«Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է
ապրել հայ ժողովրդի սրտում, որպէս մշտավառ
յուշ անցեալի եւ իբրեւ կենդանի յոյս ապագայի»
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին վարչապետի ամէնէն աւելի գրուած ու արտասանուած խօսքը իր մէջ կը պարփակէ անկախութիւնը կերտած սերունդի քաղաքական պատգամը, որ մէկդարեայ իր զօրեղ հնչեղութեամբ կը շարունակէ ներշնչել ու ոգեւորել հայ սերունդները, այսօրուան անկախ Հայաստանի փաստացի եւ իրաւական լինելութեան մէջ տեսնելով 28 Մայիս 1918ի փառապանծ սխրագործութեան անմար կրակը։
Ի զուր չէր, որ հայութեան մոխիրներէն վերածնած Հայաստանը կերտող հսկաները, տասնեակ տարիներ շարունակ, հաւատացին երկրորդ արշալոյսի մը, «որուն ոտնաձայնը» տեւաբար կ՚առնէին հայրենի ժողովուրդի ծոցէն եւ լիաթոք ուժգնութեամբ վառ պահեցին Սփիւռքի մէջ հասակ նետած հայրենազուրկ սերունդներուն մօտ։
Հայ ժողովուրդը իր պատմութեան շքեղ պատուանդանին վրայ շատոնց կանգնեցուցած է 1918ի անկախութիւնը կերտող «խենդ»երու փաղանգը, անոնց, որոնք հայ մարդուն նուիրեցին այլեւս պետականօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու թանկագին պարգեւը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի երազը իրենց արեամբ նուիրականացնելով։
Փառքը վայել է Հայաստանի Անկախութեան սերունդին, որ 28 Մայիս 1918ին արժանաւոր կերպով տէր կանգնեցաւ կոտրտուած ու արիւնաքամ դարձած, «քաղաքակիրթ» աշխարհէն լքուած հայ ժողովուրդին, տալով «վերջին մարտը» ցեղասպան ոսոխին դէմ, որ միահամուռ հաստատակամութեամբ յանգեցաւ իր մոխիրներէն ծնած հայրենի Փիւնիկի կերտումին։ Սերունդ մը՝ որ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերով նուաճուած հայութեան յաղթանակը կրցաւ պսակել դարերէ ի վեր կորսուած հայոց ազգային պետականութեան վերահաստատումով եւ հայ ժողովուրդին պարգեւել արդի ժամանակներու ոգիով արդար ու ժողովրդավարական կարգերով երազելի հայրենիքի մը շօշափելի գոյութիւնը։
30 տարի կը հաշուէ վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ամէն պատմական ժամանակ իր մէջ կը պարփակէ փառքի եւ հիացմունքի այն արժէքաւոր սխրագործութիւնները, որոնք կը ներշնչեն ու կ՚ոգեւորեն հայութեամբ եւ հայրենիքի անմար կրակով ապրող սերունդները։
Եթէ, երէկ հիացանք ու քուրմերու նման պաշտամունքի արժանի դարձուցինք Մայիսեան Անկախութեան հսկայ սերունդը, այսօր նուազ ակնածանքով չէ, որ կը խոնարհինք անկախութեան սերունդի «կենդանի յոյսն ապագայի» պատգամը իրենց մէջ ամրօրէն խարսխած Արցախի ազատագրութեան եւ անկախացման համար երդուեալներու բանակին առջեւ, որ հայ ժողովուրդին պարգեւեց 1918ի հերոսապատումին համազօր՝ մեր արծուաբոյն Արցախի փաստացի վերադարձը իր իրաւատիրոջ՝ հայ ժողովուրդին։
30 տարիներու գլորումին մէջ, անկախ պետականութեան ոգին կը շարունակէ զարգանալ եւ կազմել հայ ժողովուրդի դարաւոր գոյութեան միակ եւ անժխտելի երաշխիքը։ Այսօրուան անկախ հայրենիքի վերապրումի իմաստը արժանաւորապէս խարսխուած է 1918ին հիմնուած պետականութեան վրայ, որպէս շարունակութիւն եւ յարատեւ զարգացում ժողովուրդներու լինելութեան այն կենսափորձին, որ խախտած էր վեց դարերու ստրկութեան մէջ, եւ հրաշքի համազօր «պատմական մոմենտին» հայ մարդուն տուաւ միջազգայնօրէն իր սեփական հողին վրայ ապրելու երաշխիքը։
