերն ու եղելութիւնները չենք կրնար քննարկել այժմեայ պայմաններու որոշակի ներուժով ու խիղճի դատումով: Այսպիսի մօտեցում մը մեզ կրնայ առաջնորդել ազգային ու քաղաքառազմավարական թերահաս ու ոչ-արդար եզրակացութիւններու, եւ զրկել մեզ միարժէքօրէն ժողովրդավար հասկացողութեան ըմբռնողութենէն:
Յեղափոխութիւնները ճիշդ է տեւական քննարկման ենթակայ պէտք է ըլլան, այլապէս կրնան շեղիլ իրենց նպատակասլաց թիրախներէն:
Անցեալի պատմութենէն լաւ եւ գէշ փորձառութիւններէն պէտք է առաւելագոյն չափով օգուտներ քաղել, ինքնասրբագրուիլ, ինքնաբարելաւուիլ: Հայերս՝ պատմութենէն դասեր քաղելու խորունկ պատճառներ ունինք:
Մեր նախորդ դարաշրջանը խորհրդանշող՝ 1918ի Մայիսեան անփոխարինելի հերոսամարտները ո՛չ միայն հայերու, այլ նաեւ հերոսամարտներ ճանչցած տարբեր երկիրներու հերոսապատումներուն չեն նմանիր: Հոն՝ բոլորովին տարբեր էին մեր մղած պատերազմին պատճառները եւ բոլորովին տարբեր՝ մեր ժառանգած ու ապրած իրականութիւնները, որոնք մեր հայրենասիրութեան համբերութիւնը չափեցին:
Համբերութիւններու ի՜նչ ահաւոր զուգադիպութիւն: Մարդոց պատմութիւնը դիւրին չի վերջանար:
Կարծեմ, բացատրելու պէտք չկայ, թէ ստեղծուած Առաջին Հանրապետութիւնը՝ հայոց թագաւորութեանց անկումէն վերջ եկաւ կենդանանալու եւ կենդանացնելու խորհրդային կարգերու հաստատումէն առաջ, ազատ շունչ մը առնել տալով նոյնինքն հայոց պատմութեան անհամեմատօրէն անահաղորդ ռազմաքաղաքական պարտաւորուած թոհուբոհին ու խառնիճաղանճին:
Խորհրդային Հայաստանի պատմական ժամանակաշրջանի մը օրերուն՝ դժուար էր տիրող իրականութեան լրիւ պատկերը ունենալ: Կէս իրականութիւնը աւելի դիւրին կը դրսեւորուէր, քան թէ ամբողջականը: Շատ բան փոխուած էր. փոխուած էր հարկադրաբար: Փոխուած էր ազգային ու ժողովրդական հարցերու հռետորական քարոզչութիւնը, ծաղկելու կոչուած խոհականութիւնը, ժողովուրդի քաղաքական կամքն ու տիրող գաղափարական տարբերութիւններու սահմանները:
Այսպիսի վարչակարգներու ենթակայ ժողովուրդները կ’այլափոխեն իրենց առօրեան եւ տուեալ առօրեային մաս կազմող իրականութիւնը: Ասոնց զոհ կ’երթան ազգային արժէքներ ալ. նախ եւ առաջ հերոսութեան ըմբռնումի գերագոյն արտայայտութիւնը, նկարագիրը, կենարար իմաստին խորքը, որ կ’առասպելականացնէ կամ կ’ապառասպելականացնէ ազգային հռչակներ, սեթեւեթ արժէքներու բաղդատական եզրեր, ներշնչում, հաղորդականութիւն, մեծարժէք մտածական նպատակակէտներ, պատկանելիութեան պատկերացումներ եւ ազգը ինքն իր մէջ պատսպարող վաստակի փաստարկութիւններ:
Վախն ու սարսափը կ’այլակերպեն հերոսութեան նկարագիրն ու իմաստը: Ժամանակը քեզմէ չի պահանջեր, որ ստուգաբանես ներկայի աչքերով անցեալդ: Բարերարութեան հանդէպ ազգային ապերախտութեան օրինակներ շատ ունինք, որոնք ազնուութեան շարժառիթները ժխտական շարժառիթի կ’ենթարկեն:
Պատերազմական հերոսութիւնը կը պայմանաւորուի որոշ տրամաբանութեան հետեւող հանգամանքներով, որոնց հանդէպ ազգային դիրքաւորումը բացայայտ կեցուած, որդեգրած է մէկ սկիզբէն, օրինակը՝ նոյնինքն կեանքի օրինակի վերածելով:
Կասկածամիտ հայեր կան, որ ձերբազատուած ըլլալ կը թուին՝ ազգային առաքինութիւնները նախապաշարուած բարդոյթներ համարելով զանոնք: Հայութեան համար այլեւս նորութիւն չէ, թէ ներքին հաղորդակցութեան տարազի մը հանդուրժողութեան պակասը ներքին տարակարծութիւններու նոր էջեր բացած է մեր առջեւ: Ե՛ւ մտածող, ե՛ւ մոլեռանդ հայերուն հանդէպ:
Մեր երկխօսութեան յարաբերակցութիւնը ինչպէ՞ս կ’երաշխաւորուի: Մարդիկ կան, որ կը զարմանան, երբ այլ մարդիկ կը տարբերին, կամ չեն տարբերիր իրարմէ: Ծրագրային ապահովութիւնը կ’երաշխաւորե՞նք: Մեր ազգային բնութագիրները բազմանպատակայի՞ն կրնանք կոչել: Ո՞ր տարբերակին առջեւ կանգ առած ենք: Արդարութեան, թէ՞ աւանդական անէծքին:
Ամէն պարագայի՝ ճարտասանական արուեստին ապաւինիլը միշտ ալ լաւ արդիւնքներու չ’առաջնորդեր: Մարդս՝ մարդը կրնայ ճանչնալ աւելի պարզ ու անկեղծ պայմաններու տակ: Ճարտասանութիւնը՝ հերոսութիւններու պարագային գրգռիչ ոճ մը կը դրսեւորէ, որ յաճախ վնասը օգուտէն աւելի կը ծանրացնէ, ներքին կառուցային անբաւարարութեան պատճառով:
Այս բոլորով հանդերձ, յոյս ունիմ, որ մենք իրար հետ պիտի կարենանք միջին ճամբայ մը գտնել: Հին եւ նոր հայեցակարգները հին եւ նոր մարդը միասին կը հասունցնեն ու կ’ամբողջացնեն:
Մեր անցեալի հերոսները կը պատշաճին մեր նոր հերոսներուն: Զանազանութիւնը ո՞ւր կրնայ առաջնորդել մեզ, երբ Դրօի, Ռուբէնի, Արամի եւ Մոնթէի, Շահէի, Թաթուլ Կրպէեանի միջեւ տարբեր ու տարօրինակ վերլուծումներ կատարենք: Շատ մը բաներ տարբեր կը նկատենք, բայց նոյնն են, միեւնոյն խորքային բաղադրիչին կը պատկանին, սիրտի եւ խիղճի նոյն ճամբէն կ’ընթանան, մինչդեռ ի՛նչ որ մենք կ’ըսենք՝ կը գնահատուի ուրիշներէ, եւ ի՛նչ որ ուրիշներ կ’ըսեն, կը գնահատուի մեզմէ: Տեսակ մը հայրենասիրական ահաբեկչութիւն, հիմնուած բաղդատական անիրապաշտութեան վրայ:
1918ին Հայաստանը ազատագրողը հայ զինուորն էր. անոր կարմիր արիւնն էր եւ ոչ թէ օտարին տրամադրած հրացանը: Արիւնն ու հրացանը տարբեր դերեր կը խաղան, առաձգական տարբեր կանոններու ենթակայ են, մինչդեռ ոմանց համար թուղթն ու մելանը ազդեցութիւններու տարբեր համեմատութիւններ կը ստեղծեն, թէկուզ յաճախ՝ թուղթերու եւ մելանին հանդէպ ալ անհանդուրժողութիւն կը ցուցաբերենք:
Երեւանի «Աբովեան» փողոցի մայթին վրայ՝ անուանի հայ արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու համար անուանայիշատակումի աստղեր զետեղուած են, մայթին յատակին վրայ, անոնց մշակութային արժէքը փառաբանելու համար:
Եռաբլուրի վրայ՝ գերեզմաններ ու անթաղ աճիւններու դամբարաններ կան, ազատամարտիկներու յիշատակը կենդանի պահելու համար:
Սարդարապատի մէջ խորհրդանշական յուշարձաններ կան՝ անանուն ու անծանօթ հերոսի վկայակոչման արժէքը գերարժեւորելու համար: Մեր անկախութեան գաղափարախօսութիւնը նուաճողը այդ անանուն հերոսը եղաւ: Հերոսներուն պատմութիւնը չի վերջանար, նոյնիսկ երբ կեանքի իրականութիւնը աւարտի:
Ազգային մեր գաղափարախօսութիւնն է, որ նուաճեց մեր անկախութիւնը, եւ անկախութիւնն է որ մեր գաղափարախօսութեան խորքային բովանդակութիւն տուաւ եւ տարեթիւը տարեդարձի ներկուռ կոչումի արժանացուց: Պիտի վարժուի՞նք սիրել գաղափարը, գաղափարական ընտրանքը: Որոշ բաներ պէտք է դիմագրաւուին ազգային խորհրդանիշներով. խորհրդանիշը՝ իրաւազրկուած հայրենասէրին իրաւունքն է, որ խորհրդանիշը կը վերածէ իրաւական քաղաքակրթութեան մարմնաւորումի: Թերեւս ա՛յս է պատճառը, որ կարգ մը խորհրդանիշներ կը մեկնաբանուին, ուրիշներ ալ չեն մեկնաբանուիր:
Այս ալ, գուցէ, անբացատրելի հանդուրժողականութեան մը զսպուած կիրքին հետ պէտք է կապ ունենայ:
Անկախութենէն վերջ, հերոս զինուորներ ու ակնառու քաղաքական հայրենասէր ղեկավարներ դառնացած էին իրենց եւ իրենց գործին հանդէպ հայաոճօրէն շղթայազերծուած անհիմն կշտամբանքներով եւ պատմութիւնը պարսաւող միտումնաւոր ու արուեստական ամբաստանութիւններով, ինչպէս նաեւ մէկ ոտքի վրայ կանգնած մայթային վերլուծումներու թիրախային ու թելադրուած քաղաքական յարձակումներու ենթարկուելուն համար: Ո՞ր մէկու անունը թուեմ՝ Ռուբէն Տէր-Մինասեանի, Սիմոն Վրացեանի, Կարօ Սասունիի, Կոմսի, Համօ Օհանջանեանի, Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի, Կարօ Մեհեանի, Շաւարշ Միսաքեանի, եւ դեռ բազմաթիւ ուրիշներու, ինչպէս նաեւ մեր ազատագրական յեղափոխութիւններուն մաս կազմած ու պաշտամունքային համեմատութիւն ստացած անձնազոհ խոնարհներու, հապճեպօրէն նաեւ՝ մեր վրիժառու բազուկներու հասցէին:
Փոքրաքաղաքական միտումներ:
Մարդս՝ իր խօսքին գերին կը դառնայ:
Ազգային հայեր, համահայեր, հայատիպեր, հայորդիներ եւ զրպարտութեան լեզուակռիւ…
Անճաշակ բաներ շատ կան մարդկութեան մէջ. նաե՛ւ հայերուն մէջ. մարդիկ կան, որ ընտրած են այս տարբերակին ծառայել՝ զրահապատուած կիրքերու անսանձ մոլուցքի մէջ:
Այսպիսի բաներ պատերազմներէն վերջ մէջտեղ կ’ելլեն. մանաւանդ յաղթանակներէն վերջ: Կ’ըսենք՝ մատը վէրքին վրայ դնելով:
Պատերազմները հին թէ նոր ազգային տկարութիւններ կը յայտնաբերեն՝ մարդկային զգայնութիւնները յուսախաբութեան մատնելով:
***
Մայիսեան անկախութեան ձօնուած այս գրութիւնը փակելէ առաջ, անհարկի չեմ նկատեր քանի մը նշումներ կատարելու՝ քանիերորդ անգամն ըլլալով՝ կարեւորագոյն պահ համարելը Հայաստանի Հանրապետութեան ոգերգը փոխելու մտահոգիչ ու անթոլատրելի երեւոյթին մասին յարուցուած խնդրին մասին:
Խորհրդանիշները ժամանակաւոր արժէք չունին, այլ անոնց իմաստը աւելի խորունկ է: Խորհրդանիշները ժողովուրդի մը աւանդապաշտութեան դիմագիծը կը ցոլացնեն: Օրհներգները ժողովուրդէն կը բխին եւ կը սնանին ժողովուրդի գուրգուրանքով: Դրօշներու պարագան ալ նոյնն է: Հայերը առաջին անգամ ստեղծած են դրօշի գաղափարը՝ Կիլիկեան կարմիր-կապոյտ-դեղինը: Յոյները չեն ընդունիր հայերու առաջնութիւնը այս հարցին կապակցութեամբ: Բայց պատմականօրէն ա՛յս է ճիշդը:
Ինչո՞ւ ոմանք կ’ուզեն խորհրդանիշներ փոխել: Հարցը ազգայի՞ն է, քաղաքակա՞ն է, հակադաշնակցական կեցուա՞ծք է, սխալ յարաբերականութիւն ապահովող ու երաշխաւորող հարց է, ի՞նչ է:
Յստակացնե՛նք. Դաշնակցութիւնը իր գաղափարներուն կը նոյնացնէ խորհրդանիշները, բայց չի՛ կուսակցականացներ, չի՛ կառավարեցներ, չի՛ պետականացներ: Այս ալ վկայութիւն մը՝ յանուն պատմական արդարութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան պետական օրհներգը (ոգերգը, քայլերգը, հիմնը) Հ.Յ.Դ.ի խորհրդանիշ եղած չէ: Բոլորս գիտենք, որ Հ.Յ.Դ.ն ունի իր սեփական դրօշը, իր սեփական քայլերգը, իր սեփական զինանշանը: Այս երեքն ալ ունի ինքը՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հիմնովին տարբեր խորհրդանշական պատկերացումներով, նախկին ու ներկայ օղակներու ձգողականութեամբ:
Չմոռնանք, որ Ռ.Ա.Կ.ն ու Ս.Դ.Հ. Կուսակցութիւնն ալ ունին իրենց կուսակցական խորհրդանիշները, սակայն Խորհրդային Հայաստանի գոյութեան եօթը տասնամեակներու ընթացքին, անոնք որդեգրեցին Խ. Հայաստանինը հաւատալով, որ այդ դաշտին մէջ կարեւոր ընելիք ունէին: Այս մէկը ճաշակի հարց է: Ա՛յս է տարբերութիւնը: Մի՛այն Հ.Յ.Դ.ն դիմադրեց ու պաշտպանեց երկու տարբեր խորհրդանիշները՝ պետականը եւ կուսակցականը, իւրաքանչիւրն իր համապատասխան դրսերեւոյթին համարժէք դերակատարութեան համեմատութեան իրական փաստի իմաստաւորումով:
Ոմանք կը վատաբանեն հինը: Այդ հինը սակայն պատերազմի ու յաղթանակի մը արդիւնքն է, որ ժողովուրդէն բխած է եւ միարժէքօրէն ժողովուրդին կը պատկանի:
Ամենայն տեղ մահը մի է,
մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
բայց երանի՝ որ ի՛ւր ազգի
ազատութեան կը զոհուի:
Այլընտրանքային հի՞մք, ինքնաճանաչութեան վերատեսական հեռազգայնութիւննե՞ր կը փնտռենք: Խորհրդանիշի նոր ինքնութի՞ւն, բնո՞յթ, էութի՞ւն կը փնտռենք: Ինչո՞ւ կ’ուզենք փոխել: Արդեօ՞ք որակային ոստում մը կատարելու համար անդունդին մէջ, թէ կը կարծուի, թէ միշտ բան մը որոճալը նորութիւն կը բերէ, զայն ենթարկելով մերժումի կամ ժխտումի անիրապաշտ կանոններու, որ մեր ազգային հաւաքականութիւնները ամուլ երեւոյթներու եւ տպաւորութիւններու անհեթեթ արկածախնդրութեան մը զոհ կը դարձնեն:
Հայրենակիցնե՛ր, երբ մեր օրհներգը կը լսենք, ոտքի կը կանգնինք: Ուրեմն՝ ոտքի՛ կանգնեցէք: Օրհներգը բոլոր հայերուն կը պատկանի: Ամէն շարժառիթ՝ ժամանակաւոր ու անցողակի քաղաքականութեան մը զոհ չի կրնար դառնալ: Այդ բոլորէն անդին՝ ազգային արժէքները ամէն բանէ առաջ քաղաքական քաղաքակրթութեան հարց կը դառնան, երբ մանաւանդ մեր ազգային առաւելութիւններուն հաշուեյարդարը կատարել կը փորձենք, չարաշահելով պատմութեան արժէքները:
Հաղորդակցական ծածկոյթի մը ետին թաքնուած քաղաքականութիւնը՝ անկեղծ քաղաքականութիւն չէ՛: Ազգային մշակոյթի աւելի ազնիւ ճամբաներ ալ կան, որ ինքնին կ’ազնուացնեն մեր ազգային չափանիշներու բաղդատական առաքինութիւնները առանց իրականութեան կորուստ արձանագրելու:
Մուկ ու կատուի այս խաղը տեղ մը պէտք է վերջ գտնէ…: