Ընթերցասիրութիւնը, Անի Աբիկեանի նոր լոյս տեսած
«Գոյնզգոյն մոլորակը» եւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային
վարժարանի Ծնողական միութեան կազմակերպած
գիրքերու ցուցահանդէսի բացումը
Ընթերցասիրութեան բառեզրը դրականապէս կը յղէ յստակացուած յարաբերութեան ընթերցողին եւ գիրքին միջեւ: Շատ են գործունէութիւնները, որ կրնան ըլլալ՝ ի յայտ բերելու գիրքին այժմէական արժէքը եւ քաջալերելու ընթերցասիրութիւնը: Ներկայ ժամանակներուն պէտք է հետեւիլ ու ճիշդ ձեւով մօտենալ հայ երեխաներուն, խօսելով իրենց լեզուով եւ հասկնալով իրենց կարիքները:
Հայ մանուները մեր ապագան են եւ պէտք է հոգանք այս լուրջ իրականութեան համար՝ անոնց մատուցանելով բոլոր անհրաժեշտ հիմերը եւ մշակելով ընթերցասիրութիւնը՝ մատղաշ տարիքներէն սկսեալ: Յարմար վայրը՝ բացի իրենց մտերիմ ու ընտանեկան վայրէն դպրո՛ցն է, օճախ մը՝ ուր կրնայ մշակուիլ սէրը մեր հայկական գիրքերու հանդէպ:
Գիրքերու աշխարհը կախարդական է: Երեխաները պէտք է անոնց ծանօթանան, սիրեն եւ սորվին ընտրել, որովհետեւ էջերուն ընդմէջէն մարդկայնական մշակոյթի մասնակից պիտի դառնան: Կապը հեղինակներուն հետ, երեւակայութեան սահմաններու փնտռտուքը, ստեղծագործական խաղը բառերով ու նկարներով, յօրինող պատմութիւնները՝ համակցուած եղանակներով, թատրոնով եւ գծագրութիւնով կրնան գրաւիչ ըլլալ: Նպատակը միանշանակ է եւ յատկապէս կարեւոր.երեխաները գիրքե՛րը սիրել ու մանաւանդ հայկական գիրքերուն հետ շփուիլ:
Երեխաները, որ կը սիրեն ընթերցել, ապագայի մտածող չափահասներ կը դառնան՝ մշակոյթ ունեցող աշխարհի քաղաքացիները:
Դպրոցական գրադարանները շատ բան կը մատուցանեն եւ պէտք է շարունակ ճոխանան նոր գիրքերով: Սակայն, դպրոցական գրադարաններէն զատ ընթերցասիրութեան զանազան գործունէութիւններ ալ պէտք է ըլլան, գրաւելու երեխաներուն հետաքրքրութիւնը գիրքերուն հանդէպ եւ մշակելու սէրը անոնց հանդէպ:
Ընթերցասիրութեան ծիրէն ներս՝ ինչպէս ամէն տարի Հ.Կ.Խ.-ի «Զաւարեան» վարժարանի ծնողական միութիւնը օրինակելի ձեւով կազմակերպած էր գիրքերու վաճառք – ցուցահանդէս «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահներուն մէջ՝ առիթ ընծայելով հայ մանուկները գիրքին մօտեցնել ու գիրք ընտրելու կարելիութիւնը տալ: Հայ աշակերտներուն համար, ալ աւելի հետաքրքրական եւ հաճելի է գիրքի ցուցահանդէսի գործունէութիւնը, որովհետեւ աշակերտները միասնաբար առիթը ունին այցելելու ցուցահանդէսի սրահը, մեկնաբանելով ու զրուցելով իրենց միջեւ, բայց մանաւանդ՝ հասուն ու լուրջ բնաւորութիւն մը կ՚որդեգրեն գիրքին հանդէպ:
Սակայն, սոյն գործունէութեան հայկական գիրքերու տրամադրուած ճոխ հաւաքածոն կարեւոր եւ արժէքաւոր շեշտ մը կը դնէ այս ձեռնարկութեան, առիթ տալով ո՛չ միայն հայ աշակերտին, այլեւ հայ չափահասին մօտենալ ու ճանչնալ հայ գիրին, ըմբոշխնել հայ գրականութեան աշխարհը, վայելելով զանազան գրաւիչ գիրքեր Սփիւռքի տարածքէն:
Հարկ է նշել թէ՝այս տարի ցուցահանդէսի սրահէն ներս իւրայատուկ տեղ մը գրաւած է նոր լոյս տեսած մանկական դաստիարակչական հեքիաթը մը՝ «Գոյնզգոյն մոլորակը»՝ որուն հեղինակն է Անի Աբիկեան (Հ.Կ.Խ.-ի Գոքինիոյ «Զաւարեան» ազգային վարժարանի «Հայաստան Ուշալգլեան» մանկապարտէզի վարիչ մանկապարտիզպանուհի):
Անի Աբիկեան «Գոյնզգոյն մոլորակը» հեքիաթով Պոլսոյ «ՓՈՔՐԻԿ» հեքիաթարանի (pokrig.org) կազմակերպած հեքիաթահաւաքին մասնակցեցաւ: Հեքիաթահաւաքին 6 երկիրէն 39 գրող 50 հեքիաթով մասնակցեցաւ: Անի Աբիկեանի հեքիաթը ամէնէն գրաւիչներէն մէկը ըլլալով՝ մրցանակի արժանացաւ Մայիս 2022-ին:
«Գոյնզգոյն մոլորակը» իր բովանդակալից եւ օգտակար նիւթով, թափանցիկ լեզուով, բայց եւ հարուստ բառապաշարով ու գրաւիչ նկարազարդումով՝ փոքրիկ ընթերցողներուն կը ծանօթացնէ տիեզերքը: Գործածուած երեւակայութիւնը եւ տրամաբանութիւնը գիտութեան ընդմէջէն, բայց եւ նաեւ մտերմութեան եւ արդար խաղին արժէքը՝ առիթը կ՚ընծայէ փոքրիկ ընթերցողներուն՝ գիտելիքներ ստանան տիեզերքի մասին. յատկապէս յայտնաբերման միջոցով, շօշափելով մտքի եւ սրտի տրամաբանութիւնը:
Շաբաթ, 3 Դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցած գիրքի ցուցահանդէսին բացման ընթացքին «Զաւարեան» վարժարանի Ծնողական միութեան նախաձեռնութեամբ՝ Անի Աբիկեան փոքրիկ ու մեծ ընթերցողներուն ուղեւորեց դէպի «Գոյնզգոյն մոլորակի» կախարդական տիեզերքը:
Մեծ թիւով փոքրիկներ ներկայ գտնուեցան այս համեստ ներկայացումին: Ջերմ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ, հեղինակը խաղի ձեւով նկարագրեց այս հեքիաթին ներշնչման աղբիւրները, հրաւիրելով փոքրիկներուն ալ մասնակից դառնալու երգախաղի մը ընդմէջէն սոյն նկարագրութեան՝ նշմարելով գոհունակութիւն մը իրենց աչքերուն մէջ: Ներկայացումը շարունակուեցաւ երաժշտական թատերագրութիւնով մը, ուր ընկերակցող հեքիաթային եղանակները եւ տեսերիզները՝ ներկաներուն կը փոխադրէին հեքիաթին կախարդութեան եւ հմայքին մէջ: Նաեւ՝ փոքրիկներուն մասնակցութիւնը գնահատելի էր, երբ տեղի ունեցաւ միջանկեալ խաղ մը, որու ընթացքին երեխաները ստեղծագործական միտքով եւ մե՜ծ յաջողութեամբ կրցան մօտենալ հեքիաթին: Խաղ մըն էր, որու ընթացքին գրեթէ բոլոր ներկայ երեխաները զանազան գաղափարներ կու տային ու ենթադրութիւններ կ՚ընէին հեքիաթին կեդրոնական նիւթին շուրջ. բայց այս բաժինին շքեղութիւնը կը գտնուէր իրենց փոխազդեցութեան մէջ: Ապա՝ պատմումի ընթացքին երեխաները ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին հեքիաթին առաջին բաժինները:
Ներկայացման աւարտին՝ բոլոր ներկայ գտնուող երեխաները խումբերու բաժնուեցան ու թատերագրութեան խաղերով եւ ընկերակցող եղանակներով տիեզերական մթնոլորտ մը ստեղծեցին, կենդանացնելով հեքիաթին կախարդական աշխարհը:
Յաջորդած ձեռարհեստի աշխատանոցը երեխաներուն դարձեալ առիթը ընծայեց դրօշմելու իրենց տպարութիւնները գեղեցիկ ստեղծագործութիւններով:
Եզրափակելով՝ երեխաներուն համար գիրքը լաւ ընկեր մըն է, սիրելի ուղեկից եւ աջակից: Միաժամանակ հաղորդակցման հաճելի միջոց մըն է, որ երեխային կ՚ուղեւորէ թէ՛ երեւակայական, թէ՛ գոյութիւն ունեցող աշխարհներու: Չափահասները կը պարտին այն ուղեւորութեան մղել երեխաները ու տրամադրել բոլոր անհրաժեշտութիւնները մշակելու սէրը գիրքին հանդէպ՝ քաջալերելով անոնց զարգացումը:
Գիրքը մշակոյթ մըն է, բայց հայ մանուկներուն համար հայ գրականութիւնը եւ հայ գիրքը այն լուսաւոր կամուրջն է, որ երեխաները պիտի ուղեւորէ դէպի հայութեան ապագան: Անոնց պէտք է տրուին բոլոր կարեւոր տեղեկութիւններն ու միջոցները որպէսզի ընթերցասէր սերունդներ պատրաստուին:
Թող հայ օճախները եւ հայկական դպրոցները լեցնեն գրադարանները հայկական գիրքերով ու ճիգ չխնայեն մօտեցնելու հայերէն գիրքն ու հեքիաթը հայ մանուկին: Հայերէն գիրքի ու գիրի ուժը միանշանակ է՝ ո՛չ միայն դիմագրաւելու այսօրուան լուրջ մարտահրաւէրները, այլ ապահովելո՛ւ ու աճեցնելո՛ւ մեր հայ գրականութիւնը:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