Այսօրուան Հայաստանը, իր Արցախով եւ Սփիւռքով, կանգնած է «անցեալի մշտավառ յուշով դէպի յոյսի ապագան» նայող եւ քարուղիի նմանող՝ դժուար, բայց հայրենակերտ ճամբուն վրայ։
Մայիսեան Անկախութեան կերտումին համազգային այս սխրանքի ոգեւորութեան օրերուն, չենք կրնար նաեւ անտեսել այն բոլոր մարտահրաւէրներն ու խոչընդոտները, որոնք երեսուն տարիներէ ի վեր ծառացած են մեր առջեւ։
Արցախի հիմնահարցի լուծման համար հատուցած արեան գինէն, մինչեւ վտանգաւոր կերպով ուռճացած հայրենիքէն արտահոսքը, տակաւին՝ հայոց լեզուի միասնական ուղղագրութեան վերականգնումին համար թոյլ եւ անհասկնալի կեցուածքներէն, Սփիւռքին հանդէպ տատամսող անստոյգ քաղաքականութեան մը որդեգրումէն, Ա.Պ.Հ. երկիրներուն մէջ կորստեան մատնուած հսկայածաւալ սերունդներուն հայեցի կրթութիւն պարգեւելու դժկամութենէն, մինչեւ Սփիւռքի մաշումին եւ արեւմտահայերէնի կորուստին ականատես ըլլալու իրողութիւնը, անգամ մը եւս համազգային օրակարգի վերականգնումը եւ անոր յաջող պսակումին համար ամբողջ հայութեան ուժերու ընդգրկումը կը շարունակէ մնալ հրամայական եւ անյետաձգելի։
Այս բոլորի կողքին, Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած հայ ժողովուրդի հողային եւ մշակութային ամբողջականութեան վերականգնումի այժմէականացումը, համահայկական օրակարգի առաջնակարգ եւ առիւծի բաժինը ստացող համազգային պահանջն է, որ վերեւ նշուած մարտահրաւէրներուն լուծում պարգեւելու երաշխիքը պիտի դառնայ՝ հայրենահաւաքի եւ հայրենակերտումի տեսլականի իրագործման մէջ։
Այս բոլորը կը պահանջեն, որ հայրենի քաղաքական միտքը վեր ելլէ մանր ու մաշեցնող քաղաքական հաշուարկներէն, պետական այրերուն եւ հայութեան իրական քաղաքական հոսանքներուն միջեւ համահայկական օրակարգի մշակումին ու գործադրութեան մէջ համերաշխ կենսաւորումի մը համաձայնութեամբ։
Հայոց պետութիւնը, համադրողի իր դերով, հայութեան նպատակներու նուիրագործողի անժխտելի իր դերակատարութեամբ, Վրացեաններու սերունդի պատգամին անանձնական օրինակով, հայրենազուրկ հայութեան «ապագայի յոյսը» կենդանի պահելու համազգային պարտաւորութեան տակ կը գտնուի։
Այսօր, աւելի քան երբեք, քաղաքական եւ ազգային անժխտելի արժէք պարփակող Ակնունիներու «Դէպի Երկիր» մաքրամաքուր կարգախօսի որդեգրումը կը դառնայ հաւասարապէս այժմէական եւ պարտաւորիչ։
Համազգային պարտականութիւն՝ հայ ժողովուրդի ապագայի միակ երաշխիքը։
Հայ քաղաքական միտքը պէտք չէ թոյլ տայ որ մսխուի 28 Մայիս 1918ի հերոսապատումի այսօրուան արգասիքը հանդիսացող մերօրեայ հայրենի պետականութեան անգնահատելի հարստութիւնը։ Այն պէտք է հարազատ սեփականութիւնը դառնայ համայն հայութեան, իր համազգային արժէքին մէջ պանծացնելով Մայիսեան խորհուրդը, բոլոր դերակատարներու պետական կենսափորձի պատմական լիարժէք գնահատումով։
28 Մայիս 1918ի ամբողջական խորհուրդը առաջնորդող ուժը եւ շարժիչ քամին թող հանդիսանայ հայ ազգին համար՝ հայրենակերտումի եւ հողակերտումի վախճանական իր «Իթաքան» հասնելու նաւարկութեան մէջ։
«Ազատ Օր»