Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 17 ­Յու­նո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Յու­նաս­տա­նի թա­տե­րա­կան ա­րո­ւե­տի յայտ­նի դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­թի­նա Ա­լէք­սա­նեա­նի հրա­ւէ­րին, Ա­թէն­քի «ԱԼ­ԹեՐԱ ՓԱՐՍ» թա­տե­րասրա­հին մէջ ներ­կայ գտնո­ւե­ցան նոյ­նինքն Խ­րիս­թի­նա Ա­լէք­սա­նեա­նի կող­մէ ճար­տա­րօ­րէն բե­մա­կա­նա­ցո­ւած «Ան­ժել ­Քուր­թեա­նի տետ­րակ­նե­րը» յու­շագ­րա­կան գիր­քին թա­տե­րա­կան մե­նա­կա­տա­րո­ղու­թեան։
­Հան­դի­սա­տես­նե­րուն ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան, Ան­ժէլ ­Քուր­թեա­նի յու­շե­րուն ընդ­մէ­ջէն, 1915ին հայ ժո­ղո­վուր­դի կրած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ­Փոքր Ա­սիոյ ար­հա­ւիրք­նե­րը եւ գաղ­թա­կա­նու­թեան ի­րա­վի­ճա­կը, ինչ­պէս նաեւ՝ գող­գո­թա­յէն վե­րապ­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ան­կոտ­րում կամ­քը պատ­կե­րաց­նող պա­հեր՝ շուրջ մէ­կու­կէս ժա­մու միակ­տուր մե­նա­կա­տա­րո­ղու­թեամբ եւ դե­րա­սա­նա­կան վար­պե­տու­թեամբ:
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րե­ցին Խ­րիս­թի­նա Ա­լէք­սա­նեա­նին իր այս թէ՛ թա­տե­րա­կան ներ­կա­յաց­ման յա­ջո­ղու­թեան եւ թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար դա­տը բե­մի ճամ­բով յոյն հա­սա­րա­կու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լուն հա­մար։
Խ­րիս­թի­նա Ա­լէք­սա­նեան խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թեամբ եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ ըն­դու­նեց ներ­կա­յու­թիւնն ու գնա­հա­տան­քը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նաեւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց ծա­նօ­թա­նա­լու ­Յու­նաս­տա­նի մէջ հան­րա­ծա­նօթ եւ հայ մշա­կոյ­թը ար­ժե­ւո­րող եր­կա­րա­մեայ ե­րաժշ­տա­կան վաս­տակ ու­նե­ցող ե­րա­ժիշտ ­Հայկ Եա­զը­ճեա­նին եւ գնա­հա­տեց իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը թա­տե­րա­կան սոյն ներ­կա­յաց­ման։