Գեղեցիկ, տպաւորիչ ու ոգեւորիչ։
Այս բառերով կարելի է բնութագրել Համազգայինի «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու ելոյթը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 6 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, Այիա Փարասքեւիի Ամերիկեան Գոլէճի սրահին մէջ։
Ներկայ էին Յունահայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Հ.Հ. դեսպանութեան հիւպատոս պրն. Տիգրան Վարդանեան եւ դիւանագիտական անձնակազմի անդամներ տիկին Աննա Մկրտչեան եւ տիկին Արմինէ Ալեքսանեան, Ազգային վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Կ. կոմիտէի, Հայ Կապոյտ Խաչի ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. վարչութիւններու ներկայացուցիչ անդամներ եւ վեց հարիւրէ աւելի հանդիսատեսներ։
Հայ մշակոյթը մեր ժողովուրդի պատմութեան ու գոյատեւման հիմքերէն մին կը հանդիսանայ։ Իսկ հայկական պարը, անոր կարեւոր մէկ մասնիկն է։ Սոյն գաղափարով շաղախուած ու աճած Համազգայինի պարախումբերու պատանիներն ու երիտասարդները, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, իրենց սիրելի պարուսոյցին` ընկ. Էտկար Էկեանի, ընկերուհի Աննա Պօղոսեանի եւ օգնականներուն, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեան գլխաւորութեամբ, լծուեցան իրենց նուիրական առաքելութեան։ Պարախումբերու դպրոցական, համալսարանական, աշխատաւոր կամ գործատէր անդամներու երկար ամիսներու հետեւողական, հոգնեցուցիչ ու համբերատար փորձերը ի վերջոյ հասան իրենց գեղեցիկ արդիւնքին ու նպատակին։ Առանց նուիրումի ու զոհողութեան կարելի չէ պահել մշակոյթը։
Բացման խօսքը կատարեց ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան։ Ան նախ հրաւիրեց ներկաները, մէկ վայրկեանի յոտընկայս լռութեամբ յարգելու, Համազգայինի ընտանիքի երկար տարիներու վաստակաւոր անդամ Միքայէլ Տիլսիզեանի մահուան յիշատակը։ Ետքը ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ պարի ելոյթի մասին յայտնելով, որ «Անիծուած Նուռը» խորագիրով պարի ելոյթի ծրագիրը մշակուած էր անցեալէն։ Քորոնա համաճարակը սակայն պատճառ դարձաւ ձեռնարկի յետաձգման։ Այսպէս ուրեմն, պարտադրական դադարէ մը ետք, Համազգայինի պարի յանձնախումբը ու «Նայիրի», «Նանոր» եւ «Մարալօ» պարախումբերու անդամները լծուեցան ելոյթի պատրաստութեան կարեւոր ու տքնաջան աշխատանքին։
Ան յատուկ զգացումներով ու քաղցր յիշատակներով լեցուած յայտնեց, թէ «Անիծուած Նուռը» պարի ելոյթը, նուիրուած է Համազգայինի 1995-2015 երկար տարիներու արուեստագէտ ու վաստակաւոր պարուսոյց` Յովիկ Խաչիկեանի յիշատակին։ Համազգայինի կողմէ սոյն նախաձեռնութիւնը, երախտագիտութեան զգացումի մեծագոյն արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ, ի դիմաց Յովիկ Խաչիկեանի թողած մեծ ներդրումին ու հարուստ վաստակին։ Մօտ երկու տարիներ առաջ, անողոք մահը զինք խլեց այս աշխարհէն ու Համազգայինէն։ Աւարտին ան յատկապէս գնահատեց Յովիկ Խաչիկեանի աշակերտ եւ ներկայի պարուսոյց ընկ. Էտկար Էկեանի 12 տարիներու պարախումբէն ներս կամաւոր ծառայութիւնը։ Ինչպէս նաեւ բոլոր այն ծնողները, որոնք կը քաջալերեն ու կը մղեն իրենց զաւակները դէպի Համազգայինի պարախումբերը։
Պարի ելոյթին առաջին մասը կ’ընդգրկէր շարք մը հայկական պարեր։ Դադարէն առաջ, պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ պարուսոյց Յովիկ Խաչիկեանի գործունէութենէն բաւական նկարներ։ Ապա ներկայացուեցաւ յատուկ պար մը, որուն մաս կազմեցին նաեւ անցեալի իր աշակերտները։ Աւարտին ընկ. Անդրանիկ Շահպազեան բէմ հրաւիրեց պարուսոյցի զաւակը պրն. Յարութ Խաչիկեանը, յաձնելու անոր Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի առաջին յուշատախտակը նուիրուած Յովիկ Խաչիկեանին։ Հարկ է նշել, թէ պրն. Յարութ Խաչիկեան եւս անցեալին մաս կը կազմէր Համազգայինի պարախումբին։
Ելոյթին երկրորդ մասը պարերով թատերական ներկայացում մըն էր։ Պատմութիւնը առնուած էր 451 թուականէն։ Պարսիկները պատերազմ հռչակած էին առաջին քրիստոնեայ երկրին` Հայաստանի դէմ։ Եւ հայ ժողովուրդի հերոս զաւակները, գլխաւորութեամբ քաջն Վարդան Մամիկոնեանին, ամէն գնով կը պաշտպանէին իրենց սուրբ հողը։ Թատերական կտորը, յատուկ կեր-պով լուսարձակի տակ կ’առնէր, պատերազմելու համար հայրենիք վերադարձած հերոս Արային ու սիրած աղջկան Թամարին սիրային պատմութիւնը։ Երջանիկ ու գեղեցիկ ապագայ խոստացող սոյն զոյգը սակայն կ’ունենան ցաւալի վախճան մը։ Արան անգիտակցաբար իրենց գիւղի անիծուած նռենիի ծառէն նուռ մը կը հրամցնէ Թամարին։ Եւ այդ մէկը պատճառ կը դառնայ անոր սիրահարի մահուան։ Թատերական պատմական կտորին ընթերցանութիւնը կատարեց ընկ. Տիգրան Սէլիմեան։
Համազգայինի «Նանոր», «Նայիրի» եւ «Մարալօ» պարախումբերու անդամները, համաչափ ու գեղեցիկ կերպով ներկայացուցին պարերն ու թատերական կտորը։ Անոնք ինքնավստահութեամբ բէմ բարձրացան, ճակատները բարձր, դէմքերնին փայլուն ու ժպտուն։ Իրենց ոտքերը բեմին վրայ ամուր կերպով հաստատեցին եւ պարերը լաւագոյն ձեւով ներկայացուցին։ Բոլորի դէմքերուն վրայ յայտնի էր, հայկական պարը հարազատ ապրումով ու գոյներով ներկայացնելու զօրաւոր տենչը։
Պարի ելոյթի աւարտին, հանդիսատեսները շատ-շատ երկար ծափահարեցին բեմին վրայ կանգնողներուն համար։ Բոլորին մօտ շատ յստակ էր, Համազգայինի պարախումբերու անդամներուն, պարի յանձնախումբին, պարուսոյցին ու Շրջ. Վարչութեան կատարած կազմակերպչական հսկայական աշխատանքին փայլուն ու խօսուն արդիւնքը։
Բոլորը անխտիր զգացին ու բաժնեցին բեմին վրայ կանգնողներուն նուիրումի ոգին, տարած մեծ ջանքը եւ գնահատանքի արժանանալու արդար իրաւունքը։ Այդ իսկ պատճառով, հանդիսատեսները ամբողջ սրտով ու հոգիով ծափահարեցին, բարձր գնահատեցին ու ջերմօրէն շնորհաւորեցին անոնց։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԹՂԹԱԿԻՑ